Կիրակի, 30. 06. 2024

spot_img

Լրագրող Լէօ Նիկոլեան 22 Օրերէ  Ի Վեր Կը Մնայ Զուարթնոց Օդակայանի Սրահը, Մարդկային Արժանապատուութեանը Հակասող Պայմաններու Մէջ

Մեր թերթին խմբագիրը այս առիթով կոչ-նամակով մը դիմած է առնչուած կողմերուն. Նամակը կը հրապարակենք ստորեւ.


ՀՀ Արդարադատութեան Նախարար

պարոն Գրիգոր Մինասյանին

Հասցէ՝ 0010 ք. Երևան, Վազգեն Սարգսյան 3/8

ՀՀ Առողջապահութեան Նախարար

տիկին Անահիտ Ավանեսյանին

Հասցէ՝ 0010 ք. Երևան, Կառավարական տուն #3

ՀՀ Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար՝

պարոն Արայիկ Հարությունյանին

Հասցէ՝ ք․Երևան, Հանրապետութեան հրապարակ, Կառավարական տուն 1

ՀՀ մարդու իրավունքների պաշտպան

տիկին Անահիտ Մանասյանին

Հասցէ՝ ք․Երևան, Նալբանդյան փ. 104

Կրկնօրինակը՝ ի գիտութիւն

ՀՀ մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան Արտակարգ և լիազօր դեսպան
Ն.Գ. տիկին Մայա Դաղերին

Հասցէ՝ ք․Երևան, Ձորագյուղ փող., 13/14

Կրկնօրինակը՝ ի գիտութիւն

ՀՀ մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան  Արտակարգ և լիազօր դեսպան
Ն.Գ. տիկին Անն Լույոյին

Հասցէ՝ ք․Երևան, Գրիգոր Լուսաւորչի փող., 8

Սեւակ Յակոբեանէն՝

Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի

Գլխաւոր խմբագիր

14.05.2024թ.

          Յարգելի տիկնայք եւ պարոնայք,

Սոյն թուականի Ապրիլ  22-ին ՀՀ Զուարթնոց օդակայան հասած է լրագրող-գործընկեր, Լիբանանի եւ Ֆրանսայի հանրապետութիւններու քաղաքացի,  հայազգի՝  Լէօ Նիկոլեանը:

Սահմանակէտին, ՀՀ պատկան մարմինները ի զարմանս իրեն,  մեր հայրենակիցին տեղեկացուցած են, որ իր մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն արգիլուած է, հիմք ընդունելով «Օտարերկրացիների մասին» օրէնքի 8-րդ յօդուածի, 1-ին մասին «գ» եւ «զ» կէտերու պահանջները, զինք համարելով ՀՀ տարածք մուտք գործելու համար անցանկալի անձ:

Լէօ Նիկոլեանի կողմէ լիազօրուած փաստաբան Հ. Ավագյան այս ուղղութեամբ անմիջապէս՝ 23.04.2024-ին, գրաւոր հարցում ներկայացուցած է ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէնին, հասկնալու համար Նիկոլեանի մուտքի արգելքին պատճառը: Արդարեւ, յարգելի փաստաբանը, 26.04.2024 թուակիր պատասխան մը ստացած է պետական տուեալ հաստատութենէն (պատասխանը կը կցեմ այստեղ), որուն մէջ հիմնականին մէջ նշուած է, որ  կարելի չէ փաստաբանի հարցին պատասխանել «տեղեկատուութեան ազատութեան մասին» ՀՀ օրէնքին հիման վրայ, որովհետեւ Լէօ Նիկոլեանին ՀՀ մուտքին արգելքին հիմք հանդիսացող տեղեկութիւնները «հանդիսանում են պետական գաղտնիք»…:

Մինչ այդ Նիկոլեան անարդար նկատելով իր հանդէպ կիրառուած միջոցառումը եւ բողոքելու համար անոր դէմ, մերժած է Զուարթնոց օդակայանը լքելով վերադառնալ Ֆրանսա, միեւնոյն ժամանակ հացադուլ յայտարարելով:

Ահաւասիկ արդէն 22-րդ օրն է, որ մեր հայրենակիցը կը մնայ Զուարթնոց օդակայանի սրահը, մարդկային արժանապատուութեանը հակասող պայմաններու մէջ, այնտեղէն անցնող ճամբորդներու տեսողութեան տակ, ուր ան յամառօրէն կը շարունակէ իր յայտարարած հացադուլը:

Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ եւ անկախ տուեալ իրավիճակին տուն տուող ամէն հանգամանքէ, պայմաններէ, դաւադրութեան տեսութիւններէ եւ օրէնքներու յօդուածներէ, մարդ արարած մըն է Նիկոլեան, առաւել եւս հայորդի մը, որուն այդ վիճակին մատնելը պատիւ չբերեր մարդկային արժանապատուութիւնն ու արժէքները գնահատող ոեւէ կողմի: Յիշեցնեմ, որ լրագրողի իր մասնագիտութեան բերմամբ եւ որպէս հայրենասէր անձ, Լէօ Նիկոլեան իր լրագրական կեանքին ընթացքին, նոյնիսկ սեփական կեանքը վտանգելով ջանք ու ճիգ չէ խնայած Հայ դատն ու Արցախի հիմնախնդիրը բարձրաձայնելու միջազգային մամուլին մէջ:  Տեղին է նաեւ արձանագրել, որ ըստ իր նշած տուեալներուն, Նիկոլեան ախտաճանաչուած է, որպէս քաղցկեղով հիւանդ անձ:

Հետեւաբար, սոյն նամակով կը դիմեմ ձեզի, ձեր գլխաւորած հաստատութիւններուն համապատասխան մարմիններուն ինչպէս նաեւ ձեր միջնորդութեամբ եւ գործուղումով  առողջապահական ու սոցիալ-հոգեբանական համակարգի արհեստավարժ մասնագէտներու միջոցաւ եւ օգնութեամբ,  անյապաղ համապատասխան միջոցառումներու ձեռնարկել վերջ տալու այս անցանկալի վիճակին, որ ոչ միայն երեւութապէս անպատուաբեր, անհաճոյ  եւ տգեղ է, այլ՝ կը սպառնայ մարդկային կեանքի մը, որուն հանդէպ բոլորս ունինք հաւաքական պատասխանատուութիւն:

Յարգանքով՝

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին