Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՀՀ Դեսպանները Տուեալ Պահի Իշխանութենէն Վեր եւ Անդին, Կը Ներկայացնեն Մեր Ազգային Պետականութիւնը

Բոլորիս ծանօթ է արդէն վերջերս Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած մեր ազգին ու հայրենիքին պատիւ չբերող միջադէպը, որ հերթական վարկաբեկումի դրուագ մըն էր ուղղուած հայահոծ տարբեր երկիրներու մէջ գործող ՀՀ դեսպաններու նկատմամբ:

Արդարեւ Կիրակի 21 Ապրիլ 2024-ին, Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնին կողմէ Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած յուշահանդէսը նախորդող ընդունելութեան ընթացքին, շարք մը բարձրաստիճան հիւրերու ներկայութեամբ, ՀՅԴ-ի անդամ կարգ մը երիտասարդներ փորձած են անպատուել ՀՀ ազնուաշուք տիկին դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանը:

Նշեալ դէպքին վրայէն թեթեւութեամբ կարելի չէր անցնիլ մանաւանդ, որ ան սկսած է կրկնուող երեւոյթ հանդիսանալ: Հիմնուելով այս փաստին սոյն սիւնակով այսօր կ՛արձանագրենք հետեւեալները.

Ա. Հակառակ մեր ալ վերապահութեան ինչ կը վերաբերի ՀՀ ներկայ իշխանութեան, որուն հանդէպ մեր քննադատական եւ անզիջող կեցուածքը յստակօրէն կ՛արտացոլայ մեր թերթին էջերուն մէջ, մենք կը սեպենք, որ տուեալ երկրի մը մէջ գործող ՀՀ դեսպանը կը ներկայացնէ մեր ազգային  պետականութիւնը, որուն անպատւումը տուեալ դեսպանին անձին ու ներկայ իշխանութենէն անդին, կը վարկաբեկէ մեր պետութիւնը հաչս օտարին:  

Բ. Դիւանագիտական համակարգ մը կը ծառայէ իր ներկայացուցած երկրին, ո՛վ որ ալ ըլլայ տուեալ պահու իշխանութիւնը: Աւելին, տուեալ դեսպան մը, ինքը անձնապէս կրնայ ջատագովը չըլլալ տուեալ ներկայ իշխանութեան: Հայաստանի պարագային այս բանը կարելի է ապացուցել քուէներու համեմատաբար այն ճղճիմ թիւով, որ 2021 թուականին ՀՀ ներկայ իշխանութիւնները ստացան արտերկրի մէջ գործող դեսպաններուն քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք:

Գ. Գանատայի, ԱՄՆ-ներու, Եւրոպայի կամ Մերձաւոր Արեւելքի փողոցները կամ հայապատկան սրահները  Հայաստանի իշխանութեան դէմ մեր ցանկացած բողոքի կամ հաշուեպահանջի դաշտերը չե՛ն, այլ նոյնինքն ՀԱյաստանի մէջ գտնուող ՀՀ կառավարութեան Ազգային Ժողովի, Կառավարութեան կամ իշխանութիւնը ներկայացնող համապատասխան  շէնքերու տարածքներն են ճիշդ հասցէները նմանօրինակ ցոյցեր կազմակերպելու կամ կեցուածքներ արտայայտելու: Հետեւաբար ամէն բողոք կամ շարժում պէտք է տեղափոխել իր ճիշդ «մարտադաշտը»… «ո՛վ որ քաջ է ի՜նչ կը սպասէ»: Հակառակ պարագային մեր նմանօրինակ արարքները միայն ուրախութիւն կրնան պատճառել մեր թշնամիներուն:

Դ. Նշեալ տխուր միջադէպով, խախտուած է հիւրընկալութեան ընդունուած կարգը, որ մեզի կը պարտադրէ յարգել մեր հիւրերը: Այս պարագային, աւելի եւս, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ  տիկին դեսպանը հրաւիրուած եղած է խօսք առնելու տուեալ միջոցառմանը: Աւելին, ձեռնարկը խանգարողները եղած են պատկանելիութեամբ նոյնինքն Հայ Կեդրոնի շրջապատի անձիք:

Ե. Խախտուած է նաեւ գործընկերութեան կարգը: Նշեալ ձեռնարկը Հայ Կեդրոն-ականներու ձեռնարկը չէր, այլ՝ Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնին, որ կ՛ընդգրկէ համայնքի բաղկացուցիչ բոլոր կողմերը: Հետեւաբար, նմանօրինակ պահուածք կազմակերպիչներէն մէկուն կողմէ կը վիրաւորէ, ո՛չ միայն տիկին դեսպանը, այլ՝ ձեռնարկի կազմակերպիչ միւս բոլոր կողմերը: (Կցուած նկարին կեդրոնը՝ տիկին դեսպանը Գանատահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ):

Զ. Արդարեւ նշեալ Միացեալ Մարմնի գործընկերներէն մին՝ ՍԴՀԿ-ի տեղական մարմինները այս միջադէպին առնչուած յայտարարութիւն մը հրապարակած են, դատապարտելով կարգ մը ՀՅԴ-ականներու ամօթալի արարքը: Նշեալ յայտարարութեան բովանդակութեան մէջ ի զարմանս մեզի ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ բառ հասկացողութիւնը փոխարինուած էր ընդամէնը Եղեռն-ով, բան մը, որ մեր մօտ լուրջ հարցադրումներ կը յառաջացնէ:

Աւարտին, ներողութիւն հայցելով ՀՀ տիկին դեսպան ՆԳ Անահիտ Յարութիւնեանին եւ իր միջոցով՝ ՀՀ դիւանագիտական ամբողջ անձնակազմին, ինչպէս նաեւ այս միջադէպէն վիրաւորուած իւրաքանչիւր արժանապատիւ հայորդիին,  աւելի քան կը ցաւինք այս հերթական խայտառակութեանը համար:

Աւարտին, կը մնայ յիշեցնել առ որ անկ է, որ իշխանութիւնները յաւերժական չեն, այլ՝ Հայրենիքն է մշտնջենականը:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին