Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

ԳՈՅԺ- Ոչ Եւս է Ընկ. Ներսէս Պապայեան

Սրտի խոր կսկիծով ԶԱՐԹՕՆՔ կը գուժէ եռանդուն կուսակցական գործիչ, ՌԱԿ Մամուլի օրկաններու՝ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի, ՊԱՅՔԱՐ-ի, ՆՈՐ ՕՐ-ի եւ The Armenian Mirror Spectator-ի  աշխատակից եւ քաջածանօթ հրապարակագիր ընկ. ՆերսէսՊապայեանի անակնկալ մահուան բօթը: Ան իր մահկանացուն կնքած է Նիւ Եորքի մէջ ԱՄՆ, 8 Նոյեմբեր 2023-ին:

Ընկ. Ներսէս Պապայեան արժանաւոր շառաւիղն էր Պապայեան երախտաշատ ընտանիքին, զաւակը՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի վաստակաշատ տնօրէն՝ Երուանդ Պապայեանին:

Իր ցնցիչ մահուան տխուր առիթով, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի մեծ ընտանիքին անունով, մեր խորազգաց վշտակցութիւնները կը յայտնենք Ողբ. Ընկ. Ներսէսին տիկնոջ ու զաւակներուն,  իր քրոջ՝ Փրոֆ. Սիլվա Պապայեան-Գարայեանին ու իր ընտանիքին, ինչպէս նաեւ  իր եղբօր՝ Ընկ. Արա եւ Սոնիա Պապայեաններուն եւ ընտանեկան պարագաներուն:  

Անհուն կարօտով միշտ պիտի յիշենք հոգեհարազատ ընկեր Ներսէսին: Մեր թերթերուն մէջ պիտի փնտռենք իր ստորագրած՝ ՆԱՄԱԿ ԱՄԵՐԻԿԱՅԷՆ ծանօթ սիւնակը, որ ափսոս պիտի ալ չերեւայ:

Խմբ.

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին