Ուրբաթ, 05. 09. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պէյրութի Պայթումին Հետեւանքով Վնասուած Պուրճ Համմուտի Հայկական Թաղամասերը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երբ իմացաւ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումին մասին, կը գտնուէր Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ եւ քանի մը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ անմիջապէս ուղղուեցաւ վնասուած Պուրճ Համմուտի հայահոծ թաղամասեր:

Նորին Սրբութունը Պուրճ Համմուտի քաղաքապետին եւ պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ շրջեցաւ հայահոծ թաղերը, հանդիպում ունեցաւ վիրաւոր հայորդիներու հետ, օրհնեց զանոնք ու բարի ապաքինում մաղթեց անոնց եւ մօտէն ծանօթացաւ տիրող կացութեան:

Յայտնենք, որ Հայրապետը Պուրճ Համմուտէն մեկնելէ առաջ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեց քաղաքապետարանին, որպէսզի մեր ժողովուրդին անմիջական կարիքները հոգացուին:

Նշենք, որ Փաղանքաւոր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նիզար Նաճարեան պայթումին հետեւանքով մահացած է:

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին