Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Պէյրութի Կեդրոնական Հատուածին Մէջ Բախումներ

Անցնող  ժամերուն ընթացքին Պէյրութի  կեդրոնական հատուածին մէջ  բախումներ  գրանցուեցան։

Քաղաքացիական  հասարակութեան  հարիւրաւոր անդամներ   հասան Պէյրութի  կեդրոնական մաս եւ անոնք փորձեցին ներխուժել «Նըժմէ»  հրապարակ, ուր  կը գտնուի  խորհրդարանի  շէնքը։

Սոյն բողոքի հաւաքին մասին, ոչ մէկ յայտարարութիւն եղած է եւ քաղաքացիներ    անցնող օրերուն երկրին մէջ գրանցուած ծանր   միջադէպին, ինչպէս նաեւ  քաղաքական իշխանութիւններուն   անհոգութեան   դէմ  բողոքելու նպատակով  իջած են փողոց եւ կը պահանջեն  կառավարութեան   հրաժարումը։

Ապահովական  մարմիններ  կը փորձեն     փակուած  պահել  դէպի «Նըժմէ»  տանող ճանապարհները,  եւ այդ  հատուածներուն մէջ    բախումներ գրանցուեցան։ Բախումներուն հետեւանքով գրանցուած են տասնեակ  վիրաւորներ։

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին