Շաբաթ, 31. 05. 2025

spot_img

Ֆրանսայի Նախագահը Լիբանանցիներուն Ըսաւ. «Լիբանան Առանձին Չէ»… Մինչ Քաղաքական Ղեկավարութիւնը Պախարակելով Ըսաւ. «Բարեփոխումներ Կատարեցէ՛ք Կամ Ընկղմեցէ՛ք…» Էմանուէլ Մաքրոն Պէյրութ Ժամանեց

Ֆրանսայի նախագահ  Էմանուէլ  Մաքրոն երէկ  Պէյրութ ժամանեց։

Մաքրոն    Պէյրութի    օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ նախագահ Միշէլ Աունին կողմէ։

Ֆրանսացի   ղեկավարը, որ   կարճ    խօսքով  հանդէս եկաւ   խօսելով լրագրողներուն հետ   նշեց, որ Ֆրանսան   ինչպէս  երէկ այսօր եւս  Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն  կողքին է. ան մասնաւորապէս ըսաւ «այս ծանրակշիռ դէպքին առաջին զոհը   Լիբանանի    ժողովուրդն է ու մենք այստեղ ենք մեր  նիւթական եւ բարոյական  նեցուկը  ցոյց տալու  աղէտահար  Լիբանանին եւ լիբանանցի  ժողովուրդին»։

Ֆրանսայի նախագահը  նաեւ կարեւորեց   տնտեսական  բարեփոխումներ կատարելու  կարեւորութիւնը    յստակեցնելով, որ առանց այդ բարեփոխումներուն    Լիբանան պիտի շարունակէ նահանջել։

 

Նշենք, որ Մաքրոն    Պէյրութ հասնելուն  պէս  թուիթըրեան գրառում մը կատարեց   գրելով ՝ «Լիբանանն  առանձին չէ…»։

Իր ժամանումէն անմիջապէս ետք ան ուղղուեցաւ Պէյրութի փլատակ թաղամասերը շրջելու ուր ան ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ: Ժողովուրդը մեծ վրդովմունք ներկայացուց Ֆրանսայի նախագահին իր դժգոհութիւնը յայտնելով երկրին քաղաքական փտած եւ անպատասխանատու ղեկավարութեան հանդէպ:

 Ապա Մաքրոն Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ   հանդիպում ունեցաւ երկրին    քաղաքական      կողմերուն հետ, քննարկելու համար     Լիբանանի  վերջին զարգացումները եւ երկիրը    տագնապէն դուրս  բերելու ընդհանուր միջոցները։ Ան պախարակեց ներկայ իշխանութիւնը եւ լիաբերան ըսաւ «բարեփոխումներ կատարեցէք կամ ընկղմեցէք»:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին