Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Հայոց Լեզուի Ուսուցիչներս (3)

1951-52 տարեշրջանը բաւական փոփոխութիւններ բերաւ Աբգարեանին. տարիներու տնօրէն Արմէն Ղարիպը եւ կարգ մը այլ «գաւազանակիրներ» դադրեցան անդամակցելէ  անոր կազմին, որմէ բաւական բան շահեցան  մեր…ափերը: 

              Հայոց լեզուի մեր նոր ուսուցիչն էր արտասովոր մարդ մը, որ միաժամանակ դպրոցի տնօրէնն էր: Ան հետեւեալ բառերով  նկարագրած է ինքզինք իր մէկ աշխատութեան մէջ.  «Մազերի տեղ մի անթափանց մացառուտ, գլխի վրայ՝ դաժան տեսքով մի հարազատ սիկիլիական մաֆիոզ… Ասացի՝ ուշադիր լինել սրան, պայուսակներից մէկը չանհետացնի» («Մեծերը եւ  միւսները», էջ 263):

             Ինքզինք այսպէս «սիկիլիական մաֆիոզ»-ի նմանցնող անձը ոչ աւելի, ոչ պակաս Անդրանիկ Ծառուկեանն էր՝ «Նայիրի»-ի հիմնադիրը,  տէրն ու տնօրէնը:

            Խոստովանիմ, որ մեր  մէջ ամէնէն հասունն ու  իրազեկն ալ ոչ մէկ գաղափար ունէր  իր մասին, իր՝ ազգային, գրական, գաղափարական ու հանրային փոթորկալի կեանքի հանգամանքներուն մասին, որոնք հետաքրքրական չէին  բնաւ, եւ հետագայ երկու տարիները շատ բան չփոխեցին մեր հետաքրքրութեան  այս մակարդակէն:

            Միւս կողմէ, սակայն, դժուար է պատկերացնել ուսուցիչ մը, որ իր արտաքինով թէ մտաւորական պաշարով, աւելի ճիշդը՝ ուսուցման եղանակով  ու նիստ-կացով, իր անհատականութեամբ, իր ողջ կերպարով  այնքան շուտ, այնքան խոր տպաւորէ իր աշակերտները, որքան այս նոր տնօրէնը, որ անբացատրելի հրապոյր մը ու  գրաւչութիւն մը ունէր մեր բոլորին համար:

            Հակառակ իր մեծղի կազմին՝ ան դասարան կը մտնէր մանր, զգուշ ու հանդարտ, կարելի է ըսել՝ յուշիկ քայլերով, կարծես բամբակի վրայէն կը քալէր եւ  կը վախնար գետին կոխելու: Հազիւ մտած՝  դէմքը թեթեւ մը ձախ կը թեքէր բարեւելու համար  մեզ (կամ ալ այնպէս կը կարծէինք, թէ կը բարեւէր)՝ գրեթէ առանց լսելի դարձնելու իր ձայնը ու արդէն հասած կ’ըլլար ամպիոնին, ուր ակնթարթ  մը կանգ կ’առնէր. անոր վրայ ելլելը  որոշ ճիգ կը պահանջէր իրմէ, քանի  ոտքերէն մէկը  շատ առողջ չէր  եւ թեթեւ կաղութիւն մը ունէր. թող որ  շատ վայելուչ ու գրաւիչ էր  այդ կաղութիւնը, այլեւ  մինչեւ իսկ… վարակիչ, ինչպէս շուտով յայտնի դարձաւ բոլորիս:

            Այո՜,  վարակիչ  էր այդ կաղութիւնը:

            Ու մենք շատ շուտ վարակուեցանք  անկէ:

            Վասնզի ամիսը չլրացած՝ դասարանի բոլոր  տղաքս սկսանք…կաղալ: Ծառուկեան այնքան տպաւորած էր մեզ,  այնքան համակուած էինք իրմով, որ իւրաքանչիւրիս մէջ յառաջացած էր իրեն նմանելու անդիմադրելի մարմաջ մը: Եւ որովհետեւ ուրիշ ոչ մէկ ձեւով կրնայինք նմանակել զինք կամ չափուիլ իր հետ, ապա կը մնար մէկ միջոց, այն է՝ կաղալ իրեն պէս,  մանաւանդ բակը, զբօսանքներուն եւ ի ցոյց աշակերտութեան, փողոցը:

            Այլեւ ի մասնաւորի դասարանին մէջ՝ իր ներկայութեան:

                                                                    *   *   *

            – Յովհաննէ՛ս, գրատախտակին առջեւ:

            Եւ  Յովհաննէս կ’ելլէ տեղէն, անշուշտ որոշ…դժուարութեամբ, մէկ ձեռքով կը բռնէ գիրքը, միւսը կը տանի զիստին՝ օգնելու համար, որ շատ  չցաւի ան, չի մոռնար դէմքին տալու այս բոլորին համապատասխանող սրտաճմլիկ արտայայտութիւն մը ու վերջապէս մեծ ճիգերով եւ ուժասպառ կը հասնի առջեւը գրատախտակին, որ նստած տեղէն հազիւ երկու մեթր անդին է:

            – Ի՞նչ ունիս,– դասը մոռցած կը հարցնէ Ծառուկեան:

            – Չեմ գիտեր, պարոն, կռնակի ցաւ մը, որ ոտքիս կը զարնէ կոր…

            Եւ անկեղծօրէն ալ չի գիտեր, որովհետեւ բնախօսական իսկական ցաւ մը հազիւ թէ գոյութիւն  ունենար:

            Քիչ ետք միւսը, յաջորդ օրը ես կամ չորրորդ մը եւ այսպէս ամէն օր ու շարունակ. ամէն մէկը պատրուակ  մը, շատ «լուրջ պատճառ մը» կ’ունենար կաղալու՝ կա՛մ պաղ առած կ’ըլլար, կա՛մ սխալ շարժում մը ըրած կ’ըլլար, կա՛մ ոտքը դարձած կ’ըլլար, կա՛մ ջիղը քաշուած կ’ըլլար…

            Մինչեւ որ օր մըն ալ չի դիմանար ու կը պայթի Ծառուկեան.

            – Ձեր մէջ մէկ հատ առողջ ոտք ունեցող չկա՞յ…

            Առողջանալ ուզող կա՞ր, որ առողջ ոտք ունենայինք, հապա որո՞ւ ձգէինք իրեն պէս կաղալու պատիւը: Կայի՞ն մեզմէ աւելի արժանաւորները:

*   *   *

            Տարիներ ետք բժշկական տարեգրութեանց մէջ կը կարդայի անցած-գացած պատմութիւններ, երբ աչքիս զարկաւ շատ ուշագրաւ դրուագ մը: 19-րդ դարու առաջին կէսին,– դուք ըսէք՝ երկրորդ քառորդին,– Անգլիոյ մէջ, աւելի ճիշդը՝ մի՛այն Լոնտոնի մէջ,  կը տիրէ  կաղութեան համաճարակ մը. երիտասարդ, առողջ, առոյգ  պատանիներ կը սկսին մէկ օրէն միւսը կաղալ: Օրուան լաւագոյն բժիշկները  կը փորձեն ախտաճանաչել այս արտասովոր երեւոյթը եւ ոչինչ կը հասկնան: Չեն հասկնար, որովհետեւ ժամանակով  Ֆրէօյտէն հեռու են տակաւին, մինչ անդին օրերը  կ’անցնէին,   եւ անոնց հետ կ’աւելնար զոհերուն թիւը՝ հակառակ ամէն տեսակ կանխազգուշական միջոցներու եւ խուսափողական  փորձերու՝ պետական թէ անհատական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ:

            Մինչեւ որ…

            Տասնամեակներ անց շատ երիտասարդ բժիշկ մը կը համարձակի յայտնել իր դասախօսներուն, թէ այս բոլոր կաղացողներուն ենթագիտակիցին մէջ կը գտնուէր…Լորտ Պայրընը,– այդ անգլիացի կաղ բանաստեղծը,–  որուն հմայքին զոհերն են այս պատանիները, քանի բոլորն ալ  ի խորոց սրտի կը ցանկային Պայրըն մը դառնալ՝  թէկուզ …կաղալով:

            Այս բոլորը տեղի կ’ունենան բանաստեղծին  փառքի օրերուն, երբ ամբողջ Անգլիան,– եւ ոչ միայն Անգլիան,– հարբած էր Պայրընի հանճարով, այլեւ անոր  ֆիզիքական տպաւորիչ գեղեցկութեամբ ու սիրային պատկերազարդ գայթակղութիւններու անվերջանալի պատմութիւններով, որոնք կը լեցնէին օրուան թերթերու էջերը, տուները, փողոցները, ամբողջ Լոնտոնը,   եւ  հետզհետէ պատճառ կը դառնային,  որ ան  չարախօսուէր ու բրտօրէն  հալածուէր   անգլիացի մաքրակրօններու (puritan)  կողմէ:

            Բայց ահա այս բոլորը իրապէս վերջ  կը գտնեն, երբ օր մըն ալ  անիծապարտ բանաստեղծը կ’ընէ շռնդալից յայտարարութիւն մը.  «Եթէ այս բոլոր ըսի-ըսաւներն  ու քսութիւնները ճիշդ են, ապա ես արժանի չեմ Անգլիոյ, իսկ եթէ սուտ են, ապա Անգլիան արժանի չէ ինծի»,–   կ’ըսէ ու կը խզէ իր բոլոր կապերը հայրենիքին ու ժողովուրդին հետ, կը ծախէ ողջ ունեցուածքը  եւ կը հեռանայ ընդմիշտ՝ հասնելու համար ի վերջոյ այդ օրերուն   իր անկախութեան համար մարտնչող Յունաստանը, որուն ազատամարտիկներուն   կը նուիրաբերէ  իր ամբողջ հարստութիւնը,  ուր եւ կը մեռնի  1827-ին՝ թոքատապի պատճառով:   

            Որմէ  ետք…կաղութեան ոչ մէկ պարագայ կ’արձանագրուի, իսկ «հիւանդ»-ներն  ալ  կամաց-կամաց կը վերագտնեն  իրենց առողջ ոտքերը…

            ճիշդ մեզի պէս:   

            Ուրեմն պատմութիւնն էր, որ այսպէս հաւատարմօրէն  կը կրկնէր ինքզինք յանձինս երկու մեծ, այլախոհ,  բայց խորապէս  առինքնող  բանաստեղծներու, երկուքն ալ կաղ, մէկը՝ անգլիացի, Լոնտոնի մէջ, միւսը՝ հայ, Պուրճ-Համմուտի մէջ::

            Իսկ մենք այդ պատմութիւնը նորովի կերտող ու անոր վաւերականութիւն դրոշմող անգիտակից դերակատարներն էինք:

            Է՜հ, մենք չըլլայինք ալ՝ հապա ո՞վ  ըլլար:

 

Անդրանիկ Ծառուկեան
Լորտ Պայրըն

 

 

 

 

 

 

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ       

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը       

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին