Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Ընկեր Սեւակ Յակոբեան Դիմեց Պատրիարք Ռաաիին

Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ի գործ դրուած, Արցախի բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ  քրիստոնէական սրբավայրերու հայկական ինքնութիւնը ջնջելու եւ աղաւաղելու թշնամական արարքներուն վերաբերեալ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Սեւակ Յակոբեան երէկ դիմեց Մարոնիներու Պատրիարք՝ Քարտինալ Մար Պշարա Ռաաիին եւ անոր միջոցաւ Կաթոլիկ Պատրիարքներու Խորհուրդին, որպէսզի քրիստոնեայ աշխարհի այս կարեւոր ներկայացուցիչները կեցուածք մը ունենան տեղի ունեցող մշակութային ցեղասպանութեան նկատմամբ:

Իր կոչին մէջ ընկ. Յակոբեան կրօնապետերուն յիշեցուց, որ Հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը ոչ միայն Արցախի ժողովուրդին իր պատմական իրաւունքներէն զրկելու փորձ է, այլ մարտահրաւէր մըն է միջազգային ընտանիքին համար եւ բացայայտ սպառնալիք է շրջանի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան: 

Ընկ. Յակոբեան Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կատարած սոյն քստմնելի արարքներ  Հայաստանի, Արցախի և հայ ժողովրդի նկատմամբ Ազրպէյճանական կողմի շարունակական թշնամանքի ու ատելութեան ընդգծուած դրսեւորում  որակեց: Ան նաեւ շեշտեց, որ մշակութային կոթողներու ոչնչացումը պատերազմական յանցագործութիւն է եւ համազօր է պետական ահաբեկչութեան:

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետը, ի միջի այլոց, դատապարտեց միջազգային ընտանիքը ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն իրենց անհասկնալի լռութեան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին