Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Նիստ Եւ Ընտրութիւններ. Շահէ Եպս․ Փանոսեան Ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ

Ուրբաթ, 24 յուլիս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Երեսփոխանական ժողովը Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ գումարեց նիստ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Եպս․ Փանոսեանին։

Աղօթքէն ետք, Կաթողիկոսական փոխանորդը ընթերցեց Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նամակը, որուն մէջ նշուած է, թէ «Նկատի ունենալով երկրէն ներս ստեղծուած տնտեսական տագնապը, անհրաժեշտ է, որ առաջնահերթութիւն տրուի ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու միտող աշխատանքներուն։ Սպասելի է, որ այս ծիրէն ներս կատարուող աշխատանքները առաւել ծաւալ ու շեշտաւորում ստանան յառաջիկայ շրջանին։ Յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի կրթական մարզին՝ մէկ կողմէն հետեւելով Կրթական նախարարութեան ցուցմունքներուն, եւ միւս կողմէ՝ անհրաժեշտ քայլերու դիմելով մեր աշակերտները մեր դպրոցներուն կապուած պահելու համար։ Վերջապէս, անհրաժեշտ է, որ կարելի բոլոր միջոցներով եկեղեցին իր ծառայութեամբ մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ դառնայ մնայուն ներկայութիւն»։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքը կը յայտնէ Կաթողիկոսական փոխանորդ Սրբազանին, Ազգային վարչութեան ու բոլոր մարմիններուն՝ իրենց կատարած աշխատանքներուն համար։

Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան համաձայն նիստին համար ճշդուած օրակարգին,  առիթ ընծայեց, որ ժողովականներ քննարկեն ու վաւերացնեն Ազգային երեսփոխանական ժողովի նախորդ նիստին ատենագրութիւնը: Այնուհետեւ, յաջորդաբար ներկայացուեցան ու քննարկուեցան Լիբանանի Հայոց Թեմի Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան 2018-2020 երկամեայ պաշտօնավարութեան շրջանի գործունէութեան տեղեկագիրները: Յառաջիկայ շրջանին համար ժողովականները նաեւ կատարեցին առաջարկներ ու թելադրութիւններ:

Ապա Ազգային երեսփոխանական ժողովը կատարեց հետեւեալ ընտրութիւնները.-

ա- Կրօնական ժողով՝ Արժ․ Տ․ Սիմէոն Քհն. Կարապետեան, Արժ․ Տ․ Նարեկ Ա. Քհն. Հէճինեան, Արժ․ Տ․ Սարգիս Ա. Քհն. Սարգիսեան, Արժ․ Տ․ Առաքել Քհն. Տմտմեան եւ Արժ. Տ. Մկրտիչ Քհնյ. Քէշիշեան։

բ- Ազգային վարչութիւն՝ Ռաֆֆի Սիսլեան, Գառնիկ Մկրտիչեան, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Յակոբ Լուսարարեան, Ռաֆֆի Կէօվօղլանեան, Նազօ Անտէքեան, Արամ Գալենճեան, Շաղիկ Կոկոնեան եւ Ժագ Տէմիրճեան։

Հաշուեքննիչ յանձնախումբ՝ Ալեքսան Մուրատեան, Սիւզի Սեմէրճեան եւ Սագօ Սիմիթեան։

Գառնիկ Մկրտիչեան ներկայացուց Ազգային վարչութեան Խառն ժողովին կողմէ առաջնորդի ընտրութեան համար տարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն պատկերը: Պարզուեցաւ, որ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ արդէն իսկ ներկայացուցած է ընտրելի միաբաններու եռանուն ցանկ մը` բաղկացեալ Մակար Եպս. Աշքարեանէ, Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեանէ եւ Շահէ Եպս․ Փանոսեանէ:

Այնուհետեւ, Ազգային երեսփոխանները միաձայնութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ ընտրեցին Գերշ. Տ. Շահէ Եպս․ Փանոսեանը:

Աւարտին, խօսք առաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Եպս․ Փանոսեան, որ հաստատեց, թէ հաւաքական ճիգով պիտի յաղթահարուին լիբանանահայութեան դժուարութիւնները, վստահեցնելով որ գաղութը բոլորին աշխատանքներով պիտի մնայ կանգուն, որովհետեւ լիբանանահայութիւնը Լիբանանի սահմաններէն անդին եւս ունի համահայկական առաքելութիւն։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ազգային երեսփոխաններուն՝ վստահութեան համար, խոստանալով որ յառաջիկային իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս պիտի դնէ ծառայելու եկեղեցւոյ եւ հաւաքականութեան։

 

 

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Լիբանանի Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Գումարուեցաւ

Լիբանանի թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը, որ գումարուեցաւ ուրբաթ, 24 յուլիս 2020-ին, կարեւորութեամբ անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրի եւ Լիբանանի տնտեսական տագնապի ստեղծած ճգնաժամային կացութեանց, որոնցմէ անմասն չէ լիբանանահայ համայնքը։ Ժողովը կատարեց հետեւեալ հաստատումները ․

Ա․ Որդիական սիրով կու գանք մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ վեհափառին, որ բարձրօրէն կարեւորելով լիբա-նանահայ գաղութի համահայկական դերակատարութիւնը, Կաթողիկոսութեան բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դրաւ լ լիբանանահայութեան օժանդակութեան գործին ու իր անձին հեղինակութեամբ կը շարունակէ զօրավիգ հանդիսանալ մեր գաղութին։

Բ․ Ազգային Առաջնորդարանը եւ անոր կից գործող մարմիններն ու կառոյցները, Առաջնորդ Սրբազանի գլխաւորութեամբ, գնահատելի ճիգով կը շարունակեն անսալ լիբանանահա-յութեան ընկերատնտեսական եւ առողջապահական կարիքներուն, յատկապէ՛ս մեղմելու համար կարիքաւոր զանգուածի դժուարութիւններն ու ցաւը։

Գ․ Գնահատելի է «Քորոնա»ի ճգնաժամային շտապի գործունէութիւնը, որ համայնքի բոլոր միութիւններուն ու կառոյցներուն կարելիութիւնները համախմբելով, յաջողեցաւ ամենա-կարճ միջոցին համավարակի կանխազգուշացման, կանխարգիլման ու հականեխումի ծառայութիւներ մատուցելու գործը կազնակերպել եւ  ժողովրդային օժանդակութեան ընդհանուր աշխատանքին ուղղութիւնը ճշդել: Հաւաքական այս ներդրումը միշտ՝ անցեա-լին եւ այսօ՛ր ալ, իր օգտաշատ արդիւնքը տուած է լիբանանահայ գաղութի բոլոր մարտա-հըրաւէրներու յաղթահարման ու դարձած հարուստ կենսափորձ մեր հաւաքական կեան-քին մէջ։

Դ․ Երախտագիտութեամբ կ՛ողջունենք Լիբանանահայութեան զօրակցութեան համար տարբեր գաղութներու մէջ նուիրահաւաքներ կազմակերպող կառոյցներն ու մարմինները, որոնք գործնապէս կը հաստատեն, թէ լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ իր ինքնուրոյն տեղն ու դերը ունենալ բովանդակ հայութեան կեանքէն ներս։

Ե․ Ստեղծուած համահայկական զօրակցութեան համար բարձրօրէն կը կարեւորենք Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի, Ս․ Էջմիածնի Կաթողիկոսութեան, Արցախի Հանրապետութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու օժանդակութիւն-ները։

Զ․ Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք հեռաւոր կամ մօտաւոր մեր բոլոր բարե-րարներուն ու նուիրատուներուն, որոնք հաւաքական ծրագիրներու յաջողութեան համար կը շարունակեն բերել իրենց անսակարկ ու կարեւոր մասնակցութիւնը։ Ժողովը կ՛ողջունէ նաեւ իրարօգնութեան համակող այս մթնոլորտին մէջ արտասահմանէն հասնող օգնու-թեան այն ձեռքերուն, որոնք հարազատին, հիւանդին, անկարին ու կարիքաւորին հասնե-լով, մեծապէս կը թեթեւցնեն մեր ժողովուրդին կարիքները։

Է․ Ազգային երեսփոխանական ժողովը մեծապէս գնահատելով նաեւ Լիբանանահայոց Թեմի եկեղեցիներուն, մեր միութիւններուն, բարեսիրական հաստատութիւններուն, կա-ռոյցներուն ու հայրենակիցներուն բոլորանուէր ճիգը,  կը հաստատէ որ լիբանանահայ գա-ղութը պիտի յաջողի յաղթահարել իր դէմ ծառացող այս ճգնաժամը ու կը վստահեցնէ, որ Ազգ. Առաջնորդարանը, մի՛շտ վստահելով մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներու անվերա-պահ աջակցութեան եւ ցուցաբերած բարձր գիտակցութեան, պիտի շարունակէ մատուցել իր ընկերային, մարդասիրական եւ կրթական ծառայութիւնները։

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Պէյրութ, 24/7/2020                                                  

 

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին