Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Մեր Կորուստները. Երեւանի Մէջ Մահացած Է Փրոֆ. Ռուբէն Սաքապետոյեան

Յուլիս 21ին, կեանքի 76 տարեկան հասակին, Երեւանի մէջ մահացած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրական հիմնարկիի Հայոց Լեզուի Ամբիոնի Փրոֆ., Բանասիրական Գիտութիւններու Դոկտոր. Ռուբէն Սաքապետոյեան:

Ռուբէն Սաքապետոյեան աւելի քան 50 տարի եղած է Երեւանի Պետական Համալսարանի հայոց լեզուի սիրուած դասախօսներէն: Արեւմտահայերէնի ջերմ պաշտպան եւ հմուտ մասնագէտ, ան հեղինակած է Արեւմտահայերէնի դպրոցական թէ համալսարանական դասագիրքեր, բառարաններ, ինչպէս նաեւ գիտական մենագրութիւններ: Ռուբէն Սաքապետոյեան շրջան մը եղած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Պէյրութի Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Կեդրոնի Վարիչը:

Այս տխուր առիթով «Զարթօնք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ողբացեալին ընտանեկան պարագաներուն, ազգականներուն, Երեւանի թէ Պէյրութի մէջ, ինչպէս նաեւ  մտերիմներուն եւ գործակիցներուն:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին