Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Վկայութիւններ Ը. Դարէն. Հայ Առաջին Կին Շարականագիրները

Դոկտ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

«Կինը ստեղծուեցաւ այր մարդու կողէն։ Ո՛չ ոտքէն, որպէս­զի նուաս­տացուի։ Ո՛չ գլուխէն, որ գերազանցէ։ Այլ կողէն, որպէսզի անոր քով ըլլայ։ Թեւին տակէն, որպէսզի պաշտ­պան­ուի։ Եւ սիրտին կողմէն, որ­պէսզի սիրուած ըլլայ»։ (Ս. Օգոստինոս Հիպպոնացի)

Ե. դարու Եկեղեցւոյ ականաւոր հայրե­րէն Ս. Օգոստինոս Հիպպոնացիին կը վե­րագրուի այս բացա­ռիկ գնահատակա­նը, որ ան տուած է կնոջ մասին։ Ան կ’ա­ռընչուի աստուա­ծաշնչական արարչա­գործութեան պատ­մու­թեան հետ, որ իր ազդեցութեան գե­րա­զանց կնիքը ձգած է մարդու գոյու­թեան՝ Ադամի ու Եւայի ստեղծագործու­թեան վերաբերեալ պատ­կերացումնե­րուն վրայ։ Քրիստոնէութիւ­նը եղաւ այն կրօնը, որ Աստուածամօր սուրբ կերպա­րով ազնուացուց կնոջ վի­ճակը ու բարձ­­րացուց անոր դիրքը ընկե­րային կեանքին մէջ։ Բարոյական այս ըն­կալու­մը իր բնա­կան զար­գացումը ունե­ցաւ Եկեղեցիին մէջ եւ առիթ տուաւ բա­րերար ներշնչում­ներու նաեւ հայ իգա­կան սե­ռին։ Արդա­րեւ, հայոց պատմու­թեան մէջ հայ կինը չզլացաւ իր հաւատ­քին կուսա­կան ծա­ղիկները նուիրաբե­րելու Հայ Եկեղեցիին, անոր սրբութեան վառարա­նին մէջ լեցնե­լով անուշաբոյր խունկը իր հոգիին, սրտին ու մտքին։       

Հայ Եկեղեցւոյ շարականին քաղցրախօս քնարը հնչած է նաեւ հայ ժողովուրդի ի­գա­­կան սեռին պատ­կանող հոգեշունչ ներ­­­կա­յացուցիչներէն, որոնցմէ են ան­տա­­րակոյս Սա­հա­կա­դուխտ Սիւնեցին եւ Խոսրո­վիդուխտ Գողթնա­ցին[1]։ Թէպէտ մեր մատենագրու­թիւ­նը իրենց մասին չի վկայեր, թէ երբեւէ ունեցա՞ծ են իրենք եկեղեցական որեւէ տու­չութիւն, ինչպէս օ­րի­նակ՝ սարկաւա­գութեան աստիճան կամ այլ կոչումներ, այնուամե­նայնիւ ի­րենց կեանքն ու վաստակը, գոնէ Սահա­կադուխտ Սիւնեցիի պարագային, ան­հաւա­նական չի դարձներ ենթադրե­լու, թէ ան հաւանաբար ընդունած է եկեղե­ցական համա­պատասխան կարգավի­ճակ մը, այլ խօսքով՝ պաշտօն մը, որուն շնորհած հեղի­նա­­կութիւնն ու դիրքը, ցա­ւօք, անյայտ կը մնայ մեզի։ Ասով հան­դերձ, բոլորովին աւե­լորդ պիտի չըլլայ այս­տեղ հակիրճ անդրա­դառնալու իրենց սրտին ու հոգիին բու­րումնաւէտ ծաղիկ­ները հայ մատենագրութեան անդաստա­նին ձօ­նած հայոց իգական սեռի այս ներկայա­ցու­ցիչ­ներուն՝ միանձնուհի Սահակա­դուխտ Սիւնե­ցիին եւ իշխանու­հի Խոս­րովիդուխտ Գողթ­նա­ցիին, պարզապէս իրենց ցայ­տուն օրինակով վկայելու հա­մար, թէ մեր Եկե­ղեց­ւոյ զարգացման վաղ շրջա­նին ինչ­պիսի՛ կարեւոր դերա­կատա­րու­թիւն մը ունեցած են կանայք՝ յօրինելով երա­ժշտութիւն, շարական, մեղեդի ու տաղ։

Սահակադուտ Սիւնեցի եղած է Է.‒Ը. դարերու բազմավաստակ մատենագիր Ստե­փա­նոս Սիւնեցիին քոյրը եւ յիշատակուած է անոր վարքագրութեան մէջ հետեւեալ տողե­րով.

«Սուրբ Ստեփանոս ունէր Սահակադուխտ անունով քոյր մը` կուսական վար­քով, որ հրաժարած էր աշխարհի բոլոր զուարճութիւններէն: Երթալով Դուին քա­ղաքը` բնակեցաւ Գառնիի խոր ձորին մէջ` Ազատ գետին մօտ […] Այնտեղ հաւ­նելով բնակեցաւ սուրբ կոյսը` սուրբ Սահակ հայրապետի բնակատեղիին մէջ, այն­տեղ ալ վախճանեցաւ: Ան զարդարուած էր բոլոր առաքինութիւններով եւ իմաստութեամբ. կը դաստիարակէր անարատ մանուկները եւ հասցնելով չա­փահասութեան` քահանայութեան կը կարգէր: Իսկ ինքը, վարագոյրի ետեւ նստելով, կ’ուսուցանէր աշակերտներուն: Ան ստեղծեց բազում տաղեր, մեղե­դիներ, ծննդեան եւ փոխման կցուրդներ, որոնցմէ մէկը ‛Սրբուհի Մարիամ’-ն է’»[2]։

Հիմնուելով Մխիթար Այրիվանեցիի հաղորդած սոյն տեղեկութեան վրայ, Ստեփանոս Օրբէլ­եան նոյնպէս Սահակադուխտին մասին կը վկայէ՝ ըսելով.

«Ան շատ հմուտ էր երաժշտական արուեստին մէջ, որ վարագոյրի ետեւ նստե­լով` կ’ուսուցանէր շատերուն: Եւ ստեղծեց քաղցրեղանակ կցուրդներ եւ մեղե­դի­ներ, որոնցմէ մէկը ‛Սրբուհի Մարիամ’-ն է, որ իր անունով է յօրինուած»[3]։

Սահակադուխտ հեղինակած է նաեւ Աստուածածնի վերափոխման ձօնուած կցուրդ մը՝ սա տողերով՝ «Այսօր բազմութիւնք առաքելոց եւ կուսանաց ժողովեալ ի միասին», որ կազմուած է հինգ տունէ[4]։ Բաց աստի, իր գրչին կը պատկանի նոյնպէս Մեծի Պահոց Խաղաղական ժամերգութեան «Սրբուհի Մարիամ սափոր ոսկի» Դկ. ստեղի շարա­կա­նը, որուն միայն առաջին եւ եօթներորդ տուները պահպանուած են Հայց. Եկեղեցւոյ ժա­մագիրքին մէջ[5]։

Անթաքոյց հիացմունքի է արժանի Սահակադուխտ միանձնուհին, որուն լուսապսակ անձը եւ ամենայն յիշատակութեան արժանի գործը, հակառակ պատմական տեղեկու­թիւններու ժլա­տութեան, հայ կուսաններու, բիւրաւոր վկայուհիներու եւ գթութեան քոյրե­րու առինքնող հրապոյր մը կ’առթէ մեր հոգիին մէջ։ Յոյժ հետաքրքրական պէտք է նկատել, որ Ը. դարուն կանայք կարելիութիւնը ունեցած են յօժարակամ միանձնուհի դառնալու եւ ճգնելու Այրիվան­քին կամ անոր մերձաւորութեան մէջ, ուր միաժամանակ 140-ի հասնող քարանձաւ-խուցերէ ներս միայնակեաց այր ճգնաւորներ կ’ապրէին[6]։  

Քրիստոնէական հաւատքի արգասիքներէն մին հան­դիսացող ճգնազգեաց կեանքը ցայսօր կարելի է տեսնել նաեւ քոյր եկեղեցիներու աւանդութեան մէջ, ինչպիսին, զորօ­րի­նակ, Յունաս­տանի Աթոս վանական թերակղզին է, ուր, վանքերէ ու վանական միա­բանու­թիւններէ բացի, լեռներու բարձունքին կամ ձորերու քարանձաւներու մէջ ճգնա­ւորական կեանքով հարիւ­րաւոր ճգնաւորներ կ’ապրին։ Բայց կանանց մուտ­քն ու ներ­կայութիւնը այդտեղ բացարձա­կապէս արգիլուած է՝ կազմելով բացառաբար այր վանա­կաններէ կայացած կրօնական հանրապետութիւն մը։ Մինչդեռ, այս առնչութեամբ, սե­ռերու հար­ցին մէջ անուրանալի լայնա­խոհութիւն մը դիտարկելի է Հայց. Առաք. Եկե­ղե­ցիէն ներս, քանի որ, ահաւասիկ, յանձին Սահակադուխտի կը վկայուի, թէ ան խստամ­բեր կեանք մը վարած է Այրիվանքի շուշան ստուերին տակ՝ այր վանական­ներու եւ ճգնա­­ւորներու «հարեւա­նութեան» կամ «մերձաւորու­թեան» մէջ։

Արդարեւ, այս համաթեքթսին մէջ առաւել յիշարժան փաստ մըն է Սահակադուխտ միանձնու­հիին ունեցած ուսուցանելու իրաւունքը, թէկուզ նստելով վարագոյրին ետեւ, ինչպէս գրաբար բնագիրը կ’ըսէ՝ «ի ներքս վարագոյրին», երբ «…կը դաստիարակէր անարատ մանուկները եւ զանոնք հասցնելով չափահասութեան` քահանայութեան կը կարգէր:»[7]։ Այսինքն՝ կ’ուսուցանէր եւ քահանայական ձեռնա­դրութեան կոչումին կը հասցնէր շատ մը կղերիկոս­ներ։ «Կարգէր ի քահանայութիւն» վկայութիւնը Ը. դարու այս միանձնուհիին մասին մեծա­գոյն առանձնաշնորհում մըն է, երբ նկատի ունենանք, որ այդ ժամանակ քոյր եկե­ղեցիներու նուիրապետա­կան դրուածքին մէջ կանանց դերն ու ներկայութիւնը արդէն հետզհետէ ան­տեսուելու սկսած էր։ Սոյնը, անշուշտ, Հայ Եկե­ղեցւոյ մէջ բացառիկ երեւոյթ մըն է, որ բոլո­րովին ոսկեճամուկ որակ մը կու տայ վաղ միջնադարու մեր հոգեւոր-եկե­ղեցական կեանքին։

Նոյնքան յիշատակելի է նաեւ միանձնուհիին «ի ներքս վարագոյրին» դասաւանդելու սովորու­թիւնը, որ ենթադրել կու տայ, թէ Սահակադուխտ, բառին բուն իմաստով, գե­ղե­­ցիկ եւ գրաւիչ անձնաւորութիւն մը եղած է, եւ քանի որ ինքզինք նուիրած է խստամ­բեր կեանքին, հրաժա­րած է այն բոլոր զգայնութիւններէն, որոնք շարժառիթ կրնային հան­դիսանալ հաճոյքի, մէկ խօսքով՝ ամէն ինչէ, որ հաճելի կրնայ ըլլալ մարմ­նին։ Ան գե­րա­զանց ճիգ մը գործադրած է իր գեղով չգայթակղելու համար իրեն «առ ոտս» ուսանե­լու եկող պատանիները, քանի որ ճգնո­ղական կեանքին առանցքը կազմած է կամայ թէ ակամայ չմեղանչելու նպա­տակով մարմ­նաւորէն հրաժարումը եւ փոխարէնը հոգեւորին հետ միացումը՝ Քրիստո­սով փրկուելու հա­մար։ Քրիստոնէական ընկալումով՝ մեղքը ար­դէն իրագործուած փաս­տը չէ միայն, այլ նա­խապէս անհատ մարդու մտքին մէջ մտա­ծումը եւ անոր զգայա­րաններուն մէջ մեղանչելու գործողութեան մղող հրապոյրը։ Սահակադուխտ, անտա­րակոյս, «ի ներքս վարագոյրին» յաջողած է օտար աչքերէ պա­հել իր հմայիչ գեղեց­կութիւնը, սակայն դիւթիչ ձա՞յնը…։ Անկա­րելի է երաժշտութիւն դա­սաւանդել առանց երգելու։ Արդեօք Աստուածամօր ձօնած իր «Սրբուհի Մարիամ, սա­փոր ոսկի» շարա­կանին երգեցողութեան ընդմէջէն տակաւին լսելի չէ՞ այն հրեշ­տակա­յին, «քաղցրեղանակ» ու հոգեթով ձայնը, որ սրբու­թեան մը բիւրեղ ապրումը կ’առթէ մեր կրօնազգած սրտին մէջ, մեղսաքաւիչ արցունքի շիթեր քամելով մեր տամ­կացած աչ­քերէն։

Սխալ պիտի ըլլայ կարծել, որ «ի ներքս վարագոյրին» դասաւանդելու սովորութիւնը կապ­ուած ըլլայ իր կին ըլլալուն պատճառով որեւէ արգելքի հետ, քանի որ ինք այնու­ամենայնիւ կը դասաւանդէր։ Այս կը նշանակէ,– թէկուզ սոյնը ըլլայ համարձակ յայտա­րարութիւն մը,– որ Ը. դարուն իգական սեռէ ներկայացուցիչ մը ինքզինքին կը վերա­պահէր ուսուցանելու, այլ խօս­քով՝ «վարդա­պետելու» իշխանութիւն, տակաւին Գրիգոր Տաթեւացիէն եօթը հարիւրամեակ առաջ։ Արդարեւ, Տաթեւացիով հաստատուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանութեան եւ սրբազան աւան­դութեանց մասին վար­դա­պե­տելու հեղինակաւոր իշխանութիւնը՝ վարդապե­տական համապատասխան կարգի եւ գաւազանի տուչութեամբ։

Ը. դարուն, երբ Հայաստան արդէն ամբողջապէս կը գտնուէր արաբական տիրապե­տու­թեան տակ, հայոց երկնակամարին վրայ Սահակադուխտին հետ կը փայլի լու­սա­շող աստղ մը եւս, որ իր շողակաթ ցոլքերը կը ծաթէ հայոց հոգեւոր բանաս­տեղ­ծու­թեան ու երգարուեստին մէջ։ Ան Գողթնի իշխան Վահան Գողթնացիին քոյրն է՝ Խոս­րովիդուխտ իշխանուհին, որ իր եղբօր վասն Քրիստոսի սիրոյն նահատակութեան առ­թիւ կը յօրինէ «Զարմանալի է ինձ քան զերգս երաժշտականաց» տողերով սկսող ներ­բողը[8]։ Ի տար­բերութիւն Սահակադուխտի հոգեզմայլ ստեղծագործութիւն­ներուն, Հայ Եկեղեցին կը կանոնականացնէ վերոգրեալ ներբողը՝ զայն իբրեւ շարական ներմու­ծելով իր շարակ­նոցին մէջ, որ ցայսօր կ’երգուի Վահան Գողթնացիին ձօնուած յիշատակի օրուան կանոնին մէջ՝ կազմելով միակ երգասացութիւնը[9]։ Արդարեւ, արաբական տի­րապետութեան եւ մահմետական կրօնի հակակշռին տակ հեծող Հայ Եկե­ղեցին նախ­ընտրութիւն մը պիտի տար այս ներբողին, որուն բովանդա­կութիւնը բարեբա­նութիւն մըն է մահմետական կրօնին դէմ՝ Քրիստոսի հաւատքին ճշմարտութեան համար վկա­յող եւ արեան նահատա­կութիւն ընդունող հայազգի սուրբին մասին։

Փաստօրէն, հայազգի այս շարականագիրները՝ միանձնուհի Սահակադուխտ Սիւնեցին եւ իշխանուհի Խոս­րովիդուխտ Գողթնացին, համաքրիստոնէական առումով, Ընդհան­րական Եկեղեցւոյ մէջ կը հանդիսանան առաջին կին շարականագիրները, որոնք շուրջ մէկ դարով կը կանխեն յոյն շարականագիր Կասիա Կոստանդնուպոլսեցին (810- 855), որ Բիւզանդա­կան Եկեղեցւոյ մէջ համբաւաւոր դարձաւ՝ յօրինելով 50-ի հասնող շարա­կաններէ ու հոգեւոր ստեղծագործութիւններէ բացի, նաեւ 261 աշխարհիկ գրուածքներ՝ էպիգրամ­ներու բնոյ­­թով[10]:  


[1] Այս մասին տե՛ս Յովսէփեանց Գ., Մխիթար Այրիվանեցի. Նորագիւտ արձանագրութիւն եւ երկեր, Ե­րու­սաղէմ, 1931, էջ 17‒23։ Ստեփաննոս Օրբէլեան, Պատմութիւն Նահանգին Սիսական, Փարիզ, 1859, էջ 182։ Հ. Ղ. Ալիշան, Սիսական. Տեղագրութիւն Սիւնեաց աշխարհի, Վենետիկ, 1893, էջ 127‒128։ Հակոբ­յան Գ. Ա., 8-րդ դարի մեր կին շարականագիրները, «Էջմիածին», ԼԴ (Գ), 1977, էջ 20‒25։ Արևշատյան Ա., Ստեփանոս Սյունեցու վարքը որպես վաղքրիստոնեական Հայաստանի երաժշտական արվեստի արժե­քավոր պատմական աղբյուր, «Բանբեր Մատենադարանի», 30, 2020, էջ 355‒358։ Շիրինեան Է., Առաջին կին շարականագիրները, Արմենուհի Դրոստ-Աբգարեանին նուիրուած Տօնա­գիր (Ֆեստշրիֆտ), Internationale Werkstücke-Deutsch Armenische Studien, Հալլէի համալսարանական հրատարակչութիւն (տպագրութիւնը ընթացքի մէջ է): М. Э. С. Ширинян, Саакадухт СюнециПравос­лавная Энциклопедия, Москва, 2020, т.  LХ, С. 739: Արևշատյան Ա., Խոսրովիդուխտ, Քրիստոնյա Հայաստան հանրագիտարան, Երևան, 2002, էջ 436։  Նավոյան Մ., Սահակադուխտ, նույն տեղում, էջ 878-879։ Քէոսէեան Յ., Սահակադուխտ Սիւնեցի, Մատենագիրք Հայոց, Զ. հատոր, Ը. դար, Անթիլիաս – Լիբանան, 2007, էջ 601‒605։  

[2] Հմմտ. Յովսէփեանց Գ., Մխիթար Այրիվանեցի. Նորագիւտ արձանագրութիւն եւ երկեր, անդ, էջ 17‒18։

[3] Հմմտ. Ստեփաննոս Օրբէլեան, Պատմութիւն Նահանգին Սիսական, անդ, էջ 182։

[4] Տե՛ս Արևշատյան Ա., Ստեփանոս Սյունեցու վարքը որպես վաղքրիստոնեական Հայաստանի ե­րաժշտա­­կան արվեստի արժեքավոր պատմական աղբյուր, անդ, էջ 355‒356։

[5] Անդ, էջ 356։

[6] Շիրինեան Է., Առաջին կին շարականագիրները, անդ (տպագրութիւնը ընթացքի մէջ է):

[7] Հմմտ. Յովսէփեանց Գ., Մխիթար Այրիվանեցի. Նորագիւտ արձանագրութիւն եւ երկեր, անդ, էջ 17‒18։

[8] Տե՛ս Արևշատյան Ա., Ստեփանոս Սյունեցու վարքը որպես վաղքրիստոնեական Հայաստանի ե­րաժշտական արվեստի արժեքավոր պատմական աղբյուր, անդ, էջ 357‒358։ Շիրինեան Է., Առաջին կին շարականագիրները, անդ (տպագրութիւնը ընթացքի մէջ է):

[9] Տե՛ս Շարական սրբոյն Վահանայ Գողթնացւոյն, Մատենագիրք Հայոց, Ը. հատոր, Շարական, Անթիլ­իաս ‒ Լիբանան, 2007, էջ 358։ Արևշատյան Ա., Ստեփանոս Սյունեցու վարքը որպես վաղքրիստո­նեական Հայաստանի երաժշտա­կան արվեստի արժեքավոր պատմական աղբյուր, անդ, էջ 357։

[10] Տե՛ս Շիրինեան Է., Առաջին կին շարականագիրները, անդ  (տպագրութիւնը ընթացքի մէջ է):  Արև­շատյան Ա., Ստեփանոս Սյունեցու վարքը որպես վաղքրիստոնեական Հայաստանի երաժշտական արվեստի արժեքավոր պատմական աղբյուր, նույն տեղում, էջ 356-357:  Ökumenische  Heiligenlexikon,  Kassia die Hymnographin, https://www.heiligenlexikon.de/BiographienK/Kassia_Hymnographin.html.

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին