Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանէն Ներս
Վերջապէս 2021-2022 դպրոցական տարեշրջանը կը մօտենայ իր աւարտին: Ամավերջի քննութիւնները չսկսած, ունեցանք մեր տարեկան Մարզական Օրը: Ան անցաւ մեծ խանդավառութեամբ, որուն ներկայ եղան մեր վարժարանի նախկին շրջանաւարտներէն ոմանք, որոնք նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին մարզական խաղերուն: Հաճելի երեւոյթ մըն էր տեսնել հայր ու որդի թէքէեանցիներ միասին շրջափակէն ներս:
![](https://zartonkdaily.net/wp-content/uploads/2022/06/Marzakan090622-20t.jpg)
![](https://zartonkdaily.net/wp-content/uploads/2022/06/Marzakan090622-19t.jpg)
![](https://zartonkdaily.net/wp-content/uploads/2022/06/Marzakan090622-26t.jpg)
![](https://zartonkdaily.net/wp-content/uploads/2022/06/Marzakan090622-23t.jpg)
Մարզական օրուան բացումը սկսաւ խորհրդանշական ջահավառութեամբ, որմէ ետք ընթացք առին մարզական խաղերը, որուն մասնակից դարձաւ մեր վարժարանի ամբողջ աշակերտութիւնը՝ Մանկամսուրէն մինչեւ Միջն. Գ . դասարան:
![](https://zartonkdaily.net/wp-content/uploads/2022/06/Marzakan090622-21t-593x1024.jpg)
Դադարին տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն: Մեր վարժարանի Ծնողաց Յանձնախումբի ժրաջան տիկինները իրենց ներկայութեամբ, թէ՛ հիւրասիրութիւնը կատարեցին եւ թէ՛ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին:
Հիւրասիրութենէն ետք խաղերը շարունակուեցան եւ իրենց աւարտին հասան կողովագնդակի մրցաշարքով, որուն մաս կազմեցին նախկին շրջանաւարտներէն խումբ մը:
Վերջապէս տեղի ունեցաւ մետալներու բաշխում եւ հաւաքական խմբանկարում:
Կ’ուզենք մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնել բոլոր անհատ բարերարներուն, որոնք իրենց նիւթաբարոյական նեցուկով, ինչպէս նաեւ հիւրասիրութիւններ տրամադրելով սատարեցին Մարզական օրուան յաջողութեան:
Վարձքը կատար բոլորին:
![](https://zartonkdaily.net/wp-content/uploads/2022/06/Marzakan090622-22t.jpg)
![](https://zartonkdaily.net/wp-content/uploads/2022/06/Marzakan090622-24t.jpg)