2022 Նոյեմբերի 22-ին «The Future Maker» կրթական նախաձեռնութիւնը կազմակերպեց առաջին արեւելումի դասախօսութիւնը լիբանանահայ դպրոցներու բարձր կարգի աշակերտներուն համար։ Դասախօսութիւնը, որուն մասնակցեցան 32 աշակերտներ, տեղի ունեցաւ Փոլիկլոթ քոլէճի սրահին մէջ։
Care International մարդասիրական կազմակերպութեան Լիբանանի ծրագիրներու կառավարիչ, օրուան դասախօս պարոն Յովիկ Ադամեան մասնակիցներուն պատմեց ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններուն, անոնց գործունէութեան դաշտերուն, այդ մարզի մասնագիտութիւններուն եւ աշխատանքի հնարաւորութիւններուն մասին:

The Future Maker կրթական նախաձեռնութիւնը կը նպատակադրէ օգնել Լիբանանի հայկական վարժարաններու բարձր կարգի դասարաններու աշակերտներուն, որպէսզի կարենան լաւագոյն ընտրութիւն մը կատարել ապագայի իրենց համալսարանական ուսման եւ գործի ասպարէզներուն վերաբերեալ: Այդ նպատակով, 2022-2023 տարեշրջանին նախաձեռնութիւնը պիտի կազմակերպէ ուսումնական եւ աշխատանքի արեւելումի բնոյթ կրող դասախօսութիւնները, որոնց նիւթերը պիտի ընդգրկեն Լիբանանի եւ արտասահմանի համալսարաններու կրթական ծրագիրները, ապագայ համալսարանականը հետաքրքրող զանազան հարցեր եւ ապագայ գործի ասպարէզներուն մասին օգտակար տեղեկութիւններ: Կը նախատեսուին նաեւ դասախօսութիւններ՝ ի նպաստ աշակերտներու ընդհանուր զարգացումին: Դասախօսները պիտի ըլլան լիբանանեան համալսարաններու պատասխանատու ներկայացուցիչներ եւ դասախօսներ, տարբեր աստիճաններու համալսարանական ուսանողներ, տարբեր ասպարէզներու մէջ աշխատող մասնագէտներ եւ գործարարներ ու հոգեբաններ՝ Լիբանանէն եւ արտասահմանէն:
Դասախօսութիւնները անվճար են. արձանագրութեան համար աշակերտները պէտք է կապ հաստատեն 78 935 944 WhatsApp հեռախօսաթիւին վրայ՝ նախաձեռնութեան համակարգող Էդուարդ Թաշճեանի հետ: