Չորեքշաբթի, 22 Յուլիս 2020-ի երեկոյեան, ՀԿԲՄ-ի Սահակեան-Լ.Մ. քոլեճի ուսանողական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական կուսակցութիւններու ուսանողական երիտասարդական միութիւններու հանդիպում:
Հանդիպումը առիթ էր միասնաբար քննարկելու վերջին օրերուն Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ ազրպէյճանական կողմին ձեռնարկած յարձակումները, որոնց թիրախ դարձան նաեւ քաղաքացիներ։ Ժողովականները որոշեցին շուտով գործնական քայլերու դիմել եւ հրապարակել զօրակցական ու դատապարտումի կոչ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ գործող դեսպանատուներուն յղել բողոքի նամակներ։
Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան լիբանանահայ երիտասարդութիւնը յուզող հարցերը: Կողմերը անհրաժեշտ նկատեցին հերթական հանդիպումներով քննարկել երիտասարդներուն վերաբերող տարբեր խնդիրներ ու զօրակցիլ լիբանանահայ երիտասարդութեան։
ՍԴՀԿ Տխրունի Ուս.-Երիտ. Միութիւն
ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւն
ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն
ՌԱԿ ԵՌԱԿ Երիտասարդական Միաւոր
ՌԱԿ Մ.Փորթուգալեան Ուսանողական Ակումբ