Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Մխիթարեան Միաբանութեան Գրադարանի Հանդէսները Այժմ Հասանելի Են Առցանց

Երախտաշատ Նախաձեռնութիւն

Մխիթարեան Միաբանութեան հանդէսներու թուային գրադարանը եւ կայքէջը թողարկուած են. անոնք կը ներկայացնեն 1794-էն 1920-ի միջեւ տպուած հայ մամուլէն հաւաքածոներ՝ թուայնացուած ու անվճար։

Առ այժմ, Մխիթարեան Միաբանութեան Վիեննայի Աւագ Մենաստանի գրադարանի հարուստ հաւաքածոյէն թուայնացուած է աւելի քան 400.000 էջ։ Թուայնացումի եւ հանրութեան անվճար տրամադրելի դարձնելու այս ծրագիրը համագործակցութեան արդիւնքն է՝ Մխիթարեան Միաբանութեան, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւնների Ազգային Ակադեմիայի Հիմնարար Գիտական Գրադարանին միջեւ։

Թուային գրադարանի կայքէջը կը ներկայացնէ Միաբանութեան գրադարանէն հաւաքածոներ, անոր նպատակն է մէկ հասցէով կամ յղումով ընթերցողն ու հետազօտողը առաջնորդել դէպի թուային նիւթերը, որոնք ամբարուած են Հիմնարար Գիտական Գրադարանին շտեմարաններուն մէջ, եւ ցանկագրուած Ակադեմիային կողմէ։ Թուայնացումի աշխատանքը շարունակական է, իսկ նիւթերը համապատասխան կայքէջերուն եւ շտեմարաններուն մէջ հասանելի պիտի դառնան իրենց պատրաստութեան կարգով։

 Այս յոյժ կարեւոր նախաձեռնութեան եւ մեծածաւալ աշխատանքին շնորհիւ, հայ ժողովուրդի մշակութային գրաւոր ժառանգութիւնը հասանելի պիտի դառնայ հանրութեան՝ առցանց, անվճար ու բաց ձեւաչափով։

 Ծանօթանալու համար ծրագիրին նպատակներուն, եւ կարդալու թուայնացուած մամուլը, կարելի է այցելել թուային գրադարանին կայքէջն ու շտեմարանները՝

https://arm.mechitaristlibrary.org/

https://arar.sci.am/dlibra/collectiondescription/11?language=hyw

http://vmc.sci.am/

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին