Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Ռուսաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Win Win Գործարք Եւրոպայի Հաշւոյն. Հայերս Պիտի Օգտուի՞նք, Թէ Վնասենք. Ահա Ա՛յս Է Հարցումը

Յուլիսի 18-ին երբ Ազրպէյճան պայմանագիր կնքեց  Եւրոպական Միութեան հետ հսկայական քանակութեամբ կազ մատակարարելու անոր անդամ երկիրներուն, հիմնական հարցադրումը այն էր, որ Ազրպէյճան ինչպէ՞ս պիտի մատակարարէ խոստացած քանակութիւնը երբ ինք չունի այդքան կազ: Արդարեւ Ազրպէյճանը այդ պահուն իր միջոցներով լաւագոյն պարագային կրնար ԵՄ-ի կազի պահանջին 5 տոկոսը միայն գոհացնել:

Երեք օր առաջ էր, երբ յայտնի դարձաւ, որ Ռուսական «Կազփրոմ» հաստատութիւնը 1 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ պիտի վաճառէ Ազրպէյճանական «Սոքար»-ին…: Ուրեմն պարզ է, որ այս կազն է, որ Ազրպէյճան իր կարգին բարձր գիներով պիտի վերավաճառէ Եւրոպային եւ ապահովէ նիւթական մեծ շահեր: Ռուսաստանը իր կարգին, այս միջոցաւ պիտի կարողանայ շրջանցել իր վրայ պարտադրուած Եւրոպական պատժամիջոցները եւ այդ նոյն Եւրոպային իր կազը վաճառել: Արդարեւ Win Win իրավիճակ մը, որուն հետեւանքով Եւրոպան պիտի ըլլայ հիմնական տուժողը, աւելի սուղ գինով գնելով նոյն այդ ռուսական կազը…:

Այս գործարքով ի՞նչ կարելի է ենթադրել «Գազփրոմ»ի եւ «Սոքար»ի ետին կանգնող պետութիւններուն յարաբերութեան մասին: Աւելի քան պարզ է, որ նման համաձայնութիւն մը տնտեսականին կողքին ունի իր քաղաքական ենթահողը, հետեւաբար՝ պայմանաւորուածութիւնը, որ կրնայ արտացոլալ տարածաշրջանին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ հակառուս գործողութիւններ չիրականացնելով, ընդ որում առաջինին հանդուրժելը ռուս խաղաղապահներուն Արցախի մէջ երկար կեցութեան: Կարելի է նաեւ ենթադրել, որ նոյն գործարքը իրականացնելու համար Ազրպէյճանը ապահոված կրնայ ըլլալ ռուսական կողմին աչք փակելը յառաջիկայ իր պատերազմական սանձարձակ գործողութիւններուն հանդէպ…:

Հայերուս համար կը մնայ սպասել տեսնելու համար, թէ ի՞նչ պիտի պատահի, թէ պատրաստ ըլլալ երկու սցենարներուն համար ալ: Ահաւասիկ այս է Հարցումը:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին