Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Հերի՛ք Է, Հայելային Անդրադարձումը Դառնանք Թուրք-Ատրպէյճանական Քարոզչական Մեքենային

ԿՈՉ

Հայաստանի ԶԼՄ-ներու պատասխանատուներուն ուշադրութեան.

Սիրելի գործընկերներ,

Ըստ շրջանառուած տեղեկատուութեան, Թուրքիան այս օրերուն կ՛իրականացնէ զինեալ գործողութիւն մը իր երկրի տարածքին, չէզոքացնելու համար «ահաբեկչական» օջախներ: Պետական ահաբեկչութեան ռահվիրայ Թուրքիան երբ խօսի «ահաբեկիչներու» մասին, ապա ան ընդհանրապէս նկատի կ՛ունենայ քրտական որոշ հատուածներ:

Հայաստանի ԶԼՄ-ներու լրատուութեան մէջ կը կարդամ լուրը մօտաւորապէս այս բովանդակութեամբ «Թուրքիայի զինված ուժերը երկրի 12 նահանգներում իրականացրել է «Քահրամանլար-33» գործողություն. հայտարարել է Թուրքիայի ներքին գործերի նախարար Ալի Երլիքայան։ Գործողության ընթացքում ոչնչացվել է ահաբեկիչների 78 թաքստոց»:

Նկատի ունենալով, որ նման գործողութիւններ ընդհանրապէս ուղղուած կ՛ըլլան Քիւրտ ազատամարտիկներու դէմ, կը հաւատամ, որ այս պարագային մեր կողմէ ալ «ահաբեկիչ» բառ հասկացողութեան օգտագործումը կը ծառայէ թրքական փրոփականտին:

Պէտք է հասկնանք, որ նոյնն է եթէ միջազգային լրատուամիջոցներ Արցախի մէջ խիզախած մեր տղոց կոչեն «ահաբեկիչներ»՝ կրկնելով ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութիւնը։

Ատենին դարձեալ եւ մինչ «զոհ» (գոյական) կը նշանակէ մատաղ, զենում,  չար դէպքի ենթակայ՝ նահատակ, մեր ԶԼՄ-ներու կողմէ նմանօրինակ սխալով մը, «զոհ» կ՛անուանուէին Արցախեան ճակատներու վրայ ազրպէյճանցի սատակուած զինուորները, գրելով օրինակ. «Ազրպէյճանական կողմը ունեցաւ (այսքան) զոհ»…:  

Հերի՛ք է, մանաւանդ այսքան փորձառութենէ ետք հայելային անդրադարձումը դառնանք թուրք-ատրպէյճանական քարոզչական մեքենային։

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին