Կիրակի, 07. 07. 2024

spot_img

Թուրքիոյ Թշնամական Քաղաքականութիւնը եւ Ռազմատենչ Վարքագիծը Հարաւային Կովկասը Նաեւ Մերձաւոր Արեւելքն Ու Հիւսիսային Ափրիկէն Ապակայունացնող Գործօններ Են

Վերջերս եւ միշտ, ատրպէյճանա-թրքական համատեղ զօրավարժութիւններ ընելու փաստը եւ անոր  վերաբերեալ Ատրպէյճանի թշնամական վերջին յայտարարութիւնները պէտք է նկատել համատեղ սադրանք՝ ուղղուած տարածաշրջանի լարուածութեան սաստկացումին։

Առանց թուրքիոյ անվերապահ աջակցութեան Ատրպէյճան  ի վիճակի չէ երկարատեւ ժամանակահատուածի մէջ Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն վրայ լարուածութիւնը պահպանել: Այս նկատառումներէն ելլելով մենք միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը պէտք է միշտ հրաւիրած պահենք թուրքիոյ թշնամական քաղաքականութեան եւ ռազմատենչ պահուածքին վրայ, որ ուղղուած է ո՛չ միայն Հայաստանի եւ Արցախի՝ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին դէմ ընդհանրապէս, այլ նաեւ աշխարհասփիւռ իւրաքանչիւր հայօճախի, մանաւանդ որ տարբեր երկիրներու մէջ, թրքական «օրհնութեամբ»  յանկարծ սկսան ատրպէյճանական կամ թրքամէտ գաղութներ եւ հաւաքականութիւններ ի յայտ գալ, որոնք կը սպառնան Հայ ժողովուրդի զաւակներուն ազգային, մշակութային եւ ֆիզիքական անվտանգութեան:

Հայաստանի դէմ ուղղուած թրքական վարքագիծի մասին նաեւ կը վկայեն վերջինիս լայնածաւալ ներգրաւուածութիւնը Նախիջեւանի մէջ։ Կարելի չէ անտեսել նաեւ Թուրքիոյ դերը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վերջերս տեղի ունեցած բախումներում. Թուրքիան միակ երկիրն էր որ իր բացայայտ եւ անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեց Ատրպէյճանին՝ Հայաստանի դէմ ուղղուած ռազմական արկածախնդրութեան։ Այս պահուածքը յստակօրէն ի յայտ կը բերէ թրքական հին ու նոր փանթուրանական ծրագիրը, որուն մասին նաեւ վերջին համատեղ զինավարժութիւնները շատ բան պէտք է ըսեն Ռուսիոյ,  Իրանին եւ ինչու չէ նաեւ՝ Չինաստանին: 

Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ նախագահ Էրտողանի, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու կողմէն վերջերս եղած յայտարարութիւնները, բացի լարուածութիւնը խրախուսելէն, կը վկայեն նաեւ Հարաւային Կովկասի հանդէպ այդ երկրի տարածաշրջանային նկրտումներուն մասին, որոնք թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կը փորձէ հիմնաւորել այսպէս կոչուած «պատմական առաքելութեամբ»։ Հայաստանի, Արցախի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին համար այս մօտեցումները կը յիշեցնեն անցեալ դարասկիզբին՝ թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած ու գործադրուած  Հայոց Ցեղասպանութիւնը ու անոր միջոցով թուրքիոյ հետապնդած հայաջինջ քաղաքականութիւնը:

Նոյնն է պարագան Թուրքիոյ նկրտումներուն եւ զինուորական թէ «մարդասիրական» աշխոյժ գործունէութիւններուն Սուրիայէն մինչեւ Լիբանան եւ Լիպիա: Միեւնոյն «պատմական առաքելութիւն»ն է եւ արիւնարբու օսմանցիներուն իրաւայաջորդը ըլլալով հպարտ՝ թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններուն ախորժակը:

Լիբանանի մէջ այլեւս թաքուն չեն թուրքիոյ անմիջական միջամտութիւնները, իբր թէ մարդասիրական պիտակին տակ, որուն միջոցաւ՝ եւ ոչ միայն, ան կը փորձէ ենթահող պատրաստել Լիբանանի մէջ, իրեն յարմար մէկ պահուն յայտնուելու լիբանանեան հրապարակին վրայ, որպէս մեծ խաղացող:

Թուրքիոյ թշնամական քաղաքականութիւնը եւ ռազմատենչ վարքագիծը Հարաւային Կովկասը,  Մերձաւոր Արեւելքն ու Հիւսիսային Ափրիկէն ապակայունացնող գործօններ են, որոնց մասին պէտք չէ հպանցիկ եւ լուռ անցնիլ: Իւրաքանչիւր լիբանանահայու պարտականութիւնն է լաւ իմանալ, թուրքիոյ թշնամական դերին եւ գործունէութեան մանրամասնութիւններուն մասին եւ մօտէն հետեւիլ այս առնչութեամբ իրադարձութիւններու լուրերուն եւ ամէն առիթով եւ պատեհութեամբ ու ամէն մակարդակի վրայ  յիշեցնել լիբանանցի մեր  եղբայրակիցներուն եւ արաբական աշխարհին ընդհանրապէս,  շրջանին մէջ թուրքիոյ սեւ անցեալին ու անոր հին ու նոր  նկրտումներուն եւ ախորժակներուն մասին, որ անպայմանօրէն աւելի եւս կրնան ապակայունացնել Լիբանանի եւ շրջանին արդէն իսկ պայթուցիկ իրավիճակը:

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

 

ԱՐՄԷՆ ՎԱՅԷՃԵԱՆ/ատենադպիր                  ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ/ատենապետ

 

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին