Հինգշաբթի, 18. 04. 2024

spot_img

Ռաֆայէլ Պատկանեան

Ռաֆայէլ Պատկանեան (Քամառ Քաթիպա, 8 (20) Նոյեմբեր 1830, Նոր Նախիջեւան, Եկատերինոսլավի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն – 22 Օգոստոս (3 Սեպտեմբեր) 1892, Նոր Նախիջեւան, Ռոստովի շրջան, Դոնի զորքի մարզ, Ռուսական Կայսրութիւն), գրող եւ մտաւորական։

Ռաֆայէլ Պատկանեան ծնած է 1830 Նոյեմբեր 8-ին նոր Նախիջեւանի մէջ, իր նախնական կրթութիւնը ստացած է իր հօր՝ Տէր Գաբրիէլի մօտ։ 1843-1849-ին ուսումը շարունակած է Լազարեան ճեմարանէն, ուսուցիչ կ՛ունենայ մեծանուն մտաւորական, մանկավարժ եւ ազգային գործիչ Մկրտիչ Էմինը: Իսկ 1851-ին ուսում ստացած է Դորպատի համալսարանէն ներս։ Պատկանեան նոյն տարին ընդունուած է Մոսկուայի համալսարանի բժշկական բաժինը։ 1866-ին աւարտած՝ Պեթերսպուրկի համալսարանի արեւելեան բաժինը։

1849-ին, գացած է Թիֆլիս՝ իր հօր քով, ուր Ներսիսեան դպրոցի մէջ վարած՝ ուսուցչական պաշտօն։ 1850-ին, կը մասնակցի իր հօր հրատարակած «Արարատ» շաբաթաթերթին։ Այդ միջոցին կը հրատարակէ իր առաջին բանաստեղծութիւնները գրաբար լեզուով, ապա կը սկսի գրել աշխարհաբարով։ 1851-1852 իր հօրեղբօրորդի Քերովբէ Պատկանեանի հետ, կը յաճախէ Դորպատի համալսարանը, բայց նիւթական աննպաստ պայմաններու բերումով, կը ձգեն Դորպատի համալսարանը եւ կը հաստատուին Մոսկուա՝ համալսարանի պատմական-լեզուագիտական դասախօսութիւններուն հետեւելու նպատակով։

1854-ին Մոսկուայի մէջ հայ ուսանողները կը կազմեն «Քամառ Քաթիպա» անուան տակ՝ գրական ընկերութիւն մը, երեք հիմնադիրներու անուանց սկզբնատառերը միացուած անուն մը․ իրենց նպատակն էր ինքնուրոյն եւ թարգմանօրէն գրուածքներ ժողովրդական հրատարակութիւն ընել, որուն բանաստեղծական մասն կը պատկանէր Ռաֆայէլին եւ որ առիթ մը եղաւ իր ճոխ բանաստեղծութիւնները գրելու։

1855-ի սկիզբները Պատկանեան Մոսկուայի մէջ երկու տարի ապրելէ ետք կը տեղափոխւի Փեթերսպուրկ՝ Զինուորական բժշկական ակադեմիան մտնելու նպատակով եւ կ՛իրագործուի թէեւ, բայց ինք փոխելու իր որոշումը կ՛ընտրէ Արեւելեան բաժինը, ուր եւ կ՛աւարտէ 1860-ին իր բարձրագոյն ուսումը։

1864-ին կ՛ամուսնանայ Ատեմից Յովհաննէս Մէլիք-Զարմեանի աղջկան հետ։ Մոսկուայէն 1866-ին ան կ՛անցնի Ս. Փեթերսպուրկ, որու համալսարանին լեզուաբանութեան ճիւղը կ՛աւարտէ 1869-ին եւ ամբողջապէս կը նուիրուի գրական գործունէութեան:

Իբր ազգային բանաստեղծ Քամառ Քաթիպայի մեծութիւնը հոն է, որ 42 տարուան անխոնջ դրական գործունէութեան մէջ միշտ արձագանք եղած է ազգային կեանքի մտաւոր եւ բարոյական երեւոյթներուն եւ կենսական բարձր շահերուն եւ պահանջներուն, այն բոլոր մտածումները եւ տառապանքները, որոնք կրած են իր ժամանակակիցները՝ կենդանի կերպով պատկերացած է իրեն գործերուն մէջ։

Գրած է վիպակներ եւ վէպեր եւ աշխատակցած Մեղու, Փորձ, Արձագանք, Արաքս, Մշակ, Նոր դար եւ Վարժարան թերթերուն։

Կը մահանայ թոքախտէ 1892 Օգոստոս 22-ին իր ծննդավայրին մէջ՝ Նոր Նախիջեւան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին