Ուրբաթ, 08. 11. 2024

spot_img

Սուրիական Գարունը

Նամակ Ամերիկայէն -28 –

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հակառակ Միացեալ Նահանգներու առաջնորդութեամբ արեւմտեան երկիրներու կողմէ, Ուքրանիոյ հայթայթուած զինուորական եւ տնտեսական շռայլ եւ աննախընթաց օժանդակութեան, Քիեւ ցարդ ձախողած է զսպելու ռուսական բանակին յառաջընթացը իր հողամասին վրայ: Արեւմտեան լրատու գործակալութիւնները, որոնք անդադար կը շեփորեն ուքրանական ուժերուն զինուորական գործողութիւններու համեստ յաջողութիւնները, քաղաքական շատ մը մեկնաբաններու կողքին, չեն համարձակիլ գուշակել ռուս-ուքրանական պատերազմին ելքը:

Ակնյայտ է թէ միջազգային քաղաքական քարտէսը գլխիվար դարձած է եւ միաբեւեռ աշխարհը աւելի յստակօրէն սկսած է խմբաւորումներու վերածուիլ: Նոյնքան յստակ է այն իրողութիւնը, թէ Մոսկուան ստիպողաբար սկսած է զիջիլ իր հեղինակութիւնը կարգ մը տարածաշրջաններու մէջ, ինչպէս Հարաւային Կովկասին ու Միջին Արեւելքի մէջ: Միւս կողմէն Ուաշինկթընի ամենասերտ գործակիցները, յատկապէս Միջին Արեւելքի, Հարաւային Ամերիկայի, ինչպէս նաեւ Ափրիկէի մէջ, սկսած են չանսալ Միացեալ Նահանգներէն արձակուող «թելադրութիւններուն»:

Վերջերս, Արաբական Լիկան ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց Սուրիոյ մայրաքաղաքը՝ Դամասկոս, ուր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Սուրիացի պաշտօնատարներու հետ, որոնց կը գլխաւորէր Սուրիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Ֆիրաս Մաքտատ:

Բացայայտօրէն արտաքին աշխարհին կողմէ, արեւմտեան մայրաքաղաքներու մէջ ծրագրուած դաւադրութիւնը Սուրիոյ դէմ, գործադրութեան դրուած էր շրջանային երկու ուժերու կողմէ: Թուրքիան (որ միշտ յաւակնութիւններ ունեցած է Սուրիական հողամասին նկատմամբ) իր սահմանները Սուրիոյ հետ լայն բացաւ, թոյլատրելով բազմահազար եւ բազմազգ ահաբեկիչներու Սուրիա ներթափանցումը: Միւս կողմը, Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորութեամբ արաբական երկիրներու փեթրոտոլարները առատօրէն հոսեցուց սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն քսակներուն մէջ:

Դուրսէն հրահրուած ապստամբութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի վարչակարգին դէմ շուտով վերածուեցաւ քաղաքացիական կործանիչ պատերազմի, խլելով բազմահազար կեանքեր: Կործանարար այս պատերազմը գրեթէ սպառնաց Սուրիական վարչակարգին գոյութեան: Սակայն շնորհիւ սուրիական բանակի հերոսական ճիգերուն եւ բանակին անխախտ միասնականութեան, երկիրը թէեւ վիրաւոր, սակայն մնաց անխախտ: Հոս պէտք է վկայակոչել անփոխարինելի դերը ռուսական ուժերուն, որոնց կտրուկ եւ ազդեցիկ միջամտութեամբ, Սուրիան յաջողեցաւ յաղթահարել իր գոյութեան դէմ ծառացող մահացու վտանգը: Բնականաբար Իրանի եւ անոր զինակից Հըզպալլայի կարեւոր աջակցութիւնը նշանակալի դեր խաղցան կարգ մը շրջաններու մէջ ճզմելով ահաբեկչական որջերը:

Այսպէս կոչուած «Արաբական գարուն»ի գլխաւոր թիրախներէն մէկն էր Սուրիան՝ Լիպիոյ կողքին: Քանդել հաստատուն եւ ոչ կրօնամոլ վարչաձեւեր եւ զանոնք փոխարինել անկայուն, երկչոտ իսլամամէտ պետական կառոյցներով: Ըստ երեւոյթին, ահա այս էր ծրագրուածը:

Հնգամեակ մը առաջ, երբ ակնյայտ դարձաւ, որ հակառակ արտաքին բոլոր միջամտութիւններուն, արեւմուտքի կողմէ պարտադրուած տնտեսական բազմաթիւ պատժամիջոցներուն, Սուրիան մնաց կանգուն, Արաբական Ծոցի կարգ մը երկիրները նախապատրաստական քայլերու սկսան դիմել, օժանդակելու երկրին վերաշինութեան: Անոնք հսկայ ներդրումներ սկսան ծրագրել Սուրիոյ տնտեսութիւնը վերականգնելու նպատակադրութեամբ: Սակայն աւաղ, բարի եւ դրական այս նախաձեռնութիւնները մնացին լոկ թուղթի վրայ: Արեւմտեան մայրաքաղաքներէն «բարեկամական ազդարարութիւններ» տեղացին այս երկիրներու ղեկավարներու գլխուն: Այնուհանդերձ, չանսալով Սուրիոյ հետ ոչ մէկ գործ ունենալու արեւմտեան կողմերուն, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնը եւ ապա Պահրէյնը վերաբացին իրենց դեսպանութեան շէնքերը, առանց սակայն վերահաստատելու առկախուած դիւանագիտական յարաբերութիւնները:

Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ Հիւսիս Արեւմտեան շրջաններուն մէջ Փետրուար 6ին պատահած մահասփիւռ երկրաշարժը տեղաշրջեցին Սուրիոյ եւ Արաբական երկիրներու միջեւ տիրող սառած յարաբերութիւնները: ԱլՃերիան առաջին արաբական երկիրը հանդիսացաւ օժանդակութիւն փութացնելու աղէտեալ Սուրիա: Անտեսելով Սուրիոյ վրայ դրուած տնտեսական պատժամիջոցները, Ալճերիան իրեն օդային տարածքը փակեց, որպէսզի իր օդանաւերը առանց արգելքի թռչին դէպի Սուրիա:

«Մենք չենք կրնար գործել առանց Սուրիոյ եւ Սուրիան իր կարգին չի կրնար գործել առանց արաբական աշխարհին: Մենք կը հաւատանք որ, ան շուտով կը վերադառնայ» յայտարարած է Իրաքի խորհրդարանի նախագահ Մոհամատ Գալպուսի: Ան մաս կը կազմէր Յորդանանի, Պաղեստինի, Լիպիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Օմանի եւ Լիբանանի խորհրդարաններու նախագահներու մակարդակի կազմուած բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը որ ջերմօրէն ողջունուեցաւ նախագահ Ասատի հետ: Անոնք, այս առիթով օգտաշատ խօսակցութիւններ ունեցան Սուրիոյ նախագահին կողմէ:

Իր կարգին, տասնամեակի մը լռութենէ ետք, Եգիպտոսի նախագահ Ապտէլ Ֆաթթահ Սիսին, հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիացի իր պաշտօնակիցին հետ, որուն յաջորդեց Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիին Դամասկոս պաշտօնական այցը:

Քաղաքական դէտեր Արաբական երկիրներու մերձեցումը Սուրիոյ հետ հետեւեալ երեւոյթին կը վերագրեն. Ամերիկայի եւ Եւրոպական Միութեան ուշադրութիւնը այժմ կենդրոնացած է առաւելաբար Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմին, ինչպէս նաեւ Չինաստանի վրայ: Այլ մեկնաբաններ կը պնդեն, թէ գլխաւորաբար Ուաշինկթընը՝ զգալիօրէն, որոշ չափով կորսնցուցած է իր հեղինակութիւնը, աշխարհի զանազան երկրամասերուն վրայ եւ առ այդ բազմաթիւ երկիրներ «կը համարձակին» մեծ կարեւորութիւն չընծայել արեւմուտքի ցուցմունքներուն:

Նիւ Եորք

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին