Հինգշաբթի, 05. 06. 2025

spot_img

ՀԲԸՄիութեան Մարդասիրական Առաքելութիւնը Կը Շարունակուի Առանց Դադարի…

Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական տագնապի առաջին իսկ օրէն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, տագնապի պատճառով, դժուարին կացութիւններու մատնուած Լիբանանահայ գաղութի զաւակներուն սատար հանդիսանալու տրամադրութեամբ, գործի լծեց իր բոլոր հնարաւորութիւնները եւ գործնականօրէն իրականացուց բարեգործական ու մարդասիրական գնահատելի եւ անուրանալի ազգային բարոյական բարձր պարտաւորութիւն: Եւ արդարեւ,  շնորհիւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետին ու անդամներուն բոլորանուէր նախաձեռնութեան, Միութիւնը իր ամէնամսեայ նպարեղէնի նպաստա-

բաշխումին կողքին, Հինգշաբթի 28 եւ Ուրբաթ 29 Հոկտեմբեր 2021ին,  առաւօտեան ժամը 8:30-էն կէսօրէ ետք ժամը 4:00, ձեռնարկեց հագուստաբաշխումի աշխատանքին: գոհացնելու համար կարիքաւոր բոլոր սեռերն ու բոլոր տարիքները եւ մանաւանդ՝ ուրախացնելու համար բազմատասնեակ մանուկները:

Միութեան Ահրամճեան Կեդրոնին մէջ կայացած բաշխումէն առատօրէն օգտուեցան հարիւրաւորներ, անխտիր, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին ազգանուէր այս Մեծ Միութեան:

Վարձքը կատար բոլոր կազմակերպիչներուն, նուիրատուներուն եւ հոյլ մը աշխատանք կատարող ազնիւ ու անձնուէր կամաւորներուն:

115-ամեայ ՀԲԸՄիութիւնը, իր աւելի քան մէկդարեայ պատմութեան ընթացքին միշտ ալ եղած է հայրենանուէր, ազգանուէր ու եկեղեցանուէր կազմակերպութիւն եւ քաղած է իր հիմնադիրներուն եւ նախագահներուն գծած Աստուածահաճոյ ճանապարհէն:

ՀԲԸՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԼՐԱՏՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին