Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Փիէր Կիւլիւմեանի Աճիւնները Կը Վերադառնան Մայր Հայրենիք

Նորագոյն ազգային – ազատագրական պայքարի ազատամարտիկ, նահատակ Փիէր Կիւլիւմեանի աճիւնները՝ իր նահատակութենէն քառասուն տարիներ ետք, վերջապէս պիտի ամփոփուին Մայր Հայրենիքի հողին մէջ:

Փիէր Կիւլիւմեան՝ դժբախտ պատահարի հետեւանքով նահատակուած էր Փարիզի մէջ՝ 2 Օգոստոս 1982-ին:

Մինչեւ իր նահատակութիւնը՝ ան եղած էր Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի Եւրոպայի տարածքի զինուորական պատասխանատուն եւ իր այդ հանգամանքով, ղեկավարած ու անձնապէս մասնակցած էր զինուորական բազում գործողութիւններուն:

Անոր աճիւններու վերադարձը ու հայրենի հողի հետ միաձուլումը կը խորհրդանշեն՝ ազգային անկորնչելի իրաւունքներու վերատիրացման համար ազատագրական պայքարի յարատեւման անկոտրում կամքը, եւ բռնագրաւուած հողերու ազատագրման ու Մայր Հայրենիքի միացման գաղափարի արդիականութիւնը ու անժամանցելիութիւնը:

Այս առիթով հրապարակուած Հայկական Ժողովրդային Շարժումին հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Կիւլիւմեանի աճիւններու վերայուղարկաւորման մանրամասնութիւններուն մասին, հանրութիւնը տեղեակ կը պահուի ատենին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին