Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

«Մենք Եկած Ենք Ըսելու, որ Այն Ամէնը, Ինչ Ունինք Մեր Երկիրն է, Մեր Հայրենիքը». Ամենայն Հայոց Հայրապետը Ջերմուկ Այցելեց

Շաբաթավերջին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս այցելեց Վայոց Ձորի Ջերմուկ քաղաք։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գլխաւորած շքախումբը՝ Ջերմուկ քաղաքի մուտքին մօտ՝ դիմաւորեցին Վայոց Ձորի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբրահամ արքեպիսկոպոս Մկրտչեանը, Վայոց Ձորի մարզպետ Արարատ Գրիգորեանը, Ջերմուկի քաղաքապետ Վահագն Արսէնեանը։

Այնուհետեւ, Նորին Սրբութիւնը հոգեւոր դասի եւ մարզային ու քաղաքային իշխանութիւններուն հետ միասին մեկնեցաւ Ջերմուկի Սուրբ Գայիանէ եկեղեցի, ուր Հայոց Հայրապետը դիմաւորեցին քաղաքի բնակիչներն ու զինուորականները։ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեան ներքոյ Վեհափառ Հայրապետը, իր օրհնութիւնը բաշխելով հաւատաւոր ժողովուրդին, մուտք գործեց տաճար, ուր սաղմոսերգութենէ եւ աղօթքէ ետք՝ կատարուեցաւ Խաղաղութեան մաղթանք Հայաստանի, Արցախի եւ հայրենեաց սահմաններու անսասանութեան ու հայ ժողովուրդի անվտանգ, խաղաղ եւ բարօր կեանքի համար։ Աղօթք բարձրացուեցաւ նաեւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան ու հանգստութեան համար։

 Արարողութեան աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս իր պատգամը ուղղեց ներկայ ժողովուրդին։

«Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ենք բերում ձեզ եւ աղօթքով հայցում Երկնաւորից, որ այս դժուարին պահին օգնական լինի նեղութիւններին դիմագրաւող հայորդիներիդ։ Առաջին անգամը չէ, որ այցելում ենք մեր երկրի այս գողտրիկ անկիւնը: Ջերմուկում եղել ենք բազմաթիւ առիթներով, հմայուել այս բնաշխարհի շքեղութեամբ եւ վայելել այստեղի ժողովրդի հոգու ջերմութիւնն ու հիւրընկալութիւնը: Ջերմուկն իր բուժիչ ջրերով եւ գեղատեսիլ բնաշխարհով մեր երկրի կարեւորագոյն այցեքարտերից է եւ մշտապէս եղել է հիւանդութիւնների բուժման ու տագնապների փարատման օրրան մեր ժողովրդի եւ բիւրաւոր այցելուների համար: Այսօր Ջերմուկն ինքը կարիքն ունի ապաքինման ու վշտերի թօթափման»,- ըսաւ Հայոց Հայրապետը։ 

Անդրադառնալով Սեպտեմբեր 13-ին ազրպէյճանական զինուած ուժերուն լայնածաւալ յարձակման՝ Նորին Սրբութիւնը իր սրտակցութիւնը բերաւ մեր ժողովուրդի սգաւոր եւ վշտացեալ զաւակներուն՝ ազրպէյճանական յարձակման հետեւանքով զոհուած հայորդիներուն, աւերուած քաղաքներուն եւ շէներուն համար, հայցելով, որ Տէրը Իր ողորմութեամբ հանգստութիւն պարգեւէ հայրենիքի համար նահատակուած քաջորդիներուն, մխիթարութիւն ու սփոփանք շնորհէ զոհուածներու ընտանիքներուն եւ կամք ու քաջութիւն հաւատաւոր զաւակներուն, որպէսզի կարենան դիմակայել յառնած խնդիրներուն։

«Տագնապներն ու անհանգստութիւնները չափազանց շատ են այսօր մեր կեանքում: Մենք մտահոգուած ենք մեր հայրենիքի, հարազատ երկրում ապրող մեր ժողովրդի զաւակների ներկայով եւ ապագայով, յատկապէս երբ մեր հայեացքները ամէն անգամ հանդիպում են անմեղ, բայց արդէն հոգսաշատ դարձած մեր մանուկների աչքերին։ Մեր երկրի եւ ժողովրդի առջեւ ծառացած մտահոգութիւններից ու անհանգստութիւններից դրդուած՝ որոշ ընտանիքներ հեռանում են երկրից եւ դառնում գաղթական՝ օտարութեան մէջ փնտռելով իրենց եւ իրենց զաւակների երջանկութիւնն ու ապահովութիւնը։

Մենք եկել ենք այստեղ ասելու, որ այն ամէնը, ինչ ունենք մեր երկիրն է, մեր հայրենիքը: Պիտի զինուենք քաջութեամբ ու տոկունութեամբ, որպէսզի պաշտպան լինենք այն սրբազան հողին, ուր ապրել ու արարել են մեր հայրերը եւ մեր հայրերի հայրերը, ուր նահատակուել են մեր զաւակները»,- նշեց Հայոց Հայրապետը։

Ապա, յիշատակելով ժողովուրդին մէջ տարածուած աւանդազրոյցը՝ Ջերմուկ աշխարհի վիրաւոր եղնիկին մասին, որ որսորդէն ստացած ծանր վէրքերը կ՝ապաքինէ Ջերմուկի բուժիչ ջուրերով, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց․ «Մենք հաւատում ենք, որ Ջերմուկի խորհրդապատկերի նմանողութեամբ այս գեղատեսիլ քաղաքը, այլեւ մեր ողջ երկիրը վերստին կ՝ապաքինուի իր վէրքերից, կը վերապրի ողբերգութիւնները եւ կը յաղթահարի դժուարութիւններն ու նեղութիւնները: Եւ մեր ժողովուրդը իր իմաստնութեամբ, իր աշխատասիրութեամբ, տոկունութեամբ ու քաջութեամբ պիտի շարունակի կառուցել արժանապատիւ ու ստեղծագործ իր կեանքը, զօրացնել երկիր հայրենին եւ կերտել լուսաւոր գալիքը»:

Այցին առիթով՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր հայրապետական գնահատանքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց Վայոց Ձորի թեմի հոգեւոր սպասաւորներուն՝ թեմակալ առաջնորդին գլխաւորութեամբ, հաւատաւոր մեր ժողովուրդի հաւատն ու ոգին ամուր պահելու, Աստուծոյ խօսքով հաւատաւոր հօտը զօրացնելու ու մխիթարելու, սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ իրենց նուիրեալ ծառայութիւնը շարունակելու համար։

Հայոց Հովուապետը նաեւ իր հայրական օրհնութիւնը բերաւ Վայոց Ձորի մարզային եւ Ջերմուկի քաղաքային իշխանութիւններուն, որոնք, ինչպէս պատերազմական դժուարին օրերուն, այնպէս ալ այսօր, բնակիչներուն հետ ամուր կանգնած են հայրենիքի պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ։

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ Ամենակալ Տէրը խաղաղութիւն սփռէ համայն աշխարհի վրայ, խաղաղութեան մէջ պահէ Հայոց աշխարհն ու ժողովուրդը եւ ամենախնամ Իր Աջի հովանիին ներքոյ զօրութիւն ու ամրութիւն պարգեւէ բոլորին։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նաեւ առանձին հանդիպում ունեցաւ Ջերմուկ քաղաքի Սուրբ Գայիանէ եկեղեցւոյ երիտասարդաց միութեան անդամներուն հետ։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ ծանօթացաւ երիտասարդներու եկեղեցանուէր ու հայրենասէր ձեռնարկումներուն։ Իր օրհնութիւնն ու հայրական պատգամը փոխանցելով վերջիններուս՝ յորդորեց, որ հաստատուն մնան առ Աստուած սիրոյ ու հաւատքի մէջ, զօրեղ պահեն միմեանց հանդէպ քրիստոսապատուէր սէրը, շարունակեն ոգիի քաջութեամբ ու անսասան հաւատքով կապուած մնալ Մայր Եկեղեցիին եւ ծառայել Հայրենիքին։

Հանդիպման ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը նաեւ պատասխանեց երիտասարդները յուզող հարցերուն՝ առնչուած Հայ Եկեղեցւոյ երիտասարդական ծրագրերուն եւ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղուած ջանքերուն իրենց ներգրաւուածութեան։

Այնուհետեւ, հայրապետական պատուիրակութիւնը համայնքային իշխանութիւններուն ուղեկցութեամբ այցելեց Ջերմուկ քաղաքի հիւանդանոց, ուր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդիպեցաւ բուժանձնակազմին հետ, ծանօթացաւ առկայ դժուարութիւններուն։ Փոխանցելով իր օրհնութիւնը՝ Հայոց Հովուապետը գնահատանք յայտնեց վերջիններուս անձնուէր ծառայութեան համար, որուն շնորհիւ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին փրկուեցան բազմաթիւ կեանքեր։ Բուժանձնակազմին հետ զրոյցին ընթացքին՝ անդրադարձ եղաւ տիրող իրավիճակէն բխող անհանգստութիւններուն ու առկայ խնդիրներուն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին