Ֆրանսայի Արտագին Գործոց Նախարար Ժան Իվ Լէ Տրեան իր հետ բերաւ յստակ եւ խիստ նամակ մը ուղղուած Լիբանանի ղեկավարներուն անմիջապէս ձեռնարկելու բարեփոխումներ: Այս բանը կը նկատուի կենսական ճամբան բանալու համար խոստացուած միջազգային օգնութիւններուն:
Տրեան Պէյրութ ժամանեց երէկ երեկոյեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան մը համար: Այս այցելութիւնը Եւրոպական բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը առաջին այցելութիւնն է Լիբանան նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք:
Ան այցելութիւններ պիտի Լիբանանի պատասխանատուներուն հետ յառաջ մղել փորձելով բարեփոխումներու թղթածրարը: