Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Ամէն Բան Ըսուած Է

Փոխան Խմբագրականի

Արցախցի Պատանիին Նամակը Իր Մէջ Կը Խտացնէ

Անցնող Տարուան Ամբողջ Ողբերգութիւնը

Գրասեղանիս ետեւ նստած երբ կը պատրաստուէի գրել մեր թերթին այս տարուայ վերջին խմբագրականը, որուն վերնագիրն ու բովանդակութիւնը տարեվերջի մը մեր աւանդականը պիտի ըլլար՝ «Հաշուեյարդար. Ի՞նչ Ըրինք, Ի՞նչ Չկրցանք Ընել, Ի՞նչ Պիտի Ընենք», երբ դէմս յայտնուեցաւ լրագրող գործընկերուհիի մը ֆէյսպուքի էջին վրայ տեղադրուած՝ Արցախցի պատանիի մը սոյն նամակը՝ ուղղուած Ձմեռ Պապին…:

Իւրաքանչիւրիս հոգին մեծապէս ալեկոծող սոյն նամակով, պատանի Մարտինը, որուն մայրը քանի մը ամիս առաջ մահացած է, եղբայրը՝ վերջերս զոհուած, եւ ինք հայրենիք կորսնցուցած,  որքան կը ներկայացնէ իր Հայ տարաբախտ սերնդակիցները, այնքան նաեւ կը ներկայացնէ պաղեստինցի, լիբանանցի, իրաքցի, ուքրանացի, ռուս, եւ աշխարհի ոեւէ անկիւնի մէջ այսօր, մեծերուն կամ մեծահասակներուն ագահութեան, անմարդկայնութեան եւ վայրագութեան զոհը հանդիսացող բոլոր անմեղ երեխաները, որոնց միակ մեղքը՝ տուեալ ազգութեամբ կամ ժամանակաշրջանին ու տարածաշրջանին մէջ ծնած ըլլալն է:

Մարտինի զոհուած եղբայրն ու մահացած մայրը

Մարտինի զոհուած եղբայրն ու մահացած մայրը

Մեր ժողովուրդի արդի պատմութեան վերջին 6 սեւ տարիներուն մէջ սեւագոյնը հանդիսացող 2023 տարուան աւարտին, ալ մեզի բան չմնար գրել, բացի Հայ երեխային սոյն նամակը դնելէ մարդկութեան խիղճին առջեւ: Մարտինը ամէն բան ըսած է:  

Կը մնայ Նոր տարուան համար մեր «մաղթանքը», որ ինչպէս այս «խմբագրականը», պիտի ըլլայ գուցէ արտակարգ՝ ոչ-ուղղաբար եւ քիչ մը արտասովոր.

Թող, որ այս մանկահասակ հայորդիին նշեալ նամակը գրելուն ու տարբեր ազգերու իր հասակակիցներուն, կեանքի դաժան բաժակը  ճաշակելու պատճառ հանդիսացողները, ՉՏԵՍՆԵՆ 2024-ի արշալոյսը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին