Երախտաւոր Անդրանիկեան ծնած է Պոլսոյ Եէնի (նոր) Գաբու շրջանը՝ 1951-ի Սեպտեմբերին: Աւազանի անունով Տիգրան կը մկրտուի ու հետագային կ’որոշէ անուանափոխել Մկրտիչի:
Նախնական ուսման համար կը յաճախէ շրջանի Ազգային վարժարանը, ուր գոյութիւն ունէր բարեկեցիկ հայկական գաղութ մը: Նախակրթական ուսման շրջանին Անդրանիկեան յատուկ սէր կը ցուցաբերէ գեղագրութեան հանդէպ ու իր դասարանէն ներս կը յատկանշուի իր գիրի մաքրութեամբ:
Հազիւ 14 տարեկան պատանի, 1865-ին, անոր կ’առաջարկուի դասաւանդել գեղագրութիւն՝ թաղային աղջկանց վարժարանէն ներս: Ան կ’ընդառաջէ սիրայօժար կատարել այդ պաշտօնը յաջորդ երեք տարիներուն, ու միաժամանակ իր միջնակարգ ուսումը կը շարունակէ Կալաթայի Սենթ Փիէռ վարժարանէն ներս:
1867-ին, Օսմանեան կայսրութեան համաձայնութեամբ, ֆրանսական «Կալաթա Սերայ» յայտնի երկրորդական վարժարանը իր դռները կը բանայ Պոլսոյ մէջ, ու Անդրանիկեան կը դառնայ վարժարանի առաջին աշակերտներէն, որ հմտանալով ֆրանսերէն լեզուի մէջ, ինչպէս նաեւ գծագրական արուեստի, յաջողութեամբ իր երկրորդական ուսումը կ’աւարտէ 1871-ին:
«Կալաթա Սերայ» ֆրանսական երկրորդական վարժարանը ծանօթ էր իր կրթական բարձր մակարդակով ու Օսմանեան կայսրութեան ատենոյ նախարարութիւնները իրենց պաշտօնեաները կը նախընտրէին ընտրել այդ կրթարանի շրջանաւարտներէն: Այդպիսով, Անդրանիկեան պաշտօնի կը հրաւիրուի որպէս գծագրիչ, երկրաչափական բաժանմունքի համար՝ Հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան մէջ:
Շուրջ երկու տարի գործելէ եւ որոշ փորձառութիւն ձեռք ձգելէ ետք, յարմար կը նկատեն զինք ուղարկել Անատոլու, ուր երկաթուղագիծի շինութեան որպէս վերակացու շուրջ տարի մը կը հետեւի շինարարութեան: 1874-ին այս անգամ նախարարութիւնը զինք կ’ուղարկէ Պալքաններ, ուր կը ծանօթանայ յայտնի ազգային գործիչ Գէորգ Էֆենտի Ասլանեանին, ու կը դառնայ անոր օգնականը, որպէս երկրաչափական գծագրիչ:
Պալքաններու այս հսկայ ծրագիրը կ’առկախուի 1876-ին, ռուս-թրքական պատերազմին պատճառաւ, եւ Անդրանիկեան կը վերադառնայ Պոլսի, շարունակելու իր նախորդ պաշտօնը:
1878-ին Անդրանիկեան կը դառնայ Եգիպտոսի Նուպար պէյի Քաւալայի ծրագրին օգնականը, Գէորգ Էֆենտի Ասլանեանի հետ ունեցած ծանօթութեան շնորհիւ ու իր վայելած վստահութեան համար:
Նուպար պէյ այդ ժամանակ կրցած էր Օսմանեան կառավարութենէն առանցնաշնորհում մը ստանայ՝ Քաւալայի շրջանի լճակը վերածելու ծխախոտ աճեցնելու հողատարածքի, եւ շուրջ երկու տարուան ընթացքին Անդրանիկեան կը յաջողի զինք վստահուած այդ ծրագիրը իրականացնել:
1880-ին Նուպար պէյ, որ արդէն նկատած էր Անդրանիկեանի կարողութիւնները Քաւալայի ծրագրին գտած յաջողութենէն ետք, կը հրաւիրէ Անդրանիկեանը, որ տեղափոխուի Գահիրէ, իրեն վստահելու կարեւոր պաշտօն մը Պահերա (Bahera) ընկերութեան մէջ:
Պահերա ընկերութիւնը ծանօթ էր մանաւանդ 19-րդ դարու աւարտին, որպէս Միջին արեւելեան դրամական շահարկումներու հաստատութիւն, ու կարճ ժամանակի մէջ երախտաւորը դարձած էր հմուտ ելեւմտագէտ, որուն համար ալ 1889-ին իրեն շնորհուած է «Մաճիտիէ» պատուանունը:
Հաստատութենէն ներս երախտաւորը արդէն դարձած էր յարգուած անձնաւորութիւն մը, իր բացառիկ վարչական կարողութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ՝ հաշուապահական բծախնդրութեան:
1895-ին, Պահերայի մէջ իր պաշտօնէն կը հեռանայ ու միայն Նուպար փաշայի համար կը գործէ, շուրջ երկու տարի: Նուպար փաշան, որպէս ճարտարագէտ, բազմաթիւ շինարարական ծրագիրներ մշակած էր Գահիրէի մէջ ու անոնց հսկողութիւնը կը վստահի Անդրանիկեանին:
1897-ին Անդրանիկեան կը ծանօթանայ Նուպարի տղուն՝ Պօղոսին, որուն հետ հետագային երկար տարիներ պիտի գործէր ազգային կարեւոր առաքելութեամբ:
Անդրանիկեան բացի մտերիմը ըլլալէ Պօղոս փաշայի, իրեն այս անգամ կը վստահուի նաեւ Պօղոսի շահարկման գործերը կարգի դնել:
1899-ին Նուպարեան գերդաստանը երախտաւորին կը վստահի իրենց ընտանեկան փոխանորդութիւնը, մանաւանդ նուպարեաններու կալուածներու խնամատարութիւնը:
20-րդ դարու սկզբնաւորութեան արդէն Եգիպտոսի հայ գաղութը կը վայելէր սփիւռքի թերեւս ամենակենսունակ եռուզերը: Գահիրէի մէջ գործող թեմական խորհուրդի ատենապետութիւնը ստանձնած էր Պօղոս Նուպարը, որուն գործակիցն էր՝ Մկրտիչ Անդրանիկեան երախտաւորը:
Անդրանիկեան կը դառնայ Կալուածոց դիւանի ատենապետը ու ծրագիր կը մշակէ Առաջնորդարանի պատկանող անբարեբեր հողատարածքները վաճառելու ու այդ գումարով Գահիրէի մէջ յարկաբաժիններ կառուցելու, որոնց եկամուտը նպաստաւոր դառնայ Առաջնորդարանին համար: Այս ծրագիրը իր աւարտին պիտի չհասնէր, պետական որոշ արգելքներու պատճառով:
1906 Ապրիլ 15-ին, Գահիրէի մէջ կեանքի պիտի կոչուէր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը՝ Պօղոս Նուպար փաշայի գլխաւորութեամբ: Հիմնադիր 9 անդամներու կազմին մաս կը կազմէր Անդրանիկեան, դառնալով նորակազմ միութեան առաջին գանձապահը, առաւելաբար իր ելեւմտական հմտութեան համար: Իսկ Միութեան ատենադպիրի պաշտօնը կը վստահուի Տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեանին, որ պիտի դառնար երեսփոխան՝ Օսմանեան կայսրութեան խորհրդարանին: Միութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը կը վստահուի յայտնի իրաւաբան՝ Վահան Մալէզեանին:
Երախտաւորը իր միութենական խանդավառութեան կողքին, նաեւ սկսած էր անձնական իր շահարկման ծրագիրները ու դարձած էր փնտռուած ու փորձառու՝ շահարկման ծրագիրներու ասպարէզէն ներս:
1908-ի Հոկտեմբերին, երբ Միհրան Տամատեանի ատենապետութեամբ՝ արմենականներու եւ վերակազմեալներու միաձուլումով կեանքի կը կոչուի Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւնը, Աղեքսանդրիոյ մէջ, Անդրանիկեան, Մալէզեան, Տաղաւարեան ու Բարեգործականի փոխ-նախագահ՝ Երուանդ պէյ Աղանթօնը մաս կը կազմեն հիմնադիր կազմին ու Բարեգործականի միջոցաւ կը սատարեն հայ քաղաքական ու իսկապէս ժողովրդավար կուսակցութեան վերելքին:
Հակառակ իր անձնական գործին մէջ մխրճուած ըլլալուն, Անդրանիկեան նորակազմ համահայկական միութեան կազմակերպչական գործին փարած էր:
Բարեգործականի Գահիրէի մէջ կազմաւորումը, դարասկիզբին, վարակիչ դարձուցած էր այլ փոքրաթիւ գաղութներէ ներս միութեան աշխատանքները խանդավառութեամբ դիմաւորելը:
Եգիպտահայ հաստատուած գաղութի բարօրութիւնը անվերապահ կը վայելէր Պօղոս Նուպարի գլխաւորութեամբ ծաւալող կազմակերպութիւնը, որուն ելեւմտագէտ մասնագէտն էր՝ Անդրանիկեան:
Միութեան առաջին ու կարեւոր նպատակներէն մէկը կը հանդիսանայ՝ սատարել հայ եկեղեցւոյ կառոյցին, ինչպէս նաեւ՝ օժանդակել Կիլիկիոյ ու Արեւմտեան Հայաստանի գաւառներու հայութեան, որոնք կը գտնուէին ոչ շատ փայլուն ու յուսադրիչ վիճակի մը մէջ: Միութեան փոխ-նախագահ Աղաթօնը այնքան խանդավառ էր Անդրանիկեանի կարգապահութեամբ, որ որոշում անցընել կու տայ, թէ միութեան բոլոր կազմակերպչական ծրագիրները ըլլան Անդրանիկեանի գիտակցութեամբ: Կարճ ժամանակի մէջ Անդրանիկեան իր արհեստավարժ փորձառութեամբ կը կարգաւորէ Միութեան ելեւմուտքը ու Բարեգործականի Կեդրոնական վարչութեան ժողովը կ’ունենայ իր սեփական գրասենեակը ու պաշտօնէութիւնը, որոնք ընդհանուր տնօրէն Վահան Մալէզեանի գլխաւորութեամբ սկիզբ կը դնեն Բարեգործականի հետագայ կառոյցին:
Երախտաւորին կը վիճակուի Մալէզեանի հետ, մանաւանդ Տաղաւարեանի թելադրութեամբ, ճամբայ ելլել դէպի Արեւմտեան Հայաստան, ուր երկուքն ալ իրենց ծննդավայրը այցելելէ ու հանդիպելէ ետք Պոլսոյ Պատրիարքին, նախ կ’ուղղուին դէպի Վան ու հոն եղած Ազգային վարժարանը կ’որոշեն ընդարձակել՝ Բարեգործականի օժանդակութեամբ:
Վանի Միացեալ ընկերութեան վարժարանը, որուն հոգատարութեան պարտականութիւնը ստանձնեց Հ.Բ.Ը. Միութիւնը, վարժարանի տնօրէն՝ Յովսէփ Գույումճեանը վերածեց վարժապետանոցի: Հետագային մեծ եղեռնէն ճողոպրած, ան հաստատուեցաւ Գահիրէ ու գաղափարի իր ընկերոջ՝ Անդրանիկեանի հետ եգիպտահայ գաղութի առաջնորդներէն դարձաւ:
1913-ի Պօղոս Նուպար կու գայ հաստատուելու Փարիզ, ուր Բարեգործականի Կեդրոնական վարչական ժողովն ալ կը գործէ, վայելելով ֆրանսահայ գաղութին յարգանքը: Երախտաւորը, այդ շրջանին եւս, որպէս հիմնադիր անդամ, կը մնայ կազմին մէջ, որպէս հեռակայ պատուակալ անդամ:
1914-ին պաշտօնապէս հանգստեան կը կոչուի Անդրանիկեան՝ իր արհեստէն, միեւնոյն ժամանակ պահելով նուպարեաններու ստացուածքներուն փոխանորդութիւնը: Իրեն համար հանգիստ չկար, մանաւանդ եգիպտահայ գաղութի ազգային կեանքէն ներս՝ Թեմական խորհուրդ, Բարեգործական եւ Ռամկավար կուսակցութիւն:
1915-ին, Գահիրէի մէջ, Վահան Թէքէեանի խմբագրութեամբ «Արեւ» օրաթերթը քաջալերող ու սատարողներէն մէկը դարձաւ երախտաւորը:
Մեծ եղեռնէն, ու մանաւանդ, Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, ան ամէն գնով կը ջանար Բարեգործականի միջոցաւ օժանդակել գաղթականներուն:
Յառաջացած տարիքին ան հետամուտ էր գաղութներու կայունացման ծրագիրներու ու գաղափարական Մամուլի տարածման գործին:
1939-ի Յունուարին, 88 տարեկան հասակին, երախտաշատ վաստակով, Գահիրէի մէջ ան իր աչքերը յաւիտեան կը փակէր, արժանանալով ազգային պատշաճ յուղարկաւորութեան:
ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ