Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

8 Մարտը Կանանց Միջազգային Օրն Է


8 Մարտը Կանանց միջազգային օրն է. օր, երբ գեղեցիկ սեռի ներկայացուցիչները, աւանդութեան համաձայն, տղամարդկանց կողմէն կը ստանան յատուկ ուշադրութիւն, ծաղիկներ ու նուէրներ:

Կարեւոր է սակայն, նշել, որ կանանց օրը պատմութեան մէջ նշուած է այլ նշանակութեամբ:

8 Մարտը տօնուած է յեղափոխական կանանց փառաբանելու համար: Այդ օրը այն կանանց տօնն էր, որոնք կը ձգտէին տղամարդոց հետ հաւասար իրաւունքներ ունենալ:

Առաջին անգամ Կանանց միջազգային օրը կազմակերպուած տօնուած է 1911ին Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Շուէտի եւ Դանիոյ մէջ:

Ժամանակի ընթացքին տօնին քաղաքական մասը մոռցուած  է եւ մնացած է միայն անհրաժեշտութիւնը` գարնան պատուել կանանց` իրենց գեղեցկութեան, քնքշութեան եւ անսահման սիրելու ունակութեան համար:

Բոլոր ժամանակներուն ազգերու շատերուն մօտ կինը համարուած  է «հրաշք եւ ընծայ», «կեանքի եւ երջանկութեան խորհրդանիշ», եւ գրեթէ բոլոր ազգային օրացոյցներուն մէջ կայ կանանց նուիրուած օր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին