Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Արցախը Պատրաստ է Ընդունելու Լիբանանահայերը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան անդրադարձած է Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած մահաբեր պայթումին, հեռախօսազրոյց ունեցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի հետ: Այս մասին «Սիվիլնեթ»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի նախագահի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան:

«Նախագահը յայտարարած է, որ մենք պատրաստ ենք 100-150 ընտանիք ընդունելու Արցախի մէջ: Ատիկա նորութիւն չէ, եւ այս պարագայով չէ պայմանաւորուած: Այդ մտադրութիւնը եղած է նաեւ անցեալին` կապուած Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային – տնտեսական ծանր իրավիճակի հետ: Առաւել եւս այս պայթումէն ետք, նախագահը խօսած է Արամ Ա․-ի հետ եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է ինչպէս ընտանիքներու ընդունման, այնպէս ալ տարբեր աջակցութեան ծրագիրներ իրականացնելու առումով: Այսինքն, բոլոր հնարաւորութիւններով այսօր Արցախը պատրաստ է օգնելու լիբանանահայութեան եւ Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին»,- ըսած է Վահրամ Պօղոսեան:

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին