Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի հաւատարիմ բարեկամ ամոլ, փարիզաբնակ բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկ. ԱՐԱ ԵՒ ՍԻԼՎԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆներ, քաջ գիտակցելով այն ծանր պայմանները, որ լիբանանահայ վարժարանը կը դիմակալէ եւ զօրակցելով իրենց հոգեհարազատ դպրոցին՝ Վահան Թէքէեան Վարժարանին ու անոր կրթական ընթացքը առողջ եւ յարատեւ պահելու համար կը նուիրեն՝ 10.000.000 լ.ո.:

Լիբանանի ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններուն դիմաց զօրակցելու նպատակով, սրտաբուխ որեւէ նուիրատուութիւն,  օգտակար կրնայ հանդիսանալ բազմապիսի մարտահրաւէրներու դէմ պայքարելու եւ առաջընթաց ապահովելու համար։ 

Առ այս, լիբանանահայ կրթական օճախ` Վահան Թէքէեան վարժարանի Տնօրէնութիւնն ու հոգաբարձութիւնը, այսու կու գան իրենց խորին շնորհակալութիւնն ու երախտիքը  յայտնելու Տէր եւ Տիկ. Ահարոնեաններուն եւ այս առիթով բոլոր անոնց, որոնք Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական  տագնապալի այս օրերուն օգտակար կը հանդիսանան մեր կրթօճախին՝ նիւթապէս ու բարոյապէս,  որպէսզի շարունակուի ոսկեղնիկին ուսուցումը եւ հայ  աշակերտը չի զրկուի հայեցի տոհմիկ դաստիարակութենէ։

 

Վահան Թէքէեան Վարժարանի

Տնօրէնութիւնն եւ Հոգաբարձութիւն

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

 

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին