Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Լիբանան Մասնակի Արգելափակումներու Կը Դիմէ Մինչեւ 10 Օգոստոս

Լիբանանի Խորհրդարանը երէկ հաստատեց առողջապահական ընդհանուր զօրաշարժի ժամանակամիջոցը որ երկարաձգուեցաւ մինչեւ 30 Օգոստոս: Այս բանին  շարժառիթը անշուշտ քորոնա ժահրի նոր եւ վտանգաւոր ալիքն է, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ:

Պաշտպանութեան բարձրագոյն խորհուրդը երէկ առաւօտուն կառավարութեան յանձնարարեց այս ութերորդ երկարաձգումը, որ առիթը կու տայ կառավարութեան արտակարգ միջոցներ ձեռք առնելու դիմագրաւելու համար քորոնա ժահրի ստեղծած վտանգը ազգային ապահովութեան վրայ:

Յառաջիկայ Հինգշաբթի օրուընէ սկսեալ Լիբանան պիտի սկսի  գործի դնել միջոցառումներու նոր հանգրուան մը, որ պիտի պարտադրէ խումբերով ներկայութիւն ունեցող վայրերուն ամբողջական փակումը:

Այս մասնակի արգելափակումի միջոցառումը կը զուգադիպի Իսլամական Ատհա տօնին, որուն ընթացքին հաւատացեալներուն եւս պիտի արգիլուի կրօնական պաշտամունքի վայրեր յաճախել: Ճաշարաններն ու սրճարանները պիտի յաճախորդ հիւրընկալեն իրենց սովորական կարողութեան 50 առ հարիւր տարողութեամբ:

Մասնակի այս արգելափակումները պիտի տեւեն 30 Յուլիսէն մինչեւ 3 Օգոստոս: Որմէ յետոյ երկու օր դադարէ ետք պիտի շարունակուին 6 – 10 Օգոստոս:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին