Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Մեր Բարեկամ Երեսփոխանին Կ՛ուզենք Սիրով Յուշել, որ Իր Մաղձը Թափէ, ո՛չ Թէ Լիբանանահայութեան Վրայ, այլ՝ ՀՅԴ-ին. Սեւակ Յակոբեան

Լիբանանեան MTV կայանի «Պէյրութը այսօր» յայտագրին շնորհած իր հարցազրոյցին մէջ, նախորդ օր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան գլխաւորած պլոքի անդամ, երեսփոխան Անթուան Հապշի ցասումով արտայայտուեցաւ լիբանանահայ համայնքին մասին, ըստ երեւոյթին ակամայ  իյնալով ընդհանրացած սխալի մը գիրկը: Արդարեւ, նիւթը կը վերաբերէր Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններու խորհրդարանական վերջին նիստին, որուն ընթացքին ՀՅԴ-ի երեսփոխանները, վերջին վայրկեանին դիրքորոշուեցան շիա համայնքի երկու թեւերը ներկայացնող պլոքներուն հետ: Անոնք  դուրս գալով նիստէն խոչընդոտեցին նախագահական ընտրութիւններու յատկացուած նիստը, որ առանց այս ալ ամիսներէ ի վեր ամուլ արդիւնքով կ՛աւարտի:

Յարգելի երեսփոխանը անտեղի պոռթկումով մը, առանց անուանելու այպանեց Լիբանանահայ համայնքը, յիշեցնելով, որ Լիբանանի մանաւանդ քրիստոնեայ թեւը 1915-ին  յաջորդող օրերուն գրկաբաց ընդունած է զիրենք, որուն դիմաց տուեալ համայնքին երեսփոխաններուն վերջին պահուածքը անընդունելի է:  

Որպէս պատասխան այպանումի այս երեւոյթին, որ այն տպաւորութիւնը կրնար ձգել, որ  Լիբանանահայութիւնը ապերախտ հաւաքականութիւն է, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի խմբագիրը՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան պաշտօնապէս պատասխանած է երեսփոխան Անթուան Հապշիին հետեւեալ տողերով.

«Զարմանքով եւ ափսոսանքով լսեցինք MTV կայանին «Պէյրութը Այսօր» յայտագրին ընթացքին Երեսփոխան Անթուան Հապշիին արտայայտած միտքը ինչ կը վերաբերի լիբանանահայութեան:

Նախ շեշտենք, որ յարգելի երեսփոխանը կը պատկանի այն կուսակցութեան, որ մենք մեր համախոհներով մէկտեղ, միշտ նկատած ենք մեր բնական դաշնակիցներէն Լիբանանի եւ տարածաշրջանին մէջ: Երկրորդ, լիբանանահայ համայնքի զաւակներէն շատեր ծունկ ծունկի կռուած են Հապշիին ընկերներուն հետ պահելու համար այն Լիբանանը, որ իր կուսակցութիւնը հաւատացած է անոր:

Աւելին, յիշեցնենք, որ մեր ժողովուրդը միշտ ալ երախտապարտ եղած է Լիբանանի ժողովուրդին գրկաբաց ընդունելութեան համար եւ իր Լիբանան հաստատուելու առաջին իսկ օրէն, որպէս մէկ մասնիկը անոր ժողովուրդին,  մասնակից եղած է պետականաշինութեան, օգտակար եղած Լիբանանի  մէջ շատ մը արհեստներու բարգաւաճման ու երկրին զարգացման, եւ ոչ թէ այլոց նման դեր ունեցած է Լիբանանի քանդումի սեւ գործին մէջ:

Ինչ կը վերաբերի ՀՅԴ-ի վերջին պահուածքին, որ ամէն պարագայի առաջինը չէ, յարգելի երեսփոխանը պէտք է իմանայ, որ իրեն չափ եւ գուցէ աւելի վրդոված հայեր կան, մինչ լիբանանահայ համայնքը ՀՅԴ-ի հետ նոյնացնելը նախ արդար չէ, երկրորդ, աւելի եւս թեւեր կու տայ տուեալ կուսակցութեան այսօրուայ ղեկավարութեան,  համայնքը իւրացնելու ու անոր անունով հանդէս գալու իր մշտական փորձին մէջ:

Հետեւաբար մեր բարեկամ երեսփոխանին կ՛ուզենք սիրով յուշել, որ իր մաղձը թափէ, ոչ թէ լիբանանահայութեան վրայ, այլ՝ ՀՅԴ-ին»:

Նշենք, որ ընկեր Յակոբեանի հրապարակային պատասխանը լիբանանեան մամուլին մէջ հրապարակումէն վայրկեաններ ետք, Երեսփոխան Հապշի նախաձեռնած է կապ հաստատել իր  հետ նախ շնորհակալութիւն յայտնելու այս անդրադարձին համար, ապա լուսաբանելու իր չկանխատեսուած եւ անմիջական արտայայտութիւնը: Յարգելի երեսփոխանը ցաւով ընդունած է, որ զգացական իր պոռթկումին պատճառով ինկած է Լիբանանահայութիւնը ՀՅԴ-ի հետ նոյնացնելու սխալին մէջ: Ան հաստատած է, որ տուեալ իր արտայայտութիւնը ամէն պարագային չի համապատասխաներ  այն յարգանքին հետ, որ ինք կը տածէ լիբանանահայութեան հանդէպ: Կողմերը համաձայնած են առաջին առիթով իսկ հանդիպիլ հարթելու համար տհաճ պատահարը:

«Զ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին