Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխում

Մանուկներու իրաւունքներէն են ուրախանալ, գնահատուիլ, արժեւորուիլ, վարձատրուիլ, որպէսզի քաջալերուելով շարունակեն իրենց ուսման երթը…

2019-2020 տարեշրջանը դժուարին պայմաններու մատնեց բոլոր մանուկները. անոնց զրկեց  տարրական իրաւունքներէն՝ բնականոն ընթացքով դպրոց յաճախել, ընկերներով խաղալ, պտոյտներու մասնակցիլ եւ այլն:

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի վեհ առաքելութիւններէն մէկը եղած է ու կը շարունակէ մնալ մանուկներու իրաւունքներուն տէրն ու պաշտպան կանգնիլը: Փաստօրէն ոչ մէկ բան արգելք հանդիսացաւ  մանուկներուն հոգեւոր եւ կրթական դաստիարակութիւնը փոխանցելու. անոնք առօրեայ դրութեամբ իրենց ուսուցչուհիներուն կողմէ առցանց պատրաստուած դասերն ու պարտականութիւնները կը կատարէին, տեսերիզները կը դիտէին եւ իրենց թելադրուած աշխատանքները կ’ուղարկէին…

Վարժարանիս տնօրէնութիւնը քաջատեղեակ ըլլալով անոնց դիմագրաւած զանազան դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ քաջ գիտակցելով, որ մանուկները ոչ մէկ յանցանք ունին, ոչ ալ պարտաւոր են ճնշուածութիւն ապրելու, հետեւաբար կու գայ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու բոլոր մանուկներուն, որոնք այս օրերու տագնապներուն կը համակերպին…

Հետեւաբար Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Մանկապարտէզի  Ծաղիկ դասարանի վկայականաց բաշխման հանդէսը տարբեր բնոյթ ստացաւ այս տարի:

Չորեքշաբթի, 29 Յուլիս 2020-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-էն մինչեւ 12:30, վարժարանիս մանկապարտէզի յարկը, յատկապէս Ծաղիկ դասարանը, դարձաւ հանդիսասրահ քսաներկու գեղեցիկ ծաղիկներու…

Ծաղիկ դասարանի աշակերտ-աշակերտուհիները, իրենց ծնողքին ընկերակցութեամբ, հերթաբար եւ անհատաբար ներկայացան դպրոց, որոնց կը սպասէր հաճելի մթնոլորտ մը…

Երկրի ժխորէն հեռու, մանկական երգերու ունկնդրութեամբ մտան Մանկապարտէզ, հրաժեշտ տալու իրենց մանկութեան սիրելի վայրին, ուր ջերմեռանդ սիրով ու ծափողջոյններով դիմաւորուեցան ուսուցչուհիներուն կողմէ, գեղեցիկ ու զարդարուն դասարանին մէջ հագան իրենց վկայականի յատուկ զգեստը. պարելէ ու խանդավառութիւն մը ստեղծելէ ետք անոնք ստացան իրենց առաջին թանկարժէք վկայականը, ձեռամբ՝ վարժարանիս մեծաւոր պրն. Արամ Գարատաղլեանի եւ մանկապարտիզպանուհի տիկ. Լենա Տէրտէրեանի: Յիշատակի նկար ունեցան իրենց ծնողներուն, ապա ուսուցչուհիներուն հետ, ստացան նուէրներ եւ հիւրասիրուեցան յատուկ իրենց համար պատրաստուած կրկնեփուկներով:

Տնօրէնութիւնն ու ուսուցչակազմը սրտագին շնորհաւորութիւններ յայտնեցին եւ մաղթեցին, որ անոնք ապագային արժանանան բարձրագոյն վկայականներու եւ յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները կերտեն իրենց ապագան:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին