Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

«Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն Տարի Մը Յետոյ Արդարութիւնը Կը Շարունակէ Մնալ Անտեսուած» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Այս խիստ բառերով իր ընդվզումը արտայայտեց Վեհափառ Հայրապետը Cilicia TV-ին, այս առաւօտ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու հոգիներուն համար կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք:

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ «արդարութիւնը չի կրնար զոհը դառնալ քաղաքական նկատումներու ու անձնական հաշիւներու: Ինչ որ պատահեցաւ տարի մը առաջ, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ, չի կրնար հեռու մնալ հաշուետուութենէ: Պատասխանատուները ժողովուրդին պէտք է հաշիւ տան՝ իրենց անպատասխանատու վերաբերումին համար: Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը ո՛չ միայն պատճառ դարձաւ հսկայ քանդումներու ու բազմաթիւ զոհերու, այլ նաեւ յստակօրէն պարզեց կարգ մը պետական պատասխանատուներու անփոյթ ու անխիղճ վերաբերումը՝ իրենց վստահուած պաշտօններուն նկատմամբ: Ժողովուրդը հաշուետուութիւն ու արդարութիւն կը պահանջէ»:

Յայտնենք, որ յառաջիկայ Երեքշաբթի, լիբանանահայութիւնը հրապարակային հանդիսութեամբ պիտի նշէ պայթումին տարելիցը, նաեւ մասնակից պիտի դառնայ 4 Օգոստոսին նաւահանգիստին մէջ տեղի ունենալիք հաւաքական աղօթքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին