ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՆԵՐՍԷՆ ԴԻՏԱԾ
«Ոդիսական» 6
Ք. Երեւան, Մեր Օրեր
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Առաջին տպաւորութեամբ զուտ անձնական թուացող սոյն գրութեան նիւթը, դժբախտաբար այնքան տարածուած երեւոյթ ու արմատաւորուած յոռի «մշակոյթ» է մեր հայրենիքին մէջ, որ կարելի չէր շրջանցել, եթէ կ՛ուզենք բան մը փոխել մեր ժողովուրդին մտայնութեան ու տրամաբանութեան մէջ: Երկրի մը զարգացման համար կենսական է մտածելակերպի փոփոխութիւնը, որ աւաղ տակաւին յամառօրէն կը յամենայ մեր երկրին մէջ:
Մեքենայիս համար գորգեր կ՛ուզէի գնել: Գացի Երեւանի հանրածանօթ Garage Masters» Mall: Այնտեղ մտայ համար 88 տաղաւարը ընտրելու համար իմ ուզածը:
Ծախողը իր աշխատանքը սխալ հասկցածի վերաբերմունքով, հոգեբանական ճնշում սկսաւ բանեցնել վրաս, որպէսզի վայրկեան առաջ գնեմ, սակայն իմ ուզածը պատրաստի չկար:
Առաջարկեց zagas տալ: Խնդրեցի հայերէն խօսի, որպէսզի իրար հասկնանք: «Հայավարի» պնդեց, որ zagas հայերէն է: Չ’երկարեմ, նախադասութեան տրամաբանութենէն հասկցայ, որ ըսել կ՛ուզէ պէտք է պատուիրեմ: Ինք անշուշտ ամենայն ինքնավստահութեամբ, շարունակեց պնդել, որ zagas եւ պատուիրել, նոյնն է…:
Պահանջեց կանխապէս վճարեմ գումարը: Սիրով ընդառաջեցի երբ խոստացաւ յաջորդ օրն իսկ ապահովել պատուիրուածը:
Այսօր երեկոյեան, մէկ ժամ խճողումի մէջ մնալով վերջապէս հասայ նշեալ տեղը: Երէկուայ աշխատողը չկար, ոչ ալ պատուիրածս:
Զինք փոխարինողը դարձեալ «հայավարի» անգրագիտութեամբ արդարացաւ, որ երէկ ինք այնտեղ չէր: Բացատրեցի, որ իմ գործը անձերու հետ չէ, այլ հաստատութեան եւ կապ չունի եթէ երէկուայ ծախողը այնտեղ չէ:
Պնդեցի, որ զանգէ իր գործընկերոջ եւ իմացնէ, որ խոստացուածին հիման վրայ, ես այնտեղ եմ: Գործընկերը զանգին պատասխանեց եւ չկամութեամբ ընդունեց հեռախօսը ինծի փոխանցուի: Ապա նոյնանման անգրագէտ պատճառաբանութեան դիմելով ինքնարդարացաւ, որ ինք մեղք չունի, այլ՝ գործարանէն չեն ուղարկած: Ստիպուած եղայ համբերութեամբ իրեն բացատրել, որ իր նշած գործարանը իմ հօրս չի պատկանիր, այլ իրենց business համակարգին մէկ մասնիկն է եւ անոր չղրկելը իրեն բնաւ ալ չարդարացներ: Վստահ չեմ եթէ հասկցաւ նախակրթարանի տրամաբանութեամբ իսկ հասկցուող քննադատութիւնս:
Շարունակեցի բացատրելով, որ ինք նախապէս զանգով չզգուշացնելով, որ ապրանքը չէ ստացած, իր յաճախորդին թանկ ժամերէն գողցաւ որովհետեւ աւելի քան մէկ ժամ տրամադրած էի տեղ հասնելու համար: Անշուշտ դարձեալ «հայավարի» պատասխանեց, ըսելով. «Խի՞ դուք չզանգեցիք»…
Համբերութիւնս հատած, սակայն միշտ քաղաքավար (իր հասկացողութեամբ «հարիֆի» վերաբերմունքով) չուզեցի վիճաբանիլ: Փոխարէնը, պահանջեցի, որ յաջորդ օր պատուէրս ինքը առաքէ իմ տան հասցէին:
Շուտափոյթ առաքումին յոյսով, այսօր կը բաւարարուիմ այսքանով: