Շաբաթ, 31. 05. 2025

spot_img

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Հովուական Այցը Թահանկայի Ս․ Առաքելոց Եկեղեցի, Ս. Պատարագ Եւ Խաչքարի Օծում

Կիրակի,  31 Յուլիս 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան` ընկերակցութեամբ թեմական խորհրդի ատենապետ Տիար Դերիկ Ղուկասեանի՝ հովուական այցելութիւն տուաւ Թահանկայի Սրբոց Առաքելոց Հայց. Եկեղեցի: 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մատուցեց Եպիսկոպոսական Սուրբ պատարագ առընթերականութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Աւետիս Քհնյ․ Աբովեանի եւ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Աբեանի։

«Հայր Մեր»-էն առաջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հոգեշունչ պատգամ մը տուաւ ներկաներուն, որպէս քարոզի բնաբան ունենալով օրուան աւետարանական հատուածի հետեւեալ տողերը․ «Որովհետեւ Մարդու Որդին եկաւ փրկելու կորածը» /Մատթ․ 18:11/։

Այնուհետեւ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը իր ջերմ ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները յղեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ․ Աբովեանին, եկեղեցւոյ սարկաւագաց ու դպրաց դասերուն, Ծխական խորհուրդի անդամներուն, Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն, ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ ողջ հաւատաւոր ժողովուրդին:  

 Սուրբ Պատարագի վերջաւորութեանը Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ օծուեց եկեղեցւոյ բակին մէջ զետեղուած տուֆակերտ գեղեցիկ խաչքարը՝ ի յիշատակ Արցախեան նահատակ զինուորներու։ Օծումէն յետոյ՝ Սրբազան Հայրն Իր դրուատանքի խօսքն ուղղեց խաչքարի նուիրատու Տէր եւ Տիկին Ռազմիկ Յարութիւնեաններուն՝ նշելով, որ «Այսօր մենք, բոլորս կոչուած ենք անխոնջ դեսպանները ըլլալու Տիրոջ կողմէ հիմնուած մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ, ուստի պէտք է ամենայն մեծ սիրով, պատասխանատւութեամբ եւ ջանասիրութեամբ ծառայենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ համայնքային կեանքին` առատօրէն նուիրելով մեր տաղանդներն ու շնորհները` ի փառս եւ ի գոհութիւն Աստուծոյ»:           

Հուսկ, եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որտեղ ներկաները պատեհ առիթն ունեցան միմեանց ողջունելու եւ առաւելաբար ամրացնելու եկեղեցի-համայնք կապը։

Դիւան Առաջնորդարանի
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին