Շաբաթավերջին, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ, լիբանանեան բանակի Մար Ռուքոզի մարզական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցան տարիքային ճատրակի ախոյեանութեան մրցումները:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի ներկայացուցիչ Սարգիս Զէյթճեան շահեցաւ վեց տարեկանէն վար փոքրերու գլխաւոր տիտղոսը`ախոյեանութիւնը: Թերեզա Էսփեր երկրորդ դիրքը գրաւեց ութ տարեկանէն վար փոքրերու մէջ, իսկ Ալեքսանդր Սերմանուկեան՝ տասնութ տարեկանէն վար պատանիներու ախոյեանութեան երկրորդ դիրքը: Փաստօրէն ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի մարզիկները ապահովեցին մէկ ոսկէ եւ երկու արծաթ մետալ:
Նշենք, թէ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի ճատրակի ակադեմիայի մարզիկները շաբաթական երկու օր դրութեամբ իրենց փորձերը կը կատարեն ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ:
Այս ուրախ առիթով ջերմապէս կը շնորհաւորենք ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի մարզիկները, պատասխանատուները, յատկապէս՝ Ճատրակի ակադեմիայի պատասխանատու եւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Տիգրան Զէյթճեանը:
Շաբաթ, 25 Մարտ 2023-ին, Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար,զօր. Ժոզէֆ Աունի հովանաւորութեամբ, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ ախոյեանութեան արդիւնքներուն մրցանակաբաշխութիւնը Ռիատիի ակումբին մէջ, Մանարա:
Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան պետական, քաղաքական, հասարակական,մարզական դէմքեր, որոնց մէջ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան: