Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Անհոգութիւն եւ Փտածութիւն Թէ Թշնամական Յարձակում. Արդիւնքը Միեւնոյնն Է՝ Պետութիւնը Ձախող Է Պէյրութն Ալ Փլատակ Ահաւոր Պայթում Նաւահանգիստին Մէջ. Աւելի Քան 60 Զոհ եւ 3000 Վիրաւոր

Երէկ երեկոյեան Պէյրութը ցնցած  պայթումին   հետեւանքով   զոհուած են աւելի քան 50 անձ եւ վիրաւորուած՝ 2500 հոգի:

 Ինչ կը վերաբերի       պայթումին պատճառած  նիւթական    վնասներուն,  ապա    վնասուած են  ոչ միայն Պէյրութի  նաւահանգիստի   շրջանը, այլ  անոր շրջակայքի արուարձանները ինչպէս՝ Պէյրութի կեդրոնական շրջանը, Ժըմմէյզի, Մար Մըխայէլ, Քարանթինա , Էշրէֆիէ, Պուրճ Համուտ եւ  Տորա   շրջանները։

Պայթումին ուժգնութեան պատճառով կարգ մը   շրջաններ   դարձած են անճանաչելի։

Նշենք,որ  Պէյրութը  ցնցած   պայթումին  իրական    պատճառները  ցարդ  յստակ  չեն եւ  այդ մասին շրջանառութեան մէջ  դրուած են    մի քանի  վարկածներ ինչպիսին եւ պայթուցիկ նիւթերով լեցուն պահեստանոցի մէջ հրդեհ ապա որպէս անոր հետեւանք՝ պայթում: Իսրայէլեան պատերազմական օդանաւի յարձակում զէնքի պահեստանոցի վրայ: Տարիներէ ի վեր այնտեղ պահուած քիմիական նիւթերու ինչ, որ պատճառով պայթում:

Առողջապահութեան  նախարարութիւնը կոչ ուղղեց հիւանդանոցներուն՝   արագօրէն  ընդունիլ բոլոր վիրաւորները։

Ուշագրաւ վկայութիւն մը տալով,    Պէյրութի մէջ AFP-ի  լրագրողը:

Նշենք, որ զոհերուն մէջ է նաեւ լիբանանահայ  քաղաքական  գործիչ՝    «Փաղանգաւոր»   կուսակցութեան, ընդհանուր քարտուղար՝ Նազար  Նաճարեանը։ Վիրաւորներուն մէջ կան մեծ թիւով հայ քաղաքացիներ:

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին