Մարտ 22-23-ին տեղի ունեցաւ DELF Junior վկայականներու յանձնումը Մեսրոպեանի այն աշակերտներուն, որոնք քննութիւններուն մասնակցած էին 2022 թուականի Մայիսին: Մեր աշակերտները քննութիւնները յանձնեցին բացառիկ յաջող արդիւնքներով:
DELF-ի պաշտօնական վկայականները կը տրուին Ֆրանսայի Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ:
DELF-ի քննութիւններուն մեր աշակերտներու փայլուն յաջողութիւնները կը վկայեն Մեսրոպեան վարժարանին մէջ ֆրանսերէնի ուսուցման որակին մասին: Ծրագիրին վրայ հիմնուած ուսուցումը մեծ ազդեցութիւն ունի անոնց համալսարական ուսման եւ ապագայի գործի ասպարէզին վրայ. օրինակ, DELF B2 Junior-ը աշակերտները կը պատրաստէ լեզուի քննութիւններու, ընդունուելու համար ֆրանսախօս համալսարաններ:
Վկայականներու յանձնման ատեն Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ շնորհաւորեց բոլոր աշակերտները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի ֆրանսերէնի ուսուցիչներուն, որոնց ջանքերը կ՛արդիւնաւորուին ի տես բոլորին:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի