Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Ահաբեկիչ Չեն Ծնիր, Ահաբեկիչ Կը Դառնան

Պաղեստինի մէջ ՀԱՄԱՍ-ի կատարած արիւնալի գործողութեան եւ Իսրայէլի անմարդկային հակադարձութեան սկսելուն առաջին իսկ օրերուն, Նիւ Ճըրզիաբնակ թերթիս բարեկամ եւ մեր հոգեհարազատ ընկեր Զարեհ Քանթարճեանը, վերի նկարը զետեղած էր ֆէյսպուքի իր էջին վրայ հետեւեալ իմաստալից գրառումով մէկտեղ. «Ահաբեկիչ չեն ծնիր, ահաբեկիչ կը դառնան»: Նկարը կը ներկայացնէ պաղեստինցի մանուկ մը կանգնած իսրայէլեան դժոխային կրակին զոհ՝ իր մօր դիակին ընդառաջ…:

Արեւելեան կողմն աշխարհի անմարդկային վայրագութիւնը կը շարունակուի եւ մինչ հասկնալով հանդերձ կարելի չէ արդարացնել Հոկտեմբեր 7-ին իրագործուած ՀԱՄԱՍ-ի ծանօթ յարձակումը, բնաւ երբեք կարելի չէ ներել միջազգային ընտանիքին ընդամէնը կոչերով արձագանգը կամ արեւմտեան կարգ մը երկիրներու ղեկավարներուն բացայայտ կողմնակցութիւնը, պետական ահաբեկչութիւն գործադրող Իսրայէլի նկատմամբ:

Անընդհատ ընթացող արիւնահեղութեան այս պահուն եւ միշտ, ինքզինք պարտադրող հարցադրումներ կան, որ  այսօր, այստեղ պէտք է տալ. տակաւին քանի՞ պաղեստինցի անմեղ քաղաքացի մարդիկ, կիներ եւ երեխաներ պէտք է ջարդուին, քանի՞ պատերազմական ոճիր Իսրայէլը պէտք է գործադրէ, որքա՞ն մահ եւ քանդում Իսրայէլը տակաւին պիտի պատճառէ Կազայի մէջ, որպէսզի աշխարհը կառավարելու եւ ժողովուրդներու ճակատագիրը տնօրինելու յաւակնութիւնը ունեցող պետութիւններ պատիժներ սահմանեն Իսրայէլի վրայ, ինչպէս որ կ՛ընեն այլ երկիրներու պարագային: Տակաւին ինչ ահաւոր բաներու պիտի ձեռնարկէ Իսրայէլը, որպէսզի միջազգային ընտանիքը, պատերազմական եւ մարդկութեան դէմ բացայայտ ոճիրներ գործող Իսրայէլի պատասխանատուներուն դատելու հրաւիրէ ոճիրներու միջազգային ատեանին առջեւ:  Այսօր ապշեցուցիչ վիճակ է երբ ամբողջ աշխարհին առաջ իրենք իրենց բերնովն իսկ Իսրայէլցի պատասխանատուները լկտի համարձակութեամբ կը խոստովանին իրենց գործած ոճիրներուն մասին, կը սպառնան գետնին հաւասարեցնել Կազան, էթնիք զտումի ենթարկելով անոր բնակչութիւնը: Իսրայէլցի պատասխանատուներ աշխարհին լսողութեամբ եւ զանազան բեմերէ  յայտարարեցին, որ իրենք կը  նպատակադրեն աւելի քան 2 միլիոն մարդ արարած զրկել ջուրէ, ելեկտրականութենէ, դեղորայքէ ու սնունդէ… եւ սա ո՛չ միայն սոսկ սպառնալիքներ են, այլ ամէն օր գործադրուող ահաւորութիւն աշխարհին աչքին առջեւ: Իսրայէլ անհամեմատ ուժերով կը ռմբակոծէ պաղեստինեան բնակավայրեր, դպրոցներ, հիւանդանոցներ, մինչ աշխարհը կը մնայ հանդիսատես, լաւագոյն պարագային խօսքով դատապարտելով պատահածը: Անդին պաղեստինցի մանուկը սակայն տարիներու ընթացքին եւ առ այսօր իր հոգիին մէջ զգացած է ու կը զգայ իր մօր կորուստն ու իր մանկահասակ քոյրերուն եւ եղբայրներուն կսկծալի մահը:

Անարդար է աշխարհը երբ ահաբեկչութեամբ կ՛ամբաստանէ պաղեստինցին, որուն հողն ու տունը գողցուած է իրմէ օր ցերեկով, որուն ընտանիքը զոհուած է իսրայէլեան կրակով:

Արդարեւ, ահաբեկիչ չեն ծնիր, ահաբեկիչ կը դառնան, եւ այս ընթացքը երկար ու անհատնում է, քանի վայրագութեամբ ու երկու չափ երկու կշիռով կը յատկանշուի մեր այսօրուայ անարդար աշխարհը:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին