Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Լեհահայ «Գաւազանակիր Միանձնուհիներ» – Ա․ ՄԱՍ

Փրոֆ ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Լեհաստանի հայ եկեղեցւոյ միանձնուհիներու պատմութիւնը սկսած է ուշ միջնադարէն սկսեալ, եղած է բազմափուլ եւ յատկանշուած է դաւանական բարդ իրադարձութիւններով։ Լեհահայ միանձնուհիները ապրած են պատմական Լեհաստանի գլխաւորաբար երեք մենաստաններու մէջ՝ Լվովի, Քամիենիէց Բոտոլսկի եւ Եազլովիէցի մէջ։ Անոնք ընդհանրապէս կոչուած են «Կուսանք» կամ այդ դարաշրջանի  լեհահայերու գերիշխող  խօսակցական հայատառ ղփչաղերէնով՝ «Ղըզլար» եւ կամ հին լեհերէնով ընդհանրացած՝ տեվոթքի, որ կը նշանակէ «Նուիրեալներ»: Մինչեւ Հռոմի եկեղեցւոյ հետ միութիւնը լեհահայ միանձնուհիները օգտագործած են կանացի վանականութեան հայկական անցեալի աւանդու­թեամբ կրօնաշունչ կարգը եւ ընդունուած օրինագիտութիւնները, որոնք նոյնութեամբ ընդօրինակուած էին շնորհիւ լեհահայերու դէպի Երուսաղէմ կատարած բազմաթիւ ուխտագնացութիւններուն։ Լեհահայ յիշատակարաններու եւ լեհական աղբիւրներու մէջ իբրեւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրեալ սարկաւագուհի, առանձնայատուկ ձեւով յիշատակուած է  Քամիենիեցէէն լեհահայուհի՝ Մարիանա (Մարիա) Պօղոսովնան (1630 – 1690), որ երուսաղէմ իր ուխտագնացութեան ժամանակ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ սարկաւագուհի ձեռնադրուած էր ազգաշնորհ Փիլիպպոս Աղբակեցի կաթողիկոսի (1633-1655) ձեռամբ, հաւանաբար 1653 թուին։ Նոյնպէս իբրեւ միանձնուհի կը յիշատակուի նաեւ Եազլովիէցէէն՝ Ռիփսիմէ Սբենտովսքան, որ յաճախ լեհական պատմական աղբիւրներու մէջ Հռիփսիմէն, նոյնիսկ մինչեւ այսօր Ռիփսիմէ կը կոչուի։ Լեհահայ Միանձնուհիներու ամբողջական անուանացանկը եւ ընդհանրապէս լեհահայ միանձնուհիներու հետ առնչուած նիւթերու պատմական ծալքերը, ուսումնասիրութեան խոստմնալից ասպարէզ մը կրնան յուշել, որ բծախնդիր եւ ամբողջական քննարկումի կարիքը ունի: Նկատելի է նաեւ, որ լեհահայ եկեղեցական կեանքի միանձնուհիներու առկայութիւնը զուտ տեղական բնոյթ չունի։

Իսկ պատմականօրէն լեհահայ միանձնուհիներու յաջորդ փուլը կը սկսի 17-րդ դարու քառասունական թուականներէն եւ իր դաւանական խառնակ կառոյցով կը շարունակուի մինչեւ նոյն դարու ութսունականները կամ իննսունականները, երբ Լեհաստանի Թագաւորութեան մէջ տեղի ունեցաւ դարաւոր հայ համայնքի բաժանումը հայ առաքելական մայր եկեղեցիէն, որ Լեհաստանի մէջ հաստատուած էր 1367 թուին, Քաժիմէժ Գ Մեծ լեհ թագաւորին հաւանութեամբ՝  արտօնութիւն շնորհելով  Գրիգոր Եպիսկոպոսին հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսութիւն մը հիմնելու Լվովի մէջ։  

1630 թուականին էր, երբ Յակոբ Թորոսեանի եւ Կատարինէ Աւետիքեանի որդին՝ լեհահայ Նիկոլը (Նիկողայոս), որ բազմալեզու պատմական մատենագրութեան մէջ հանրածանօթ իբրեւ՝ Նիկոլ Թորոսովիչ ուխտադրուժ ըլլալով ամբողջապէս ենթարկուեցաւ Հռոմին։

Մելքիսեդեկ Ա Գառնեցի աթոռակից կաթողիկոս 28․փետրուար․1627 թուին հիմնօրէն խախտելով հայ առաքելական եկեղեցւոյ ընդունուած աստիճանները, Լվովի դռնփակ եկեղեցւոյ մէջ հակառակ ժողովուրդի բուռն ընդդիմութեան եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում կը կատարէ հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորականին՝ լեհահայ 23 ամեայ Նիկոլին իբրեւ ինքնընտիր Եպիսկոպոս։ 24.հոկտեմբեր.1630 թուին Նիկոլը ընդմիշտ կը զիջի Հռոմի քահանայապետին գերագահութեան, ընդունելով կաթոլիկ դաւանանքը, իսկ արքութեան պատիւն ու տիտղոսը կը ստանայ Հռոմէն 1635 թուին։ Նիկոլը եկեղեցական եւ դաւանական միութիւն կը կնքէ Հռոմի եկեղեցւոյ աթոռին հետ, դառնալով հայոց պատմութեան մէջ առաջին հայ կաթոլիկ հոգեւոր առաջնորդը։ Իր առաջնորդութեան  տարածքը պարփակելով ոչ միայն Լեհաստանի թագաւորութիւնը, այլեւ Լիթվիոյ, Մոլտավիոյ, Վալախիոյ (Ռումանիոյ) հայ կաթոլիկ բոլոր թեմերուն պատկանող համայնքները, հանդիսանալով հայ կաթոլիկ առաջին թեմակալ առաջնորդը, որ հոգեւոր գահակալութեան ասան իր ափին մէջ պահեց 1630 թուականէն մինչեւ իր մահը 1681 թուական։

Անձի մը անսանձ կամայականութեամբ արդէն կը հաստատուի լեհահայ առաքելական եկեղեցւոյ 263 տարուայ պատմական հաստատութեան կառուցազերծումը, անոր հետ առնչուող հոգեւոր մշակոյթի կասեցումը եւ Հռոմի եկեղեցւոյ հետ համախմբումը։ Հայ եկեղեցւոյ եւ Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ միութիւնը լեհահայ համայնքին եզակի ինքնութեան համար խորապէս անկիւնադարձային պահ մըն էր իր ազդեցիկ դերակատարութեամբ։

Այդ ժամանակ Լեհահայ համայնքը կ’ապրէր դաւանափոխութեան բարդ վէճերու իրադարձութիւնները, ներգաղութային դաւանական փոթորկոտ պառակտումը, իր ազգային գիտակցութեան եւ ընկերաբարոյական ամբողջ կառոյցի վերաձեւաւորումը։ Նոյն հաւատքի երկու յարանուանական հոսանքներու իսկական այլամերժ գոյամարտ մը տեղի կ’ունենար։ Հոգեւոր դէմ-հանդիման, դժուարին նոր երկունքի մը իրավիճակը, հակադրութեան կնճռոտ այս գոյապայքարը կը շարունակուի աւելի քան երկար դար մը։

Լեհահայ միանձնուհիներն ալ որպէս բարեպաշտ կանայք, իրենց կեանքը Աստուծոյ եւ քրիստոնէական հաւատքին ընծայած, եւ իրենց նմաններուն ծառայութեան նպատակին նուիրուածներ, բնականաբար պիտի դիմանային պատմական դաւանախառն եւ անասելի այս կնճռոտ շրջանը։ Կ’ապրէին վանքերու կամ մենաստաններու մէջ հետեւելով կրօնական որոշ կարգի մը, որ կը գտնուէր դաւանափոխութեան դարաշրջանի մը շեմին։ Հիմնականօրէն իրենց ծառայութեան յանձնառութիւնը ժողովուրդի հոգեւոր եւ ընկերային կարիքներու հոգատարութիւնն էր։ Լիազօրուած էին ուսուցանելու մանաւանդ իգական սեռի շրջանակներուն մէջ, հասնելու կանանց հոգեւոր խնամքին, կատարելու Սուրբ Գիրքի սերտողութիւնն ու բացատրութիւնը, դասաւանդելու նաեւ իգական վանական մենաստաններու եւ վանքերու մէջ:  Յատկանշական իրականութիւն էր նաեւ  անոնց աջակցութիւնը հասուն կամ չափահաս կանանց մկրտութեան խորհուրդի ընթացքին։

Կարելի է հաստատել, որ Լեհաստանի հայ միանձնուհիներն ալ հանդիպած են  խոչընդոտող կարծրատիպերու։ Լիովին ենթարկուած են տեղւոյն համայնքի աւագներու գերիշխանութեան, պատգամաւորներու եւ երէցներու տիրութեան՝ պարտադրեալ այդ վարմունքը շարունակուեցաւ դաւանափոխութեան շրջանին։ Նոր թեկնածուներու  միանալու պարագային ալ, համայնքի աւագները պէտք է յօժարէին ու իրենց համաձայնութիւնն ու արտօնութիւնը շնորհէին նոր միանձնուհիներուն։

Լեհաստանի Թագաւորութեան մէջ գործող հայ միանձնուհիներու երեք վանքերէն մեծագոյնը՝ Քամիենեց Բոտոլսկիի Սուրբ Աստուածածնի Աւետման եկեղեցին էր, իսկ երկրորդը՝ Լվովի Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ միանձնուհիները, իսկ երրորդը եւ համեստագոյնը Եազլովիէցի եկեղեցին։ Բայց 17-րդ դարու երկրորդ կէսէն ետք թրքական արշաւանքները լեհահայերու վանքերը ծանր կորուստներու եւ կործանումներու ենթարկեցին,  կործանումէն ետք անոնց վերակառուցումի մասին քիչ ծանօթ ենք։ 1672 թուին թուրքերու կողմէ Քամիենիէցի գրաւումէն ետք աւելի քան 14 լեհահայ միանձնուհիներ տեղափոխուեցան ապաստանելով Օսմանեան կայսրութեան խորքերը: Թրքական սպառնալիքը ստիպած էր նաեւ Եազլովիէցի երեք լեհահայ միանձնուհիներ լքելու քաղաքը եւ ապաստան փնտռելու Լվովի մէջ, միժամանակ միանալով լեհահայ մնացած միանձնուհիներուն։

Ճիշդ է, որ լեհահայ բոլոր միանձնուհիներն ալ ապաստան գտան Լվովի մէջ, հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդութեան հովանիին տակ, բայց լեհահայ համայնքի ներքին բուռն տագնապը, հայ առաքելական եկեղեցիի կազմաքանդումը կը շարունակուէր, հայ կաթոլիկ եպիսկոպոսի իշխանութեան տակ ալ միանձնուհիներու իրավիճակը անկայուն էր, հեզասահ ընթացք չունէր, ընկերային եւ տեղական աւանդութիւններու դիմադրութիւնը բազմակողմանի էր։ Հայ համայնքը հաշտ չէր կուսականաց խմբաւորումի այս գաղափարին հետ, ընկերային  կեանքի մէջ տղամարդոց գերակայութեան սկզբունքը ներգործող եւ զօրեղ էր։

Բնական է, որ 17-րդ դարու վերջին տասնամեակին լեհահայութեան համար հայ կաթոլիկ նոր համայնք մը կը ձեւաւորուեր, սկզբնական ժամանակշրջանին թերեւս իր գործունէութիւնը որոշ հայկականութիւն մը կը յուշէր, կը շարունակուէր չափաւոր հայկական ոգիով, բայց անվիճելի զիջում մը կար հայերէն լեզուի, նոյնպէս ալեկոծում մը գոյութիւն ունէր հայ մշակոյթի ընկալման, տեղական աւանդութիւնները ըմբռնելու եւ ընդունելու, անոնց հետ համակերպելու համոզումին հետ։ Համայնքի հոգեմտաւոր կառոյցը փոփոխութեան ենթարկուած էր, լեհահայերը աստիճանաբար համարկուեցան կաթոլիկ եկեղեցւոյ ծիսական, լեզուական, կենցաղային, բարքերու հարկադրանքներու պարունակին մէջ։ Գործնականօրէն լեհահայ համայնքի հոգեմտաւոր կառոյցը ձեւափոխուած էր լատինական բնօրինակին համաձայն։ Ճիշդ է, որ միանձնուհիները աւելի անկախ էին  երէցներու գերիշխանութենէն, բայց համայնքը աւելի համարատու էր նոր եւ ձեւափոխուած իրականութեան հետ իր ամբողջական կառոյցի պատկանելիութեամբ։

Զգալի է, որ Հռոմի աթոռի հետ Լեհաստանի հայ եկեղեցւոյ միութիւնը, 17-րդ դարու վերջին տարիներուն բարեփոխութեան ենթարկեց միանձնուհիներու կարգավիճակը, ձեւով մը խթանեց անոնց միացումը։ 1680 ական թուականներէն սկսեալ, միանձնուհիները սկսած էին իրենց համախմբումն ու  կազմաւորումը։

Միանձնուհիներու խնդրանքին ընդառաջելով Հռոմի Ալեքսանտր VIII պապը 1690 թուին հաստատած էր Լեհաստանի մէջ միանձնուհիներու մենաստան մը հիմնելու ծրագիրը, անոնց թոյլ տալով նաեւ մնալու հայ կաթոլիկ ծէսի հովանիին տակ։

Համայնքը գործնապէս ստացած էր Հռոմի աթոռի համաձայնութիւնը, հիմնելու համար լեհահայ միանձնուհիներու մենաստանը Պենետիկդեան վանական ուխտի օրինակարգով, պահպանելով նաեւ սեփական կաթոլիկ ծէսը։ Ուստի 1690 թուականը կը համարուի լեհահայ միանձնուհիներու հաստատման իբրեւ պաշտօնական տարեթիւը։

1690 թուականէն ետք, Լվովի հայոց մայր տաճարի մէջ տեղի կ’ունենայ  միանձնուհիներու նուիրապետական ուխտի կազմաւորումը եւ հոգեւոր կրթութեան պատրաստութիւնը, ուր 26 Նոյեմբեր 1691  թուականին կը կատարուի 15 լեհահայուհիներու Պենետիկդեան վանական ուխտի ուխտադրումը։ Այդ միանձնուհիներէն ոմանք ապագային պիտի դառնային աբբայուհիներ, ինչպէս Հելենա Ֆորթունաթա Սբենտովսքան (Աստուատուրովիչ կամ Աստուածատուրովիչ)։

Այդ ժամանակ միանձնուհիներու կառոյցը կը ղեկավարուէր Պենետիկդեան միաբանութեան լատինական ծիսակարգով, այդ կը նշանակէ, որ մենաստանի վարչական եւ տնօրինական իշխանութիւնը վերապահուած էր լատինական Պենետիկդեան աբբայութեանը։ Միանձնուհիներու մենաստանի պատրաստութեան համար այս շրջանին համայնքը օգտուած է նուիրատուներու օգնութենէն, անոնց  մէջ էին Լվովի հայ կաթոլիկ արքեպիսկոպոսներ, մեծահարուստ լեհահայեր, հայ համայնքի հեղինակաւոր պատգամաւորներ  եւ ազնուականութիւնը ներկայացնող հայ ունեւոր խաւը։ Լեհահայ միանձնուհիները ունեցած են նաեւ իրենց սեփական ագարակը, հոն կը գտնուէր Ս․ Աստուածածնի հայկական մատուռը ։

Միանձնուհիներու վանական համալիրը

Յատկանշական էր միանձնուհիներու աշխոյժ կրթական գործունէութիւնը իգական սեռի երիտասարդութեան շրջանակներուն մէջ։ Որու շնորհիւ լեհահայ միանձնուհիները կառուցած են աղջկանց դպրոցը, եւ 16 Յունուար 1785 թուականէն սկսեալ կառավարած  են այդ կրթական համակարգը, որ կարելի է Լվովի հռչակաւոր եւ հնագոյն դպրոցներէն մէկը  համարել։ Շատ յաճախ Լեհաստանի կրօնապատմական գրականութեան մէջ,  գնահատութեամբ կը յիշուի Լեհահայուհիներու Պենետիկդեան կուսանոցի կրթարանը կամ Լեհահայ Պենետիկդեան միանձնուհիներու դպրոցը։

Լեհահայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ երկրորդ առաջնորդը՝ թոխաթեցի (Թոքաթ) Վարդան Արք․ Յունանեանն էր (1644–1715) ։ Վ․ Յունանեան Լվով ժամանած էր 1665 թուին, եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր 1675 թուին, դառնալով Նիկոլի օգնականը։ Վարդանի առաջնորդութեան շրջանը (1686–1715) հիմնականօրէն յատկանշուած է լատինական ծիսական արարողութիւններու  հաստատումով, կաթոլիկ դաւանական սկզբունք­ներու եւ հռոմէադաւան աւանդութիւն­ներու ամրապնդումով, արարողութիւններու, պատարագներու ընթացքին հայերէնը սահմանափակելու, ծիսական եւ կազմակերպչական լատինամերձ դրսեւորումներով։ Վ․ Յունանեան մեծ դեր ունեցած է լեհահայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ խարիսխաւորման եւ անոր կաթոլիկացումի կազմակերպչական կառոյցի հաստատման։

Ի վերջոյ, լեհահայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ երկրորդ առաջնորդի՝ Վ․ Յունանեանի օրով 1701 թուականի Յունուարի 20-ին, Սեֆերովիչ եւ Սբենտօվսքի հայկական ընտանիքներու հետ առնչակից, Եազլովիցէի քահանայական ընտանիքի մէջ ծնած միանձնուհին՝ Տէր Ներսէս Ներսէսովիչ քահանայի դուստրը եւ Եպիսկոպոս Պօկտանի քոյրը՝ Մարիանա Քսավերա Ներսէսովիչնան (1625–1710) միաձայնութեամբ կ’ընտրուի լեհահայ միանձնուհիներու առաջին հովուապետուհի։ Մեծաւորուհիի այս կոչումը ցմահ կը տրուէր։ Առաջին այս հայ աբբայուհին կամ աբբամայրը հովուապետած է մինչեւ իր մահը 1710 թուին: Պէտք է յիշել որ, Ներսէսովիչնա աբբայուհին եղած է կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ միութեան գովաբանող  թունդ կողմնակիցներէն եւ դրուատողներէն, Պենետիկդեան միանձնուհիներու իր ուխտը կատարած է 24 Օգոստոս 1683 թուին։

Աբբայուհի՝ Մարիանա Քսավերա Ներսէսովիչնա

Լեհահայուհիներու Պենետիկդեան վանական այս հաստատութեան միանձնուհիներու աբբայուհիներուն կը տրուէր հետեւեալ լիազօրութիւնները՝ ունենալու եպիսկոպոսական գաւազան ու մատանի իբրեւ  նշան` վանական եւ հոգեւոր իշխանութեան, իրենց յատուկ հագուստն ու կապուստը թաւշեայ ճերմակ ինքնատիպ գլխակապը, յատուկ սեւ սքեմը, կաշիէ գօտին, եւայլն։ Յաջորդող սիւնակներուն մէջ ներկայացուած դիմանկարներու ընդմէջէն նկատելի է, մանաւանդ հեղինակութեան խորհրդանիշը՝ ձախ ափին մէջ պահած պարուրաձեւ մետաղեայ գաւազանը, որ աւելի բարձր է քան աբբայուհիներու ուսերը։ Իսկ անոնց աջ ձեռքի միջնամատին կրած մեղեսիկ, տպազիոն, շափիւղայ, սուտակ, զմրուխտ եւ այլ թանկարժէք մատանիներու կողքին ունէին կուրծքի վանական մեծ խաչը, իսկ հոգեւոր հոգածութեան յատկանիշներն էին՝ վարդարանը ձախ ձեռքին, Աստուածաշունչը եւ խաչեալին օրհնուած խաչը։

Լեհահայուհիներու Պենետիկդեան միանձնուհիներու մենաստանը, Լեհաստանի պատմութեան մէջ իր գործունէութեամբ յիշուող իբրեւ առաջին եւ թերեւս հնագոյն միակ լեհահայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ պատկանող միանձնուհիներու մենաստանն է։ 1701 թուականէն մինչեւ 1927 թուական, իր 223 տարուայ աւանդոյթով այս մենաստանը ունեցած է 11 լեհահայուհի կամ ծագումով հայ աբբայուհիներ, վերջինը արդէն լեհ էր։ Մարիանա Քսավերա Ներսէսովիչնաէն ետք կարելի է յիշել լեհահայուհի աբբայուհիները եւ անոնց հոգեւոր իշխանութեան շրջանը։ Հելենա Ֆորթունաթա Սբենտովսքա (1710-1751), Մակտալենա Պենետիքդա Մանչուկովիչ (1751-1757), Ալօյզա Աուկուսթինովիչ (1757-1772) , Ռիփսիմէ  Մաթիաշեվիչ (1772-1788), Կերդրուտա Քսավերա Գիրգորովիչ (1791-1796), Պարպարա Վերոնիքա Բիրամովիչովնա (1796-1827), Մարիանա Գոլումպա Նատէուվնա (1827-1836), Լուտվիքա Քչիշթոֆովիչուվնա (1839-1843), Քայեթանա Սարգիսեվիչ (1845-1893), Ալօյզա Եանովիչ (1894-1927), եւ լեհուհի Էլէքթա Օրլօվսքան (1928-1954)։

Լեհահայ «Գաւազանակիր միանձնուհիներ»

Շարունակութիւնը յաջորդիւ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին