Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Արցախի Հանրապետութեան Մերձաւոր Արեւելքի մշտական ներկայացուցչութենէն պատուիրակութիւն մը այսօր այցելեց լիբանանահայ յարանուանութեանց երեք պետերուն՝ Լիբանանի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպիսկոպոս Փանոսեանի, Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կապրոյեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Կեդրոնական Մարմինի Ատենապետ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի, եւ անոնց փոխանցեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ պարոն Արայիկ Յարութիւնեանի յանձնարարականով եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար պարոն Մասիս Մայիլեանի գործադրութեամբ՝ Լիբանանի հայ գաղութին յատկացուած օժանդակութիւնը:

Լիբանանի այս ճգնաժամային օրերուն, Արցախը օգնութեան ձեռք երկարելով լիբանանահայ իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, թեթեւցնելու համար անոնց առօրեայ մտահոոգութիւնները՝ Արցախի Հանրապետութեան պետական պիւտճէէն Լիբանանի հայ գաղութին յատկացուց 10 միլիոն հայկական դրամ, որ պիտի տրամադրուի իւրաքանչիւր համայնքի զաւակներուն դեղօրայքի եւ սննդեղէնի պէտքերուն:

«Հայութեան բարոյական պարտականութիւնն է կանգուն պահել լիբանանի հայ գաղութը, որ միշտ տուած է եւ հասած է հոն ուր պէտք եղած է հասնիլ», նշեց Արցախի Հանրապետութեան Մերձաւոր Արեւելքի մշտական ներկայացուցիչ Կարօ Քէպապճեան, եւ աւելցուց՝ «Արցախը միշտ երախտապարտ եղած է եւ կը մնայ լիբանանահայ գաղութին, չմոռնալով անոր մեզի տուած անգին օժանդակութիւնը: Մեր մաղթանքն է, որ գաղութը եւ երկիրը շուտ դուրս գան այս կրկնակի ճգնաժամէն, եւ շուտով հանդիպինք Ազատ Արցախի մէջ»:

Հոգեւոր պետերը իրենց կարգին՝ շատ բարձր գնահատեցին Արցախի պետութեան կողմէ տրուած այս օժանդակութիւնը, յատկապէս ըսելով, որ բարոյական եւ խորհրդանշական մեծ արժէք ունենալով՝ յատկացուած գումարը շա՛տ աւելին է քան ինչ կ’ըսեն թիւերը:

Անոնք յոյս յայտնեցին, որ միասնաբար՝ շուտով դուրս պիտի գանք այս ճգնաժամէն, ու Հայաստանի եւ Արցախի երկինքներուն մաղթեցին խաղաղութիւն եւ կայունութիւն:

#####

 

 

 

 

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին