Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Սինանեան Պիտի Մեկնի Պէյրութ

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը պիտի գայ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութ՝ ծանօթանալու այնտեղ տեղի ունեցած հզօր պայթումէն ետք հայ համայնքի ներկայացուցիչներու կարիքներուն: Այս մասին 6 Օգոստոսի կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Այսօր քննարկեցինք եւ որոշեցինք, որ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը պիտի մեկնի Պէյրութ՝ տեղուոյն վրայ մեր համայնքի կարիքներուն ծանօթանալու եւ մեզի ներկայացնելու համար»,- ըսած է Փաշինեանը:

Վարչապետը նշած է, որ Սինանեանը Պէյրութ պիտի մեկնի առաջիկային այնտեղ ուղարկուելիք օդանաւով, որ բժշկական պարագաներ ու միջոցներ հասցնէ Լիբանանի կառավարութեան:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին