Վերջին տուեալներով, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին զոհ գացած են 11 հայորդիներ: 250 հայորդի ալ տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած են պայթումին հետեւանքով: Հայ զոհերը եղած են Լիբանանի զանազան շրջաններու բնակիչներ, սակայն պայթումի պահուն եղած են քաղաքի կեդրոնը, որ շատ մօտ է ծովափին:
Հայ զոհերու մեծ մասին անունները արդէն յայտնի են. Նազար Նաճարեան, Ճեսիքա Պէզճեան, Տելիա Փափազեան, Ժագ Փարամագեան, Անահիտ Պէրպէրեան, Լիզա Գաւուքճեան-Կէօզըպէօյուքեան, Վարուժան Թոսունեան, Կայա Ֆուտուլեան, Սարգիս Թէքիրեան: Կան նաեւ անհետ կորած հայեր, որոնցմէ թէ՛ հարազատները, թէ՛ իրաւապահները դեռ ոչ մէկ տեղեկութիւն ունին: