Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ Յաղթեց Պիպլոսին

Լիբանանի  տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան  5-րդ  օրուան  մրցումներուն գծով, Կիրակի,   30 Հոկտեմբեր 2022, երեկոյեան  ժամը  7.30-ին, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ՝ 86-82 արդիւնքով պարտութեան մատնեց  Պիպլոսը, այս  վերջնոյն դաշտին մէջ:

Շնորհիւ այս  յաղթանակին, ՀԵԸ  Անդրանիկ   Պէյրութ ախոյեանութեան  ընդհանուր դասաւորման  7-րդ  դիրքը կը գրաւէ  ներկայիս: ՀԵԸ Անդրանիկ  հինգ մրցումներէ ետք արձանագրած է երկու յաղթանակ,կրած՝ երեք պարտութիւն:

 ՀԵԸ Անդրանիկի տղաքը ախոյեանութեան յաջորդ մրցումը պիտի կատարեն  Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբեր  2022-ին,  երեկոյեան ժամը  7.30-ին, Աթլասի  դէմ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի « Անդրանիկ» մարզադաշտին  մէջ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին