Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վեհափառ Հայրապետին Ճամբով Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Լիբանանի Հայութեան

Քիչ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային կապ հաստատելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ իր մտահոգութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի հայ համայնքին։

Վեհափառ Հայրապետը վարչապետին փոխանցեց անհրաժեշտ տեղեկութիւններ Պէյրութի պայթումին շուրջ եւ յատկապէս պայթումին հետեւանքով Պուրճ Համմուտի հայահոծ թաղամասերուն կրած վնասներուն մասին։

Ապա, վարչապետը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի հայութեան, ինչպէս նաեւ առաջարկեց, որ գծով մնայուն կապի մէջ ըլլայ Վեհափառ Հայրապետին հետ։

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին