Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը Յանձնեց 2019-2020 Տարեշրջանի 36 Շրջանաւարտներու Հունձքը

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի 2019-2020 տարեշրջանի շրջանաւարտից հանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 24 Յուլիս 2020-ի, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ՝ ներկայութեամբ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի, դպրոցի տեսչական եւ ուսուցչական կազմի, ծնողներու եւ հարազատներու:

Երեսունվեց շրջանաւարտներու մուտքին յաջորդեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ – Հարպոյեանի քայլերգներու ունկնդրութիւնը:

Շրջանաւարտներէն Խաչիկ Օքսազեան, Մելինա Լիպար եւ Սթեֆանի Փափազեան յաջորդաբար փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքը հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Բոլորն ալ իրենց յուզումները արտայայտելով, շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեցին վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին եւ մանաւանդ իրենց ծնողներուն, որոնց շնորհած հոգեւոր, կրթական, դաստիարակչական ու գիտական պարգեւներով պատրաստ են վճռական ու հաստատ քայլերով նետուելու կեանքի նոր հանգրուան…

Յայտագրին գեղարուեստական բաժնով խումբ մը աշակերտուհիներ հանդէս եկան «Սասնայ պար»-ով: Սասունցիներու հզօր կամքն ու յաղթական ոգին տիրած ըլլալով, կարելի չէր 2019-2020 տարեշրջանի Լիբանանի ու Հայաստանի մշուշապատ իրավիճակին չյաղթահարել, հայ երիտասարդի ուժգին ապրումը արտայայտեց շրջանաւարտ Մեղրի Էքշեան ըսելով. «Հաւատքի արեւը վառ կը շողայ մեր հոգիներուն մէջ, կեանքի գարունը մշտադալար կը ծաղկի մեր սրտերուն մէջ, Սասնայ արիւնը կատաղի կ’եռայ մեր երակներուն մէջ, յարութեան աւետիսը ցնծագին կը ցայտքի մեր մէջէն, քանի որ մենք ենք Արարատը, մենք ենք Արցախը, մենք ենք Տաւուշը, եւ մերն է յաղթանակը:», ապա խումբ մը տղաք հայոց տհոլի ու զուռնայի ձայնով թնդացուցին բեմը. «Եարխուշտա» պարով կարծես մշուշը փառատեցին, ոտքերու խփումով իրենց կամքը արտայայտեցին ու ձեռք-ձեռքի զարնելով կեանքը փառաւորեցին…Պատուի կենալով հայկական բանակը ողջունեցին, ուժ եւ կորով մաղթելով՝ անոր յաղթանակը ապահովեցին:

Ապա Մարկրիթա Մալտոսեան, Անդրանիկ Յորդանեան եւ Մեղրի Էքշեան կատարեցին «Տուն իմ հայրենի» երգը:

 

Շրջանաւարտներ Սինթիա Ժամկոչեան, Արեգ Չաղլասեան եւ Մոսիկ Քիւրքճեան դպրոցի վահանը, որպէս տգիտութեան դէմ պաշտպան, ինչպէս նաեւ պատուի ու յաղթանակի խորհրդանիշ, փոխանցեցին11-րդ դասարանի երկու աշակերտներու` Անժէլա Յովհաննէսեանի եւ Հրակ ՏԷրտէրեանին, որպէսզի յաջորդ սերունդը շարունակէ վարժարանին գոյերթը:

«Հայաստանի բարեւ» երգով շրջանաւարտները ճոխացուցին մթնոլորտը, որմէ ետք Կրէյս Քէօշկերեանի «You raise me up» երգի ընկերակցութեամբ, բոլորը իրենց երախտագիտութիւնը արտայայտող յատկանշական ճերմակ վարդով մը բեմէն վար իջան պատուելու իրենց ծնողները:

Ս. Խաչ – Հարպոյեանի Մեծաւոր Պրն. Արամ Գարատաղլեան բեմ բարձրացաւ փոխանցելու տնօրէնութեան խօսքը: Սկսելով ան յայտնեց, որ երկար տարիներէ ի վեր սփիւռքի հայկական կառոյցներուն եւ յատկապէս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հզօրագոյն մարտահրաւէրներէն մին եղած է հայկական կրթօճախի պահպանումն ու զարգացումը, սակայն 2019-2020 դպրոցական տարեշրջանը իր անսպասելի հարուածներով, սկսելով Լիբանանի ընկերատնտեսական վատթարացող իրավիճակէն, եւ անոր պատճառաւ ծնունդ առած ժողովրդային բողոքի շարժումներէն, շարունակելով պսակաձեւ ժահրի անկանխատեսելի սպառնալիքէն, եկաւ անգամ մը եւս փորձելու հայ դպրոցին ու կրթական մշակին արհեստվարժութիւնն ու աննկուն կամքը:

Անդրադառնալով 2019-2020 տարեշրջանի գործունէութեան՝ ան յայտնեց, որ ժողովրդային բողոքի շարժումներուն պատճառած փոթորկալի ու անապահով օրերու ընթացքին, վարժարանիս տնօրէնութիւնը մօտաւոր երկու շաբաթ դադրեցնելէ ետք դպրոցէն ներս դասաւանդութիւնը՝ շնորհիւ գիտակից ու հեռատես տնօրինումի, յաջողեցաւ այդ շրջանին կորսուած դասապահերը վերադասաւորմամբ մատակարարել աշակերտներուն, որմէ ետք աշխարհատարած համաճարակին դիմաց, տնօրէնութիւնս անգամ մը եւս ի գործ դրաւ իր բոլոր ուժերը, կարելիութեան սահմաններէն ներս ոտքի պահելու համար դպրոցական տարեշրջանը, մարզումներու ենթարկեց ուսուցչակազմը անցնելու համար առցանց ուսուցման, վարժարանս շուտով անցաւ «թուային աշխարհ»: Այս առթիւ, երեք ամսուան միջոցին մէջ, տեղի ունեցան աւելի քան ինը հարիւր ուղիղ եթերով առցանց դասապահեր, ինչպէս նաեւ աւելի քան երկու հարիւր յիսուն ուղիղ եթերով առցանց ուղղախօսական եւ հոգեշարժական դասընթացքներ ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներուն համար: Պատրաստուեցան աւելի քան չորս հարիւր յիսուն դասաւանդական տեսերիզներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան ութ հարիւր աշխատանքային վարժութիւններու թղթածրարներ: 

Ան նաեւ նշեց, որ վարժարանս առաջիններէն հանդիսացաւ կազմակերպելու պսակաձեւ ժահրի նիւթին շուրջ յատուկ բժշկական դասախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ ժահրէն նախազգուշանալու համար կարեւոր օգտաշատ գիտելիքներու արեւմտահայերէնով ներկայացումներու նախաձեռնութեան: Նախանձախնդիր ըլլալով անձնակազմին եւ այցելուներուն առողջապահութեան, տնօրէնութիւնս վարժարանէն ներս օգտագործեց մաքրութեան ու հականեխման արդիական լաւագոյն միջոցները: 

Գարատաղլեան շնորհակալութիւն յայտնեց ամենաբարին Աստուծոյ, որ միշտ Իր հովանիին տակ պահած է այս վարժարանը, ինչպէս նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին իր հայրական հոգատարութեան համար, ապա Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմի ու Զմմառու Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Վարժարաններու Վարչական Խորհուրդի Նախագահի տեղակալ Գերապայծառ Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ.Մուրատեանի, իր եղբայրական խրատներուն ու հսկողութեան համար, վարժարանիս տնօրէն եւ հոգեւոր հովիւ Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Վարժարաններու Վարչական Խորհուրդի անդամ-անդամուհիներուն, վարժարանիս ծնողական ու տիկնանց յանձնախումբներուն, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, Կիւլպէնկեան հիմնարկին ու «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամին: Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ օտարերկրեայ անանուն բարերարներուն, որոնց առատաձեռն նուիրատուութիւններով մեր վարժարանը կը շարունակէ կանգուն մնալ ի դէմ զանազան մարտահրաւէրներու: 

Վերջապէս խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ան ըսաւ. «Տարիներ շարունակ այս կրթօճախը ձեւաւորեց ձեր նկարագիրն ու հոգին, լուսաւորեց ձեր միտքերը, ինչպէս նաեւ ուղղակի եւ անուղղակի ձեւերով ձեզի պատրաստեց ապագային: Այս գեղեցիկ երեկոյեան յաջորդող օրերը այնքան ալ դիւրին կրնան չըլլալ, պիտի հանդիպիք զանազան խոչնդոտներու, դժուարութիւններու եւ փորձառութիւններու, ուր գործնականի պիտի դնէք ձեր հաւատքը, կամքն ու  տարիներու ընթացքին ամբարած գիտելիքները, եւ ձեր տքնաջան  ու արդար աշխատանքի պտուղներով պարտաւոր էք դառնալ հայ ազգին ու հայրենիքին պարծանքը…»:

Տնօրէնութեան խօսքին յաջորդեց վկայականաց բաշխումը, որմէ ետք Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան փոխանցեց իր հայրական պատգամը: Ան ուրախութիւնը յայտնեց, որ մինչ համայն աշխարհը կը տագնապի պսակաձեւ ժահրէն, առաւել եւս մինչ Լիբանանը կը տարուբերի քաղաքական, տնտեսական ովկիանոսի դժուարութիւններու մէջ, եկած ենք ուրախանալու, յոյսը ապրելու եւ հպարտանալու մեր աշակերտ-աշակերտուհիներով… Շնորհաւորեց վարժարանիտնօրէնութիւնը, անձնակազմն ու ուսուցչակազմը, ինչպէս նաեւ ծնողները, որոնք իրենց ծով համբերութեամբ կը հնձեն այն ինչ որ տարիներով ցանած ու խնամած են:

Հայր Սեպուհ աշակերտներուն ուղղելով խօսքը անոնց առջեւ պարզեց կեանքի զանազան տեսակի դժուարութիւնները, պատուիրեց՝ չվախնալ անկումներէ, քանի որ իյնալով ոտքի պիտի սորվին կանգնիլ… Մէջբերելով Պօղոս առաքեալի կորնթացիներուն ուղղած նամակէն. « Ձգտեցէք գերազանց պարգեւներու եւ ես  ձեզի ցոյց պիտի տամ լաւագոյն ճամբան» խօսքը, ըսաւ. «Ձեր պարտականութիւնն է ձգտիլ գերազանցին, ձգտիլ կարեւորագոյնին, ձգտիլ բարիին, լաւին ուգեղեցիկին, եւ Աստուծոյ  պարտականութիւնն է ձեզի ցոյց տալ լաւագոյն ճամբան որպէսզի կարենաք հասնիլ…»: Ան խրատեց անոնց, որ իրենց կեանքի ընթացքին շարունակեն խոնարհ աշակերտ մնալ,որպէսզի յաջողութիւններու արժանանան, նաեւ թելադրեց չմոռնալ Աստուծոյ ճամբան, չդադրիլ եկեղեցի յաճախելէ, չհեռանալ քրիստոսի ուսուցումներէն:

Յայտագրի աւարտին խումբ մը աշակերտներ ճոխացուցին մթնոլորտը «Together» պարով: Իսկ ելքին, իւրաքանչիւր շրջանաւարտ իր ծնողքին հետ յիշատակի նկար մը ունեցաւ: 

Յարգուած էին ընկերային հեռաւորութեան բոլոր պայմանները: 

Հանդէսը ցուցադրուեցաւ դիմատետրի առցանց ուղիղ եթերով:

 

 

 

 

 

 

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը       

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին