Երկուշաբթի, 07. 10. 2024

spot_img

Մասնակի Խորհրդածութիւններ Կիլիկիոյ Անկախութեան Աքթին Հարիւրամեակին Առթիւ

Քսաներորդ դարու առաջին իննիսուն տարիներուն, առնուազն չորս առիթներով հայութիւնը մարտահրաւիրուեցաւ ինքնակառավարման: Կիլիկեան հայկական թագաւորութեան անկումէն՝ 1375էն մինչեւ Մեծ Եղեռն հայութիւնը ինքակառավարման փորձ չէր ունեցած բացի խիստ սահմանափակ, շատ տեղայնական, մասնակի, նեղ բնագաւառի հնարաւորութիւններէ, որոնք շատ նախնական տարրեր ունէին պետականութեան առաջնորդող ինքնակառավարման գործընթացէն:

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը անկիւնադարձային հանգրուան մըն էր այս առումով, նաեւ հայութեան համար:

Ցեղասպանութիւնը նախորդած հինգհարիւր տարիներու ընթացքին, առաջին անգամ Վանի մէջ էր որ հայութեան առիթ կը ներկայանար ինքնակառավարման: (Ոմանք կրնան մատնանշել Զէյթունի փորձը, բայց Զէյթունի պարագան շատ տեղայնական ու սահմանափակ էր, բաղդատմամբ՝ Վանի, որ պետութեան մը գոյառումին եւ գոյատեւման առարկայական բաղադրատարրեր ալ ունէր՝ ի տարբերութիւն Զէյթունի): Վանի – հայ հնագոյն մայրաքաղաքի – պարագային, ռուսական զօրքի գրաւման պայմաններուն մէջ, ռուսական հովանիի տակ յառաջացաւ պետականութեան առաջնորդող քաղաքական մարմին մը (political entity), որ գոյատեւեց 1915 Հոկտեմբեր-1916 Սեպտեմբեր շրջանին: Իսկ ռուսական զօրքերու լքումէն ետք, քաղաքական պարապը եւ յառաջացած այդ մարմինը ամբողջութեամբ անցաւ հայ տնօրինումի: Յառաջացաւ ժամանակաւոր իշխանութիւն, որ ջանաց վարել տարածքը մինչեւ նոր, նպաստաւոր պայմաններու ձեւաւորում:

Ինքնակառավարման երկրորդ առիթը Կիլիկիան էր, ուր զինադադարէն ետք, եւ Բրիտանիոյ ու Ֆրանսայի քաջալերանքով եւ աջակցութեամբ, ցեղասպանուած հայութիւնը մէկտեղուիլ սկսաւ հաւատալով յայտարարուած-չյայտարարուած, խոստացուած-չըսուած կիլիկեան հայկական պետութեան գոյառումին:

Երրորդ առիթը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման նախօրեակն էր: Պէտք է ըսել, թէ ինչպէս վանն ու շրջակայքը՝ Արեւելեան Հայաստանն ալ ունեցաւ երկրորդ եւ երրորդ առիթ ինքնակառավարման՝ եւ իրագործեց զայն, յառաջացնելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, ապա՝ Խորհրդային Հայաստանը, հուսկ՝ Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը (որ հետեւանքն էր Խորհրդային Միութեան տարանջատման):

Չորրորդ առիթը Խորհրդային Միութեան վերոյիշեալ տարանջատման հետեւանքով յառաջացած էր, այս անգամ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին եւ անոր տեղաբնիկ հայ բնակչութեան:

Հայ քաղաքական պատմագրութեան ճիտին պարտքն է այս չորս առիթներուն բաղդատական ուսումնասիրութիւնը, վերլուծութիւնը եւ հայութեան իրազեկումը՝ յանուն հայութեան քաղաքական մշակոյթի զարգացման, քաղաքական զգօնութեան, քաղաքագիտական գիտակցութեան աճին:

Ի դէպ, նման քաղաքական մշակոյթի մը զարգացումը անհատ պատմագիրին ուժերէն շատ վեր է: Ատոր համար պէտք է քաղաքական մտայնութեամբ մշակուած հայ պատմագիրներու դասակ, որ գործէ նիւթական ապահովութիւն ունեցող գիտական-ազգային հաստատութեան մը մէջ, ապահովուի իր շարունակականութիւնը եւ երաշխաւորուի մնայունութեամբ  յատկանշուող էոյթով մը, որ կրնայ միայն Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը ըլլալ ներկայիս: (Այս առումով,  նուազագոյնը կը գրեմ, չուզելով ծաւալիլ, սակայն դարձեալ պատկան մարմիններուն ընդգծելու արդէն բազմիցս, բազումներէ բազմաձայնուած think tankերու անհրաժեշտութիւնը):

Վերադառնամ ընձեռուած առիթներուն. եթէ թեթեւ մը քերթենք մակերեսը վերոյիշեալ չորս տարածքներուն ընձեռուած ինքնակառավարման հնարաւորութիւններուն պատմութեան, կրնանք որոշ ընդհանրական ուղղութիւններով երեւոյթներ նկատել.-

Ա.- Յառաջացած առիթները տեսնողներ եղա՞ն: Տեսնողները նախաձեռնեցի՞ն քայլի: Չտեսնողները աջակցեցա՞ն նախաձեռնողներուն. Հայկական Եսը ի՞նչ ըրաւ, կուսակցական հատուածականութիւնը նպաստե՞ց, դեր խաղա՞ց…

Բ.- Տեղական պայմանները թոյլատու էի՞ն. առկայ նպաստող եւ խոչընդոտող գործօնները հաշիւի առնուեցա՞ն, ի՞նչպէս զարգացուեցան փոխկապակցուած հարցերը, հայկական միջոցները վճռական դեր կրնայի՞ն խաղալ…

Գ.- Առիթը ի՞նչպէս օգտագործուեցաւ: Համապատասխան ղեկավարութիւն/գիտակցութիւն/պատրաստակամութիւն/ատակութիւն կա՞ր: Ղեկավարութիւնը կրցա՞ւ համատեղել նպաստող հայկական եւ օտար, հակադիր, առարկայական եւ այլ գործօնները. այս գործօնները որքա՞ն աշխուժ միջամտեցին-հակադարձեցին-ընդառաջեցին…

Դ.- Ի՞նչու յաջողեցաւ տեղ մը, ձախողեցաւ ուրիշ տեղ:

Յետադարձ հայեացքով երբ կը նայիմ անցեալի այս չորս իրադարձութիւններուն, միքանի հիմնական հարցումներ կը ձեւաւորուին մտքիս մէջ, որոնց պիտի ջանամ տալ իմ պատասխաններս:

Հ1.- Հիմա որ գիտենք Վանի ինքնակառավարման ձախողանքը, գիտելիքէ բացի ան ի՞նչ կու տայ մեզի:

Պ1.- Առաջին հերթին՝ դասեր եւ փորձառութիւն՝ թէ նման պարագայի ի՛նչեր են էականագոյն գործօնները: Ի՛նչպէս աւելի արդիւնաւէտ կրնայինք գործել:

2.- Հիմա որ կը վերյիշենք Միհրան Տամատեանի Օգոստոս չորսի Կիլիկեան Անկախութեան Աքթը, ի՞նչ կ’աւելնայ կամ կը փոխուի մեր մէջ:

Պ2.- Թէ՝ ինչու՛ կարելի չեղաւ մասնակի խմբաւորումները մէկտեղել, հակառակ որ բոլոր խմբաւորումներուն ալ նպատակը պետութիւն ունենալ էր: Անմիասնականութեա՞ն, ուշացա՞ծ նախաձեռնութեան, անյաջո՞ղ դիւանագիտութեան, ֆրանսացիին շա՞տ/անհի՞մն/անտրամաբանակա՞ն աստիճանի վստահելնուս, անվճռականութեա՞ն, ջարդի թրոմայի յաճախանքն ու վա՞խը, միջոցներու անբաւարարութիւ՞նը, արտասահմանի հայութեան դանդաղկո՞տ աջակցութիւնը, մեր անորոշութիւ՞նը, տարբեր մրցակից երազներու հակասութիւ՞նը (ծովէ ծով Հայաստան, Հայկական Վեց Վիլայէթներ, Կիլիկիոյ անկախութիւն), կիլիկեան տեղական քաղաքականութեան տկարութիւ՞նը, հայկական քաղաքական-ընկերային-տնտեսական համապատկերը չտեսնելու՞, միջազգային-շրջանային ուժերու յարաբերակցութիւնը չճանչնալու՞, մեր երազնե՞րը, իրատեսութեան պակա՞սը..:

Հ3.- Յետադարձ հայեացքով երբ նայինք 1918ին գոյառած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, ապա եւ անոր հիմամբ վերաձեւուած միւս երկու հանրապետութիւններուն՝ այս երեքը միասնաբար ի՞նչ կը պատգամեն մեզի:

Պ3.- Թէ՝ առաջին հերթին, պետականակերտումը անընդհատ ընթացք է իր վերիվայրումներով: Կարեւոր է որ այդ ընթացքը տեսլականներ ունենայ, ղեկավարուի տեսիլքի տէր հայրենասէր, իմաստնագոյն, պատմութեան խորամուխ, քաղաքագէտ, անքինախնդիր անձերով որոնք շրջապատուած ըլլան think tankերու սեռուցքին քաջատեղեակ տնօրէն-խորհրդականներով: Կարեւոր է որ պետականակերտումի գործընթացը ըլլայ պարտականութիւնը քաղաքական մշակոյթ ունեցող եւ ուղղորդող մտաւորականութեան, որ հանդուրժող է, ժողովրդավար է, անձնակեդրոն չէ, չի տեսներ ինքզինք իբրեւ հայութեան միակ փրկիչը, կը յարգէ ուրիշին կարծիքը եւ կ’որդեգրէ ուրիշի աւելի արդիւնաւէտ տեսակէտը (ես քիչը ըսեմ…): Կարեւոր է նաեւ որ պետականակերտումի գործընթացը գիտակցուի թէ՛ հայրենաբնակ եւ թէ՛ սփիւռքացեալ հայութեան կողմէ եւ բոլորը – ըստ իրենց առարկայական եւ ենթակայական պայմաններուն ու գործօններուն – լծուին այդ գործընթացին, Հայաստանը չսեփականացնեն, չնկատեն միայն իրենցը այլ՝ բոլորինը…:

Հ4.- Երբ կը նայիմ Ղարաբաղեան Շարժումին, ինքնորոշման պայքարին, առաջին հայեացքով կը թուի թէ, հայութիւնը լաւապէս օգտուած է վերոյիշեալ պատմական երեք իրադարձութիւններուն փորձառութենէն եւ գուցէ լաւապէս պատրաստուած էր ընձեռուած որեւէ առիթ, ինքնակառավարման մարտահրաւէր, նետուած ձեռնոց՝ վերցնելու: Յիրաւի, ղարաբաղեան ինքնակառավարման մերօրեայ պատմութիւնը ատիկա կը փաստէ:

Ընդունելով հանդերձ այս ըսուածին ճշմարտացիութիւնը, հարց կը բարձրացնեմ թէ եթէ հայութիւնը իրապէ՛ս լաւ դաս քաղած էր վերոյիշեալ պատմական երեք իրադարձութիւններու փորձառութիւններէն, ապա ինչու՛ այսօր Ղարաբաղը դանդաղ կը վերականգնի, իսկ Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը շատ մը բնագաւառներու մէջ կը խարխափէ, մինչ այլ բնագաւառներու մէջ՝ փայլուն եւ նախանձելի վիճակ մը կը դրսեւորէ…:

Վերադառնամ, սակայն Կիլիկիոյ: Ինծի համար հայութեան վերադարձը Կիլիկիա, վերաշինութեան ճիգը, հաւատքն ու երազը կիլիկեան պետութեան գոյառումին՝ կիլիկեան երկամեայ այդ փուլը վկայութիւնն են հայութեան՝ իր հայրենիքին հանդէպ ունեցած սէրին, հայութեան – այդ օրերուն տասանորդուած հայութեան – ներծին հսկայ ուժի գոյութեան, որ խլեակներէ պետութիւն ունենալու անհաւատալի, անհաւասար գուպարին իսկ մտնելու պատրաստակամ եղաւ:

Յարգա՛նք՝ այդ գուպարին իրենց ճիգը, միջոցները, կեանքը նուիրաբերած հայերուն, եւ յարգանք անոնց որոնք վերոյիշեալ յաջող ու անյաջող իրադարձութիւններէն իրենց փորձառութիւնը քաղած, այսօր համապատասխան իմաստունութեամբ հայութիւնը կը կերտեն…:

 

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին