Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Տարածաշրջանային Ժողովներով Կը Վերսկսին Մամուլի Խմբագիրներու Համախմբումները

Համակարգող Խորհուրդի Նիստ Երեւանի Մէջ.

Խմբագիրներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 8 փետրուար 2023-ին «Նոյեան տապան» լրատուական գործակալութեան Երեւանի կեդրոնին մէջ:

Նիստին մասնակցեցան Սաթիկ Սէյրանեան, Նարինէ Նազարեան, Արամ Անանեան, Տիգրան Յարութիւնեան, Շահան Գանտահարեան, Սեւակ Յակոբեան, Միքայէլ Հաճեան եւ Յակոբ Ասատրեան:

Ժողովականները ընդգծեցին շրջափակուած Արցախի մասին հայկական բոլոր լրատուական միջոցներուն առօրեայ արձագանգումներուն կարեւորութիւնը, միջազգային հանրային կարծիքին օտարալեզու թողարկումներով տեղեկացնելու հարցին էութիւնը, Ազրպէյճանի ցեղական զտման քաղաքականութեան մերկացումին անհրաժեշտութիւնը:

Նիստը կարեւոր նկատեց նաեւ այսօրուան պայմաններուն մէջ տեղեկատուական հարթութեան վրայ համագործակցութիւնը վերարժեւորելու եւ լրատուական ցանցային համակարգը նպատակաուղղուած աշխատցնելու հրամայականը:

Որոշուեցաւ յետհամավարակային ներկայ ժամանակահատուածին համախմբումի հանդիպումներու ձեւաչափը վերականգնել եւ աշխատանքներուն հարթակները վերաձեւաւորել:

Այս շրջածիրին մէջ արծարծուեցաւ տարածաշրջանային համաժողովներ կազմակերպելու կարելիութիւնը: Առաջին տարածաշրջանային համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ:

Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին համար նախատեսուած այս համաժողովին մանրամասնութիւնները կը հրապարակուին շուտով:

Համակարգող խորհուրդը իր հերթական նիստերը պիտի շարունակէ գումարել թէ՛ առցանց, եւ թէ ֆիզիքական ներկայութեամբ հանդիպումներու դրութիւններով:

Լրատուամիջոցներու խմբագիրները իրենց առաջարկները կրնան յղել
panarmenianmediaforum@gmail.com հասցէին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին