Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Պոլսոյ Սահակ Բ. Պատրիարք Զօրակցութիւն Յայտնած Է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին

Պոլսոյ  «ԺԱՄԱՆԱԿ»  օրաթերթէն վերահասու կը դառնանք, որ   Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցած է  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ, որուն պոլսահայութեան անունով զօրակցութիւն յայտնած է Պէյրութի նախընթաց օրուան սահմռկեցուցիչ պայթումին բերումով ստեղծուած իրավիճակին մէջ։

Թերթը այս առթիւ ներկայացուցած է  Պատրիարքարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը.

4 օգոստոս 2020, երեքշաբթի երեկոյեան, Պէյրութի նաւահանգիստը ցնցուեցաւ զօրաւոր պայթումով մը, որուն որպէս հետեւանք բազմաթիւ մահացողներ ու վիրաւորներ եղան։ Սոյն դէպքը յատկապէս իր խոր ազդեցութիւնը թողուց հայաշատ Պուրճ Համուտի եւ մերձաւոր հայկական թաղամասերէ ներս։ Պայթումը նաեւ նիւթապէս վնասեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքը եւ շրջակայ համալիրը։

 

Այս աղետալի դէպքէն յետոյ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ ու յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, Պատկառելի Կրօնական ժողովոյ եւ հայ համայնքին, ցաւ յայտնեց Նորին Սրբութեան։ Պատրիարք Հայրը յայտնեց, թէ պոլսահայութիւնը եւս կը միանայ Պէյրութի ցաւին եւ ի մասնաւորի իր աղօթքով ու բարեմաղթութեամբ կը սատարէ լիբանանահայութեան։ Պատրիարք Հայրը նաեւ յայտնեց, թէ 9 օգոստոս 2020, կիրակի, Պատրիարքական Աթոռոյս ենթակայ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեգանգստեան յատուկ պաշտօն պիտի կատարուի զոհերուն հոգիներուն խաղաղութեանը համար։ Նոյն առիթով աղօթք պիտի կատարուի վասն խաղաղութեան եւ անդորրութեան լիբանանահայութեան։

 

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան վշտակցութեան համար եւ մաղթեց, որ շրջանի ժողովուրդի նիւթական եւ բարոյական ցնցումը անցողական ըլլայ։ Այս առթիւ յատկապէս խնդրեց, որ աղօթել շարունակեն խաղաղութեան հաստատման համար։

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին