Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Ներէ որ Ներկայ Չեմ…..

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ ԽՏԸՇԵԱՆ

Ի՞նչ բառերով դիմեմ քեզի սիրելի Մարզպետ, երբ հայկազեան ոսկեղնիկի գոհարները  շաղ կու տայիր յօդուածներուդ մէջ, մինչ ես հիմա կաղ հանգերով կու գամ յիշատակիդ բուռ մը աղօթք մրմնջելու։ Աղօթք որովհետեւ գովաբանութիւններէն ու  դրուատիքի խօսքերէն կը խորշէիր։  Աղօթք որովհետեւ մեր աղօթքներու յորդորներով եւ շարականներու երկնային մեղեդիով  կախարդուած ապրեցար կեանքդ ու առաջնորդուեցար անոնց թելադրականութեամբ ու եղար խիզախ եւ ուղղամիտ։ 

1965-ին մեկնեցար Միացեալ Նահանգներ մասնագիտանալու կենսքիմիաբանութեան մէջ եւ պատուով աւարտեցիր գիտաթէզդ։

Ամերիկեան կենցաղի պարտադրած հեւքն ու ընկերային ապրելաոճը չընկրկեցին քեզ երբեք եւ ոչ ալ անոր ընծայած հրաշալիքներն ու բարիքները շլացուցին շեղելու ու տարուելու անոնցմով,  ինքնութեանդ մէջ մնացիր ամուր ու անսասան։ Պարտականութիւններուդ եւ ազգային յանձնառութիւններուդ մէջ եղար անբասիր եւ բծախնդիր։ Ո՛ւր որ ալ գտնուեցար մղոններով հեռու թէ մօտիկ, ամէն Կիրակի հոն էիր, հայ  առաքելական եկեղեցւոյ, էջմիածնական թէ Կիլիկեան, սրտառուչ պատարագին ներկայ եւ հեռուէն մասնակից անոր։ Հաղորդուեցար մեր շարականներու դիւթանքով եւ կենսաւորուեցար մեր  հայրապետներու  պատգամներով ու մնացիր հաւատքիդ մէջ ու հայ եկեղեցւոյ հանդէպ ժայռի պէս ամուր։  Ամերիկան՝ ովկիանոս մը մշակոյթներու, ազգերու եւ ժողովուրդներու ծուլարանին, չկրցաւ շրթներէդ խլել կամ աղաւաղել մայրենին, ընդհակառակը աւելի բիւրեղացաւ հիացում ու զարմանք առթելով ընթերցողներուդ մէջ։ «Յօդուածներդ մէկական արուեստի ստեղծագործութիւններ են» ըսած էր  Պրն. Երուանդ Ազատեանը Դանիէլ Վարուժանի մասին գրած գրախօսականիդ առիթով։

Բաց էր դուռդ հարազատներուդ, սիրելիներուդ  եւ բարեկամներուդ առջեւ, ճոխ էր սեղանդ հօրմէդ ու մայրիկէդ ժառանգած հիւրընկալութեան աւանդութիւններով։ Համեստ սեղանիդ հիւրերն էին  ակադեմիկոս, գիտնական, թէ համաշխարհային հռչակ վայելող գրողներ մտաւորականներ, գիտնականներ, Տոքթ. Տամատեան, Ծառուկեան, Վահէ Վահեան, Կարապենց,  Գուրզադեան, Սարոյեան, Զարեհ Մելքոեան եւ երկար շարքը ազնիւ ու ազնուացնող մարդոց։ Կը սիրէիր սեղանիդ շուրջ ի մի բերել հակաբեւեռ հայեացքներով, (փոխ առնելով քու բառերդ) կուսակցական տարբեր հոսանքներու  պատկանելիութեամբ  ընկերներդ, ստեղծելով առիթը իրար հետ խօսելու որ հետզհետէ տաքնալով կը բորբոքէր ու փրփրած կը վերածուէր տաք վիճաբանութեան։  Սակայն, դուն էիր խմբավարը եւ գիտէիր աւարտել երեկոն հաշտ եւ ուրախ, կենացներ  առաջարկելով ու հրաւիրելով վայելելու խոհարարական տաղանդդ,  քիմիագէտի բծախնդրութեամբ պատրաստուած,  ըմբոշխնելու ժիկօն որ վեցէն ութը  ժամ փուռը կարմրելէ ետք զգլխիչ բոյրով լեցուցած կ՚ըլլար սենեակդ։

Սրամտութիւններդ կճող, աշխարհիմացութիւնդ անմրցելի, քննադատութիւններուդ մէջ աննախապաշար ու անխնայ, ցաւցնելով յաճախ ենթական, բայց միշտ հիմնաւոր ու անխարդախ, որոնք կը պսակուէին անպարծութեան բարեմասնութեամբ հրապուրելով շուրջիններդ,  փնտռել տալով ներկայութիւնդ։

Գիրքերէդ մակագրուած ուղարկած էի Երեւանի Պետական Համալսարանի գրականութեան դասախօս եւ Սփիւռքի փոխ-նախարար Պրն. Սերժ Սրապոնեանին,  Հայկազեան համալսարանի մէջ, համագումարի մը հանդիպման, ըսաւ՝ «Ես էլ կարծում էի Մարզպետը  մի 85-ը անց նահապետ է,  սա երիտասարդ տարիքին ի՜նչ մեծասքանչ հայերէն է  եւ ի՜նչ հրաշալի մտքեր, ես ուղղակի հիացած եմ»։

Ապրեցար հայօրէն ու շնչեցիր հայութեամբ։ Տրոփեց  սիրտդ Հայրենիքի տագնապներով ու ալեկոծուեցաւ անոր տխուր ելեւէջներով։ Մեր պատմութիւնն ու գրականութիւնը պարուրեցին քեզ, դառնալով քու ներաշխարհիդ շարժիչ ուժը, մնացիր  գերուած մեր եկեղեցւոյ աղօթքներով,  տագնապած մեր պատմութիւնէն բխող անդոհանքով եւ սքանչացած մեր գրականութեան հսկաներու ներշնչած  պատգամներով եւ հմայուած անոնց լուսավառ  գաղափարներով ստեղծեցիր քուկդ։ Կատարեալին բծախնդրութիւնէն թելադրուած, Հայերէն լեզուի հարուստ Բանին վրայ խարսխուած, գիտութիւններու ընդարձակ պաշարով կռանուած, նշդրակի հարուածներով հանգուցալուծեցիր յանդուգն մտքերդ մրճահարող բառերով հասնելու համար անարարկելի եզրայանգումներու։ Եւ քանդակեցիր հոյակապ յուշարձաններ՝ «կախարդանքին» ներքեւ «պօսթընեան պատկերներ»ու, «Նիւ Եորքցիները»ու եւ «Թեւաբեկ հրեշտակներու քաղաքին մէջ», ուր գաղափարներդ  հրաշափառ հայերէնով կը հնչէ բիւրեղի պէս մաքուր,  բառերդ անբռնազբօս լուսափայլ մարգարիտներու նման կը սահին ընթերցողին պարգեւելով  արձակ բանաստեղծութիւն կարդացած ըլլալու վայելքը։ Խորունկ գրագէտի մտքին յատուկ, քանդակեցիր պատկերները  հայ մտքի ու գաղափարի  հսկաներուն, հոգիէդ ճառագայթող սէրն ու հիացմունքդ արտայայտելով  մարդկային հոգիին հզօրագոյն ապրումներով։

Այնքան մեծ են մեր մեծերը գրիչիդ տակ ու այնքան շքեղ  եւ  ուժեղ   Հայերէնը՝ գրիչիդ տակ։

Հանգիստը չէիր ճանչնար, պզտիկ մրափ մը բաւարար էր յոգնութիւնդ առնելու եւ շարունակելու աշխատանքներդ։ Պօսթըն 1979-ին, օր մը երբ քեզի այցելութեան եկած էինք, թիկնաթոռին վրայ երկնցած հագուստներդ չէիր հանած,  կէս գիշերը անց ժամը երեքին արթնցար եւ կէս քուն կէս արթուն  կամացուկ մը դուռը բացիր եւ երբ դուրս պիտի ելլէիր Սոնան եւ ես ընդոստ ցատկեցինք հարց տալով թէ ո՞ւր կ՚երթայիր գիշերուայ այդ ժամուն, «Հիմա կու գամ Լապորաթուար պէտք  է երթամ գործ մը ունիմ որ այս ժամուն պէտք է աւարտեմ,  շուտ կու գամ»,  ըսիր եւ ցուրտին դուրս ելար։ Սոնային հետ անճրկած իրար կը դիտէինք, լապօրաթուարը 45 վայրկեան հեռու էր տունէն։ Առտուան մօտ վերադարձար տուն։ Այս աշխատելաոճդ շարունակուեցաւ մինչեւ վերջին շունչդ։   Ահա թէ ինչ գնով վաստկած էիր վարկդ։ Երբ հանգստեան կոչուեցար, տակաւին երկու տարի առաջ,  ինքզինքդ նուիրեցիր  ամբողջացնելու   «Քաղաքներու Կախարդանք»ի եռահատոր շքեղ  գրքիդ վերջին հատորի հրատարակութեան։ Կարմիր էր առաջին հատորդ, Կապոյտ՝ երկրորդը, Նարնջագոյն պիտի ըլլար՝ երրորդը, ազգային  դրօշի եռագոյնէն ներշնչուած եւ գոյներու Ծառուկեանական թելադրանքէն մղուած բաժնեցիր նաեւ նիւթերդ։ Այն դրօշին որ տասնեակ տարիներ զարդարեց Պօսթընի սենեակիդ  պատը, կարծես  հպարտօրէն կ՚երդուէիր ամէն առաւօտ հաւատարիմ մնալ հայրենական ուխտիդ, սպասելով անոր տուն դարձին։ Մինչեւ վերջապէս եւ վերջնականապէս 1992-ին  Հայաստանի անկախացումով իր արժանի պատուանդանը գտաւ՝ ծածանելով Հայաստանի հանրապետութեան շէնքին, Երեւանի հրապարակին վրայ։ Երբ այլեւս դարձաւ համայն  հայ ժողովուրդի ազգային պետական դրօշը, պատմութեան աղբանոցը նետելով տասնամեակներու անարգանքն ու  սրբելով բաժանարար ամէն քէն ու ոխ։ «Եթէ Լեւոն Տէր Պետրոսեան պիտի յիշուի մեր պատմութեան մէջ այն ալ միայն Եռագոյնը վերադարձուցած  ըլլալուն համար, իր արժանի տեղը՝ դարձնելով Ազատ Անկախ Հայաստանի պետականութեան  դրօշին», կ՚ըսէիր յաճախ։   Ընկերներէդ շատերը երբ տունդ հրաւիրած ըլլայիր առաջին անգամ ըլլալով,  եւ երբ անոնք ներս մտնէին քիչ մը զարմանքով եւ երբեմն ալ տատամսոտ ու անհանգիստ ի տես պատէն կախուած դրօշին,  կը նստեցնէիր դրօշին   տակ եւ «մեր անկախութեան խորհրդանիշն է» կ՚ըսէիր, առանց ուշադրութիւն դարձնելու անոնց արտայայտութեան եւ կը շարունակէիր հիւրասիրութիւնդ։   

            Դժբախտաբար, անհանգստութիւնը ճնշեց ու չկրցար, դժուար եղաւ կեդրոնանալ աշխատանքներուդ վրայ։ Ամէնօրեայ խոստումներդ՝  «վաղն իսկ» ամբողջացնելու, չհասցուցիր աւարտին, մինչեւ անողոք մահը խլեց քեզ, ժառանգելով մեզի պատասխանատու եւ դժուարին գործը՝ հրատարակելու եռագոյնիդ  երրորդ՝ նարնջագոյն հատորը։   Ճիշդ է ամբողջացուցած ես, սակայն վերջին խօսքն ու «վերջնականին» կնիքը չդրոշմած մեկնեցար ։

Կեանքիդ խորհուրդը հայ ըլլալու երեւոյթն էր։ Մեր մեծերը դարձան քեզ ուղենիշ, ու անոնց պատգամները՝ կեանքիդ ուղեցոյց,  հպարտացար անոնց սխրանքներով ու կերտած փառքով ։ Հարստացար դարերու խորերէն եկող մեր պատմութեան գանձերով, ազնուացար անոնց կսկծացնող մորմոքներով, գոյութեանդ իմաստը պայմանաւորելով անոնցմով։ Ապրեցար մեր մշակոյթի հանճարներու մտքի շքեղութեամբ անոնց  վեհութիւն ներշնչող հպարտանքով ու կերպարանաւորեցիր հայը,  Վսեմ Հայը։

Հայրենիքն ու ծննդավայր Լիբանանը մնացին երկու մեծ սէրերդ, սէրեր որոնց չհասար, որոնց կարօտով ալ ննջեց խռովայոյզ հոգիդ ։

Գնա՛ միացիր հայ մտքի լուսաճակատ գաղափարի ընկերներուդ փաղանգին, որոնց փառքը ներբողեցիր շռայլելով հայկազեան բարբառի մարգարիտները անոնց, որոնք հայրենիքի կարօտով գրկեցին օտար ու ցուրտ հողը,  դուն  եւս  կարօտը սրտիդ, կ՚երթաս  այդ հողին մէջ ձուլուելու որ ժամանակի մը համար եղաւ յաջողութիւններուդ ու նուաճումներուդ պատուանդանը։

 «ՆՆջիր ուրեմն սուրբ շիրիմիդ տակ,

Քանզի արթուն ես մեր հոգիներում,

Չէ՞ որ ինչ որ տեղ փոքրերս ու Մեծըդ

Հաւասարուում ենք,  դառնում աջակից,

Դու գործն ես առել,  մենք…յանձն ենք առել։»[1]


[1] Պարոյր Սեւակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին